İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՍՕ ԽԱՉԻ 100-ԱՄԵԱԿԻՆ

100 տարի առաջ, երբ հայ կինը ընկերային եւ հասարակական կեանքին մէջ սահմանափակ դեր ունէր, Օգնութեան Խաչը փորձեց դրսեւորել հայ կնոջ ներքին կարողականութիւնը եւ մղել զայն դեր վերցնելու մեր ընկերային, հասարակական եւ քաղաքական հոլովոյթին մէջ, հաստատելով կառոյցներ, կազմակերպելով հասութաբեր ձեռնարկներ եւ ինքզինք պարտադրել որպէս այր մարդուն հաւասար կարողութիւններով օժտուած էակ։ 
Ներկայիս, 100 տարի վերջ, հայ կինը կը գործէ նոյն ոգիով, սակայն արդիական ոճով։ Ունի նուիրեալներու եւ ծառայողներու փաղանգ մը։ Ունի ՍՕ Խաչի աշխոյժ անդամուհիներ, տարեց, միջին տարիքի եւ երիտասարդ, որոնք հաւաքուած ՍՕ Խաչի Շրջանային Վարչութեան շուրջ հաւաքական ճիգով կը նպաստեն գաղութի զարգացման գործին մէջ։
ՍՕ Խաչի Շրջ.Վարչութիւնը 100-ամեակի սեմին, կազմակերպեց իր առաջին խորհրդաժողովը՝ Ուրբաթ 25 եւ Շաբաթ 26 Յունուար 2019-ին, նիւթ ունենալով «Հայ Կնոջ Դերը Գաղութի Զարգացման Մէջ», նախագահութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Ս. Արք. Սարգիսեանի։
Ուրբաթ, 25 Յունուար 2019-ի առաւօտեան ժամը 10։00-ին Սրբազան Հայրը, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Համայնքապետ Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեանի եւ խաչուհիներու ներկայութեամբ, այցելեց ՍՕ Խաչի Ընկերաբժշկական կեդրոն՝ իրազեկ դառնալու համար կեդրոնի շինարարական աշխատանքներուն։
Զոյգ կղերները այցելելով վերանորոգութեան մէջ եղող յարկաբաժինները, լսեցին զեկոյցները երկրչ. Կարպիս Թովմասեանի եւ երկրչ. Գէորգ Պէրպէրեանի, որոնք ինքնագոհ ոգիով կը տանին իրենց վստահուած գործը։ 
Կեդրոն այցելելէ ետք, խումբը ուղղուեցաւ «Լ.Շանթ» սրահ, ուր շուրջ 160 խաչուհիներ հաւաքուած էին ողջունելու համար իրենց հոգեւոր հովիւը։
Առաւօտեան ժամը 10։30-ին Սրբազան Հօր աղօթքով, ապա ՍՕ Խաչի քայլերգով պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ խորհրդաժողովին։ Նիստը վարեց Շրջ.Վարչութեան անդամ Թալին Մինասեան, ընկերակցութեամբ Լիզա Լալէեանի։ Ան հրաւիրեց Շրջ. վարչութեան ատենապետուհի Հռիփ Կանանեանը ողջոյնի խօսք ուղղելու ժողովականներուն, որոնք պատերազմի տեւողութեան կենսունակ պահեցին գաղութը։ Ան բարձրօրէն գնահատեց ՀՕՄ-ի Կեդր. Վարչութեան ամբողջական զօրակցութիւնը՝ սուրիահայութեան։ Յայտնեց, թէ 100 տարի առաջ Հայաստանի Հանրապետութեան կին քաղաքացիները մասնակցութիւն ունեցած են թէ՛ պետական եւ թէ հասարակական ոլորտներէն ներս, դիտել տալով որ այսօր մեր կիները նոյնքան եւ առաւել օրինակելի աշխատանքով, պատուով կը կատարեն իրենց առաքելութիւնը՝ ոչ թէ որպէս մնացորդները հին միութեան մը, այլ առաջնորդող դեր ունեցող կանացի կազմակերպութեան մը, ուր հայ կինը գիտակցած է իր սեռի ինքնուրոյնութեան ու ազգային կեանքին բերած իր ներդրումին կարեւորութեան։ 
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց միութիւնը հովանաւորող գերագոյն մարմինին, երեք համայնքապետներուն եւ թեմական իշանութիւններուն, որոնք կը կազմակերպեն մեր հոգեւոր եւ ընկերային կեանքը։ Շնորհակալութիւն յայտնեց խաչուհիներուն, որոնք օրինակ կը հանդիսանան անձնազոհ նուիրումի, իրենց զէնքը դարձնելով արիութիւն, աշխուժութիւն, նախաձեռնութեան ոգի եւ վճռակամութիւն։
Բացման պաշտօնական բաժինէն վերջ, խորհրդաժողովը իր գործընթացին անցնելով զեկուցում լսեց դարմանատան պատմութեան շուրջ, իր ծննդոցէն մինչեւ այսօր, համաձայն ժամանակի ընթացքին կրած միջավայրի փոփոխութիւններուն. զեկուցաբերն էր ՍՕ Խաչի վաստակաշատ անդամ Հուրի Տիլպէրեան։ Ընկերուհին Արխիւային սերտողութեամբ ներկայացուց դարմանատան ամբողջական պատմականը, յիշելով որ հայ կնոջ համար ՍՕ Խաչը նկարագիրի կազմութեան դարբնոց է, ուր կը կազմաւորուի տարեց թէ երիտասարդ սերունդներուն կեանքը։ Զեկուցաբերը թելադրեց անորոշ տեղեր չսպառել մեր ուժերը, այլ բաժին բերել համայնքի զարգացման ճիգին ու անոր հաւաքական կեանքին։ Յառաջիկային տուեալ նիւթին մանրամասնօրէն պիտի անդրադառնանք ՍՕ Խաչի 100-ամեակին նուիրուած հատորին մէջ։
Փոքր դադարէ մը ետք, Հրաւիրուեցաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. Վարչութեան անդամ դոկտ. Հուրի Ազէզեան՝ ներկայացնելու «Քրիստոնեայ Կրօնը եւ Հայ Կինը Ազգ-Եկեղեցի Շրջագիծէն ներս» նիւթը։ Մասնագիտական ենթահող եւ մօտեցում ենթադրող այս նիւթին մասին բանախօսը ներկայացուց իր տեսակէտերը Ս. Գրային մէջբերումներով, մեկնելով այն հաստատ իրողութենէն, որ կարելի չէ տարանջատել ազգն ու եկեղեցին, որուն շրջագիծէն ներս քրիստոնեայ իգական սեռին վերապահուած է նաե՛ւ ազգային առաքելութիւն։
Խորհրդաժողովի բ. նիստը յատկացուած էր Գերաշնորհ Սրբազան հօր ներկայացնելու «Հայ Կնոջ Դերը Գաղութի Զարգացման Մէջ» նիւթը։ 
Նիստը վարեց Շրջանային Վարչութեան անդամ Մարալ Տիքպիքեան, ընկերակցութեամբ Մարալ Տէրեանի։ Ան առաջին հերթին ներկայացուց սրբազան հօր կենսագրական տուեալները, ապա հրաւիրեց զինք փոխանցելու իր մտորումները հայ կիներու մասին, որոնք իրենց կեանքէն բաժին մը դրած են այս միութեան գանձանակին մէջ։
Սրբազան հայրը դրականի կողքին ունեցաւ մտահոգիչ արտայայտութիւններ կնոջ վերապահուած լիարժէք իրաւունքներու կապակցաբար։ Մատնանշեց, թէ հայ համայնքի զաւակներուն անդամ եղող կիները վերլուծականէն անդին գոյութենական են։ Անոնք ղեկավարելու յատկութիւն ունեցող էակներ են, որոնց կը պատկանի նաեւ բանալի պաշտօններ վարելու իրաւունքը։
Սրբազան հայրը մատնանշեց, թէ Աստուածատուր բարիք մըն է ՍՕ Խաչի ծնունդը մեր կեաքին մէջ։ Անոնք որ ստեղծած են օգնութեան խաչը, ազգային կեանքին մէջ բարեփոխութիւն կատարած են։ Այսօր երբ կը խօսինք ՍՕ Խաչի 100-ամեակի մասին, կը տեսնենք թէ անոր անդամներուն մեծամասնութիւնը իգական սեռին կը պատկանի, հակառակ իր ծննդոցի հիմնադիրներուն, որոնք մեծամասնութեամբ այրեր էին։ Հետեւաբար, կնոջական ներկայութիւնը մեր կազմակերպութեան ծառայութեան մէջ ճնշող մեծամասնութիւն պէտք է որ ըլլայ. Քանի որ ընտանիքի վերականգնումի եւ վերաշինութեան մէջ, մեծ դերակատարութիւն ունեցողը կինն է եւ ընտանիք հասկացողութիւնը պէտք է տանիլ մեր կառոյցներուն մէջ։
Սրբազան հայրը գնահատեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, թելադրելով որ ինքզինք համալրած իգական սեռը հաստատակամութեամբ, լաւատեսութեամբ, պահանջելով, խօսելով եւ պարտաւորեցնելով տէր կանգնի կնոջ իրաւունքներուն։ 
Խորհրդաժողովի գ. նիստը սկսաւ Շաբաթ առաւօտեան ժամը 10։30-ին վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեանի աղօթքով եւ ՍՕ Խաչի քայլերգով։
Նիստը վարեց Հռիփ Կանանեան։ Զեկուցաբերն էր Սուրիոյ Հայ Աւետարանական համայնքի համայնքապետ՝ Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեան նիւթ՝ «Դրական Մտածողութեան Զարգացման Մեթոտաբանութիւն»։ Կենսագրական տուեալներու ներկայացումէն ետք, բանախօսը հրաւիրուեցաւ փոխանցելու իր տեսակէտները դրական եւ ժխտական մտածողութեան շուրջ, որոնք իրարու հետ առնչուած են մեր առօրեային եւ վաղուան հետ։
Վերապատուելին ըսաւ, թէ դրական մտածողութիւն ունեցող մարդը կրնայ տեսնել անտեսանելին, կը զգայ անհասանելին եւ կը հասնի անկարելիին։ Հարցերուն եւ խնդիրներուն դրական դիտանկիւնէ մօտենալը կը նպաստէ աշխատանքի կեդրոնացում ունենալու եւ աւելի բարօր կեանքի ընթացք ապահովելու, ճնշուածութենէ ձերբազատուելու, դժուարութիւնները յաղթահարելու եւ ծառացած խնդիրները հեշտութեամբ լուծելու։
Բացասական մտածողութեան տէր անձը հարցերը կը բեւեռացնէ ընկալելով ատոր ամենավատ կամ ամենալաւ կողմերը։ Ան մեր կեանքը մթագնեցնող երեւոյթներէն մէկն է, որ արդիւնքն է ճնշուածութիւններու, Իսկ դրական մտածողութիւնը որ ի ծնէ չէ, մշակում է եւ զարգացում մեր կեանքին հետ կապուած երեւոյթներուն։
Վերապատուելին թելադրեց ժպիտով ընդունիլ բացասական իրավիճակները, միշտ դրական անձերով շրջապատուիլ, ամէն օր դրական մտածողութիւն մը զարգացնել մեր մէջ եւ յաղթահարել բոլոր տեսակի բացասական իրավիճակները։  
Շահեկան բանախօսութիւնը համեմուած էր տեսաերիզի ցուցադրութեամբ։
Ժողովականներուն յիշողութիւնները վերաթարմացնելու միտումով, յաջորդաբար այցելութիւններ կատարուեցան պատերազմի ընթացքին ռմբակոծման ենթարկուած՝ Ս.Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցին, Հայ Կաթողիկէ Մայր գթութեան եկեղեցին եւ Հայ Աւետարանական Էմմանուէլ եկեղեցին։
Ս.Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ շինարարական աշխատանքներուն շուրջ զեկոյց ներկայացուց Երկրչ.Կարպիս Թովմասեան, իսկ եկեղեցւոյ պատմականը՝ Դոկտ.Հուրի Ազէզեան։
Հայ Կաթողիկէ Մայր գթութեան եկեղեցւոյ շինարարական աշխատանքներուն եւ պատմականին զեկոյցը փոխանցեց՝ Տէր Կոմիտաս քհնյ. Տատաղլեան։
Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեան մանրամասնօրէն ներկայացուց իր աւարտին հասած Հայ Աւետարանական Էմմանուէլ եկեղեցւոյ շինարարական աշխատանքները, որոնց ընթացքը ներկայացուած էր եկեղեցւոյ ներքնասրահէն ներս զետեղուած լուսանկարներով։
Ժողովականները շնորհակալութիւն յայտնելէ վերջ, վերաթարմացած վերադարձան Լ.Շանթ սրահ շարունակելու համար խորհրդաժողովի ընթացքը։
Դ.նիստը վարեցին Շրջ.Վարչութեան անդամներ՝ Սեդա Կէրկէրեան եւ Պայծիկ Չէրչեան, որոնք յաջորդաբար հրաւիրեցին ընկերուհիներ՝ Մարի Մխճեան, Անի Պարոնեան, Մարալ Սեմէրճեան եւ Մարինա Ներսէսեան ներկայացնելու, ՍՕ Խաչի Հալէպի՝ «Սեւան», «Անի», «Նայիրի» եւ Լաթաքիոյ «Շուշի» մասնաճիւղերու վերջին 35 տարիներու գործունէութեանց տեղեկագրերը տեսաերիզի ընկերակցութեամբ։ 
Խորհրդաժողովի վերջին զեկոյցը ներկայացուց ՍՕ Խաչ – Ազգային Պատսպարանի Յանձնախումբի ատենապետուհի Զեփիւռ Րէիսեան փոխանցելով 1919-ին Օրիորդաց Միութեան կողմէ ծնունդ առած եւ ցարդ իր գոյութիւնը արդարացուցած ՍՕ Խաչ – Ազգ. Պատսպարանին 100 ամեայ պատմականը։
Խորհրդաժողովը իր աւարտին հասաւ Շաբաթ երեկոյեան ժամը 5-ին ՍՕ Խաչի քայլերգով, ակնկալելով որ նոր իրագործումներու ճամբով շարունակուի ՍՕ Խաչի մարդասիրական առաքելութիւնը։

http://www.kantsasar.com/news/2019/01/31/41869/

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın