İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Yazıların kategorisi: “Hayeren”

ԳԵՐՇ. Տ. ԽԱԺԱԿ ԱՐՔ. ՊԱՐՍԱՄԵԱՆ ՄԱՅՐԱՔԱՂԱՔ ԱՅՑԵԼԵՑ

Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական Պատուիրակ Գերշ. Տ. Խաժակ Արքեպս. Պարսամեան 4 Փետրուար 2019, Երկուշաբթիայցելեց Մայրաքաղաք՝ Անգարա։ Նորին Սրբազնութիւնը, որուն կþընկերանար Մայր Աթոռոյ միաբաններէն Գերպտ. Տ. Շահէ Ծ. Վրդ. Անանեան, սոյն այցելութիւնը կը կատարէր յանուն Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի եւ նախապէս առնուած ժամադրութեան մըհամաձայն  ժամը՝ 11.00-ին ընդունուեցաւ Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարար Մէվլիւտ Չավուշօղլուի կողմէ։ Սոյն այցելութեան Իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան։ Շուրջ մէկ ժամուան մտերմիկ զրոյցի ընթացքին մեծայարգ Նախարարը յայտնեց, թէ Պետութիւնը տեղեակ է Պատրիարքականընտրութեան անցուդարձերուն եւ կը հետեւի զարգացումներուն։ Համբերութիւն պահանջեց, որպէսզի բարւոք լուծում գոյանայ։ Պատուիրակութիւնը յետ միջօրէին վերադարձաւ Ստանպուլ։ http://www.turkiyeermenileripatrikligi.org/site/hy/գերշ-տ-խաժակ-արք-պարսամեան-մայրաքաղաք/

Թուրքիայում հայերից մնացած գանձերը հանգիստ չեն տալիս անգամ օրինապահներին. Դիարբեքիրում նման հանցանքի պատճառով 4 ոստիկան է ձերբակալվել