İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ ՊԱՏԳԱՄԸ 24 ԱՊՐԻԼԻ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԵԱՆ ԱՌԹԻՒ

Այսօր 24 Ապրիլ է: Տխրահռչակ օրն է  յիշատակման՝ մեր ազգի դար մը առաջ ապրած սոսկալի ողբերգութեան: Մեր պատմութեան ամենէն թանձրախաւար շրջանի մը սկիզբը խորհրդանշող չարաղէտ թուական մը, որ կը ծրէ կրկին մեր գլուխները գետին, սրտաճմլիկ խորհրդածելու համար  զգայացունց պատահարները:

Այսօր մենք կ՚անդրադառնանք Ա. Համաշխարհային Պատերազմին ու այս աշխարհաւեր պատերազմի տարիներուն ապրուած ողբերգութեան, քանի որ այս պատերազմի շրջանը կարեւոր անկիւնադարձ մը եղած է մեր ժողովուրդին համար, իր անուրանալի հետեւանքներով, զոր ծանօթ է մեզի «Մեծ Եղեռն» յորջորջումով:

Ժողովուրդ մը որ մեծաւ մասամբ խաղաղ կեցութեամբ հաւատարիմ քաղաքացին էր այն կայսրութեան, որուն զարգացման համար ըրած էր այն, ինչ որ կրնար ընել։ Ժողովուրդ մը, մեզի համար անհասկնալի պատճառներով մշակուած ու զարգացած քաղաքականութեան մը հետեւանքով պոկուած էր իր դարաւոր բնակավայրերէն։

Տարագրութիւն բառը իր ամենացաւառիթ երանգաւորումներով նաշխուած է մեր Հայեցի ինքնութեան վրայ։ Այդ դժբախտ կիրարկումը իր հետ բերած է վանքերու դատարկացում, աղօթատեղիներու ամայացում՝ հաւատացեալներէն, վարժարաններու զրկում՝ ուսուցիչներէն ու աշակերտներէն, առ հասարակ բնակավայրերը՝ իրենց բնակիչներէն։ 

Ընտանիքներ մատնուեցան ողբալու իրենց ծնողակորոյս եւ որդեկորոյս վիճակները։ Այրեր եւ կիներ, ծերեր եւ տղաներ, երիտասարդներ եւ կոյսեր հարկադրուեցան ընթանալ մահաբոյր ճանապարհէ մը։ Այսինքն ժխտական վիճակ մը, որուն հետեւանքով ժողովուրդ մը հարկադրուած էր իր խոցուած սրտին մէջ կրել անդառնալի ու անդարմանելի կորուստներու ցաւը հարիւրաւոր հազարներով։

Այս դէպքը անատոլուի տարածքին ժողովուրդներու խաղաղ համակեցութեան եւ կողք կողքի ապրելու փորձառութեան մեծ վնաս պատճառած է։ Այս անկիւնադարձին հարիւրաւոր տարիներու ընթացքին թափուած ճակտի քրտինքներու արդիւնքները անհետացած, նոյնիսկ առյաւէտ կորստեան մատնուած են։

Ի սփիւռս աշախրհի ցրուած մեր զաւակներուն պատճառաւ, սփիւռքը՝ որ իր մէջ կը պարփակէ Հայ ժողովուրդի երկու երրորդը, դարձած է ընկերաբանական ճշմարտութիւն մը։

Դարերու ընդմէջէն ընթացած աշխարհի պատմութեան թատերաբեմին վրայ չէ եղած շրջան մը, ուր պատերազմներ պատահած չըլլան։ Արցունքն ու սուգը եղած է  պատերազմներու հասարակաց յայտարարը, առանց նկատի ունենալու թէ ո՞ր կողմը դուրս եկած է յաղթական եւ կամ  պարտուած։ Բնականաբար մեր իրականութեան մէջ բացուած մեծ վէրքերը աւելի շատ կ՚արիւնին։ 

Բայց եւ այնպէս միայն իր ցաւերը գիտնալ եւ անոնց մասին արտայայտուիլը այս հողերու վրայ ապրած ժողովուրդներու ամենամեծ թերութիւններէն մին է։ Հայեր եւ այլ Քրիստոնեայ ժողովուրդներ՝ Յոյներ, Ասորիներ, Քաղդէացիներ, Հրեաներ, Իսլամ ժողովուրդներ՝ Թուրքեր, Քիւրտեր, Արաբներ, Չէրքէզներ, Պօշնաքներ, Լազեր, Ռօմաններ եւ այլք, բոլորը ունին դառն,  մաշած եւ մեծ վէրքերով լի պատմութիւններ, որոնք թաղուած են այս հողերուն տակ։ Իւրաքանչիւրը, որ վիրաւորուած է ծանրապէս եւ կամ նուազ չափով, ունի իր «ջարդ»ի պատմութիւնը։ «Կրակը ուր որ իյնայ, հոն կ՚այրէ» ասութեան ուղղութեամբ, այսօր մեր պատմութիւնը կը պատմենք։ Մեր ողբերուն ունկնդիր, մեր կորուստներուն նկատմամբ համակրական մերձեցում ցուցաբերող բարեկամ սրտեր գտնել կը փափաքինք։ Մենք ալ պէտք է լսենք անոնց պատմութիւնները, հասնինք հասարակաց յայտարարներու, որոնենք գործելու միջոցը եւ ձեւը որպէսզի նման դէպքերու յառաջացման ատակ այս աշխարահագրական շրջանէն ներս անգամ մը եւս այսպիսի ցաւեր չապրուին։  

Անցեալի աղէտներուն յառաջացուցած վէրքերու յորձանքէն պէտք է ուշ կամ կանուխ ձերբազատուիլ։ Սուգ պահելը ապաքինման ընթացք մը ըլլալով հանդերձ, զայն կարելի չէ ընկալել որպէս ընդմիշտ շարունակելի վարմունք։ Ահաւասիկ հազարաւոր տարիներ առաջ նման հարուածներու տակ տուայտող Իսրայէլացիներ երբ անցեալի դառն յիշատակներէն չէին կրնար ձերբազատուիլ, Աստուած Հին Ուխտի մարգարէներէն Եսայիի միջոցաւ կը յայտնէր, թէ սխալ էր իրենց որդեգրած յոռետես կեցուածքը եւ զանոնք կը հրաւիրէր յուսադրուելու. 

 «Առաջուանները մի՛ յիշէք, ու հին բաները մտքերնիդ մի՛ բերէք։ Ահա ես նոր բան մը պիտի ընեմ, որ հիմա պիտի յայտնուի։ Միթէ զանիկա պիտի չգիտնա՞ք։ Ես անապատի մէջ ալ ճամբայ պիտի բանամ Ու անջրդի երկրի մէջ գետեր պիտի բղխեցնեմ։ (Եսայի, 43.18-19)

Այս փառաւոր տիեզերքը ամէն օր նորանոր հնարաւորութիւններով, բոլորովին նոր հորիզոններու կը բացուի։ Ժամանակը միայն անցեալէն ու ներկայէն չէ որ կը գոյանայ։ Ապագան, հազարումէկ անակնկալներով պատրաստ է անհատներն ու ազգերը օրհնելու։ Անսպասելի անկիւններէն յոյս կը բղխի։ Բաւ է որ սերմը կարենայ ապրիլ. ան, ժայռերու մէջ անգամ իր ճանապարհը կը գտնէ։ Տիեզերքի արդար Տէրը հարկաւ թէ հալածուածներու համար «անապատի մէջ ճամբայ, անջրդի երկրի մէջ գետեր» պատրաստած է։ Իւրաքանչիւր օր կը ծնի նոր արեւածագով եւ նորանոր առիթներով։  Որպէսզի կարենանք սորվիլ մեր ներոյժին վստահիլ, լաւագոյնս գիտակցիլ մեր ի ձեռին ունեցած արժէքներուն, եւ գոհութիւն ու փառք տալ Աստուծոյ անսահման ողորմութեան փոխարէն, պարտինք անցեալի նեղութիւնները պահ մը մոռնալ։ 

Ահա այս իմաստութեամբ Հայ Առաքելական Եկեղեցին 2015 թուին, 24 Ապրիլի վրայէն  հարիւր տարուան սուգի քօղը վերցնելով զայն վերածած է արժանաւորապէս տօնելի Սրբոց Նահատակաց տօնակատարութեան։  

Մենք եւս, հետեւելով մեր երանաշնորհ նախորդ պատրիարքներուն  պիտի ներկայացնենք մեր  մաղթանքները վասն հաշտութեան, խաղաղութեան եւ բարեկամութեան Թուրքերու եւ Հայերու միջեւ։ Պիտի քաջալերենք որ վրայէն 109 տարիներ անցած դէպքերը հազարամեայ հասարակաց պատմութեան ցաւառիթ մէկ բացառութիւնը ընկալելով, յարաբերութիւնները անյապաղ հաստատուին դրացիական եւ հասարակաց շահու յայտարարարներու հիման վրայ։ 

Պարտինք յիշել նաեւ այն ամենամեծ ճշմարտութիւնը, ըստ որում մեր ապրած աշխարահագրական շրջանը պարտադրած է որ բազում ժողովուրդներ կողք կողքի եւ իրարու մէջ գոյատեւեն։ Անցեալէն փոխանցուած հարցերը պէտք է ձեռք առնել  այս լոյսին ներքեւ։ Բարեկամական կամուրջներ հաստատել, մշակութային եւ առեւտրական յարաբերութիւնները զարգացնել եւ այս աշխարհագրական շրջանը բոլորին համար շահաբեր եւ օրհնալի սեղանի մը վերածել մեր բոլորին եւ ի մասնաւորի քաղաքագէտներու պարտականութիւնն է։ Ասոր այլընտրանքը բաղխումներով ու պատերազմներով զիրար սպառող,  աղքատանալով խոպանացած աշխարհագրութիւնն է։ 

Այժմ, երկու ազգերու միջեւ քաշքշուքը, փոխադարձ ամբաստանութիւնը, վռիժառութեան կարգախօսները, իրաւունքի պահանջները, հայհոյալից  արտայայտութիւնը հարիւր տարի եւս պիտի շարունակե՞նք, թէ ոչ նոր սկիզբներու առիթ պիտի ընծայենք։ Կովկասներու հարիւրամեայ սառած շրջանը դար մը ե՞ւս պիտի շարունակենք, թէ ոչ պիտի ողջունենք ժողովուրդներու միջեւ հաստատելի խաղաղութեան գարնանային մեղմութիւնը։ Այս աշխարհագրական շրջանի ժողովուրդները, առանց տարուելու հեռաւոր երկիրներու գրգռութիւններէն, պիտի կարենա՞ն իրենց շրջանները ապագայ դարերու  երանութեան երկրին վերածել։

Այս հարցումներուն պատասխանները պիտի որոշեն  քաղաքագէտներն ու իրենց կողմէ զարգացած ռազմավարութիւնները։ Եթէ այս երկու ժողովուրդին հեռատես քաղաքագէտները,  մտաւորականներու ու գրչի մշակները, արուեստագէտներն ու կրօնաւորները նոր ձեւակերպեր ու եղանակներ չյառաջացնեն, այս աշխարհագրական շրջանը պիտի շարունակէ ըլլալ որպէս արցունքի հովիտ եւ տրտմութեան ամենամեծ բաժինը դարձեալ անմեղ ժողովուրդներուն պիտի վիճակի։ Դար մը առաջ 1914ին քաղաքագէտներ հարցերուն լուծումը պատերազմի մէջ գտան։ Իրենց ժողովուրդները համոզեցին, թէ պատերազմը անխուսափելի էր։ Արդիւնքը մարդկութեան համար դարձաւ ամօթի պատմութիւն մը։  Այսօրուան քաղաքագէտները  եթէ ընկալեալէն դուրս քայլեր առնելու քաջութիւնը եւ վարպետութիւնը  ցուցաբերեն, անկասկած  պիտի  տիրանան շրջանի ժողովուրդներուն դարուն խաղաղութիւնը  ներկայացնելու պատիւին։ 

Թուրքիոյ  Հանրապետութեան Պատմութեան մէջ Վսեմաշուք Նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտօղան եղաւ եզական դէմքը, որ թէ անցեալին որպէս վարչապետ եւ թէ յետագային որպէս հանրապետութեան նախագահ այս  յիշատակութեանց առթիւ հրապարակեց պատգամներ։ Այս պատգամներուն մէջ դրսեւորուած է ցաւակցական ոգի, նաեւ տարագրութեան դժբախտութիւնը ապրելով իրենց կեանքերը կորուսած մեր ազգի զաւակներու յիշատակներուն նկատմամբ արտայայտուած՝ յարգանք։ Ըստ մեզի այդ բոլորը տեղին կ՚ըլլայ արժեւորել դրական քայլեր, որոնք կրնան ապագային զարգանալ բաղձալի մերձեցումի մը ի նպաստ։  Վսեմաշուք Հանրապետութեան Նախագահի թանկագին պատգամին համար Նորին Վսեմութեան  կը յայտնենք մեր յարգանքն ու երախտիքը,  

Նախ եւ առաջ պէտք է բարեկամական ու անկեղծութեան կամուրջներ հաստատել։ Պատմական դէպքերու արժեւորումը միայն այսպիսի միջավայրի մը մէջ կրնայ շինիչ եւ գոհացուցիչ ըլլալ։ Վերջերս այս առումով յառաջացած դիւանագիտական ջանքերը մեզի գոհունակութիւն կ՚առթեն։ Ի բոլոր սրտէ կը մաղթենք որ սահմանները բացուին եւ Կովկասի շրջանը վերածուի բարեկամական միջավայրի մը եւ այս ուղղութեամբ աղօթք կ՚առաքենք առ Բարձրեալն Աստուած որ յաջողութեամբ պսակէ դիւանագիտական ջանքերը։

Մարդոց համար անկարելին, կարելի է Աստուծոյ համար։ Եթէ կը փափաքինք այս նպատակին հասնիլ պէտք է ունենանք բարի կամեցողութիւն եւ այս բարեկամեցողութեան կցել առ Բարձրեալն Աստուած առաքուած մեր աղօթքները։ Բարձրեալն Աստուած Թուրքիոյ եւ Հայաստանի հայրենակիցներուն սրտերուն հպի, որպէսզի կարենան ըմբռնել, թէ որքան կարեւոր է լաւն ու գեղեցիկը կերտել եւ ունենալ բարի դրացիական յարաբերութիւններ։ Աստուծոյ եւ Անոր շինարար միջամտութեան վստահինք։ Մեր դրացիներուն համար կ՚աղօթենք։ Մեր դրացիներն ալ մեզի համար աղօթեն եւ այսպէսով Թուրք եւ Հայ ժողովուրդներու միջեւ բարեկամական կամուրջ մը հաստատուի։ 

Երբ կը շարունակենք ապրիլ Քրիստոսի հրաշափառ Սուրբ Յարութեան աւետիսի ուրախութիւնը, թող Ամենաբարին Աստուած,  Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածնի, եկեղեցւոյ հին եւ նոր, ծանօթ եւ անծանօթ բոլոր սուրբերու բարեխօսութեամբ լսէ մեր աղաչանքներուն ձայնը։ Այլեւս վերջ գտնեն աշխարհաւեր պատերազմները, մարդկային իրաւունքներու սպառնացող կռիւները։ Աստուծոյ սէրը, ողորմութիւնը եւ շնորհները յաւիտեան թագաւորէ ի շինութիւն եւ ի բարօրութիւն համայն աշխարհի մարդկութեան, առանց ցեղի, ազգի եւ կրօնքի խտրութեան. Ամէն։

24.04.2024

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın