İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ֆրանսայի թեմէն ներս վերջերս գումարուեցաւ Թեմական պատգամաւորական ժողով։ Մօտաւոր անցեալին զանազան հրաժարականներու բերումով ալեկոծեալ կացութիւն մը ստեղծուած էր Ֆրանսայի հայոց թեմէն ներս, ուր ներկայիս նոր ղեկավարութիւն մը ձեւաւորուեցաւ՝ պատգամաւորական ժողովի գումարման զուգահեռ։

Փարիզի «Նոր Յառաջ» թերթի հաղորդումներով, Պատգամաւորական ժողովը գումարուեցաւ 19 յունուարին՝ նախագահութեամբ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Վահան Եպսկ. Յովհաննէսեանի։ Այսպէս, Փարիզի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ Մայր տաճարին մէջ համախմբուեցան 24 աշխարհական եւ 17 կրօնական պատգամաւորներ։ Միեւնոյն ժամանակ, ժողովը եկաւ վերջ դնել Թեմական պատգամաւորական ժողովի երրորդ շրջանին։

Պատգամաւորական ժողովի դիւանին մաս կազմեցին՝ Սարօ Մարտիրեան (նախագահ), Ժիլպէռ Տէրտէրեան (փոխ-նախագահ), Տ. Յուսիկ Քհնյ. Սարգսեան (հայերէնի քարտուղար) եւ Տ. Մանուէլ Քհնյ. Ռաշօ-Յովհաննէսեան (ֆրանսերէնի քարտուղար)։ Ըստ օրակարգին, քննարկումներէ վերջ անցեալ շրջանի գործունէութեան վերաբերեալ տեղեկագրերը վաւերացուեցան։

Այնուհետեւ պատգամաւորական ժողովը միաձայնութեամբ վաւերացուց Ռոմանի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ ծուխի՝ թեմին եւ անոր պատգամաւորին ընդգրկումը՝ թեմական միութեան մէջ։

Այսպէսով՝ Ֆրանսայի կեդրոնական շրջանը ներկայացնող պատգամաւորականներու թիւը ութէն բարձրացաւ իննի։

Ֆրանսահայոց Թեմական պատգամաւորական ժողովի չորրորդ շրջանի աշխատանքները սկսան 30 աշխարհական եւ 17 կրօնական պատգամաւորներու ներկայութեամբ։ Թեմական խորհուրդի անդամ ընտրուեցան՝ Տ. Գրիգոր Աբեղայ Խաչատրեան, Տ. Աւետիս Քհնյ. Պալըքեան, Արմենակ Քուզուեան, Հայկազ Կէօրտէպաք-Տրդատեան, Յարութիւն Թոփճեան, Սօնա Ադամեան, Ռոպէր Ազիլազեան, Մաքսիմ Սվասլեան, Սիմոն Սիմոնեան, Ժիրայր Քարակէօզ, Արեգ Պաղտասարեան։

Ընդհանուր ժողովէն վերջ Թեմական խորհուրդի նորընտիր անդամները որոշեցին իրենց անդրանիկ ժողովը գումարել 23 յունուարին։ Այդ նիստին ժամանակ ալ ձեւաւորուեցաւ Թեմական խորհուրդի նոր դիւանը ըստ հետեւեալի.

Ռոպէր Ազիլազեան (ատենապետ), Հայկազ Կէօրտէպաք-Տրդատեան (փոխ-ատենապետ), Տ. Գրիգոր Աբեղայ Խաչատրեան (հայերէնի քարտուղար), Մաքսիմ Սվասլեան (ֆրանսերէնի քարտուղար), Արմենակ Քուզուեան (գանձապահ), Սօնա Ադամեան (փոխ-գանձապահ):

https://bit.ly/2TyQ7tV

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın