İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՀայԹերթի մասին

Հայթերթի սիրելի ընթերցողներ,
«ՀայԹերթ» լրատուական կայքէջը հիմնուած էր Թուրքիոյ հայերու քննարկումի հարթակներէն մին հանդիսացող «ՀայԼիսթ»ի վարիչներուն կողմէ՝ Մեսրոպ Բ. պատրիարքի նեցուկով ու առաջարկով, որպէս առցանց հրապարակուող միակ օրաթերթը։ 2001-2011 թթ.  hyetert.com հասցէին վրայ տեղադրուած կայքէջը, 2011-ին փոխադրուած էր blogspot։ Կայքը, զոր հիմնադիր ու հիմնադիր-խմբագիր Մուրատ Պեպիրօղլու 2011-էն մինչեւ իր մահուան օրը՝ 17 փետր. 2017 կը վարէր գրեթէ առանձինն, յուլիս 2017-էն մինչ օրս ակամայ դադրեցուցած էր իր գործունէութիւնը։ Այդ միջոցին ջնջուած էր նաեւ «Հայթերթ»ի առաջին տասնամեակի արխիւն ալ բովանդակող կայքի հասցէն ու պանակներուն մէկ մասը դարձած էր անհասանելի։ 2007-2011 թթ. բովանդակութիւնն ալ կորսուած էր, քանի որ անոնք չէին օրինակուած։
Ազատ Չան, Այտա Էրպալ եւ Մուրատ Էօզքան ուզեցին վերստին կեանք հաղորդել «Հայթերթ»ին, որ եղած էր Թուրքիոյ հայութեան գրեթէ վերջին քսանամեակի վկան, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ հայութեան հանրութեան ամբողջովին բաց յիշողութեան միակ վայրը։ Յիշեալ անունները գործի ձեռնարկեցին կայքէջի մը վրայ հաւաքելու համար «ՀայԹերթ»ի երկուքի բաժնուած եւ թեքնիք խնդիրներ ալ ունեցող արխիւը։ Յունուար 2018-էն սկսեալ, «ՀայԹերթ» նոր ենթակառուցուածքով ու վարիչներով կը շարունակէ իր կեանքը՝ ընդհատուած տեղէն, www.hyetert.org կայքի վրայ։
Ինչե՞ր կրնաք գտնել նոր կայքին վրայ։
2001-ին կեանքի կոչուած «ՀայԹերթ»ի նոր կայքին միջոցով հասանելի է ամբողջ բովանդակութիւնը՝ բացառեալ 2007-2011 թթ. մէկ քանի յղումները։ «ՀայԹերթ»ին կամաւորները կայքը նոր լուրերով թարմացնելու զուգահեռ, 2007-2011 թթ. լուրերուն մնացեալն ալ պիտի շարունակեն տեղադրել։ Այս ժամանակամիջոցին բազմաթիւ թերթեր ու կայքեր դադրած են գործելէ, իսկ անոնք, որոնք կը շարունակեն հրատարակուիլ, շատ անգամ կանոնաւոր արխիւներ չունին։ Կը խնդրենք մեր ընթերցողներէն, որ եթէ այդ միջոցին հրատարակուած լուրերը արձանագրած են իրենց պահոցներուն մէջ, կապ հաստատեն մեզի հետ՝ սեղմելով հետեւեալ յղումը։
Ինչպէս անցեալին, «ՀայԹերթ» պիտի շարունակէ ըլլալ հարթակ մը, ուր լուրերու կողքին պիտի ըլլան նաեւ հեղինակային յօդուածներ՝ կարեւոր նիւթերու շուրջ։
Կը մաղթենք, որ «ՀայԹերթ»ի վերադարձը եւ իր ընթերցողները ներքին ու արտաքին զարգացումներէ տեղեակ պահելու աշխատանքը ըլլայ բարեբեր, մանաւանդ այս շրջանին, երբ Պոլսոյ հայութիւնը կը գտնուի շրջադարձային նոր փուլի մը վրայ։
Սիրով ու յարգանքով՝
ՀայԹերթ
յունուար 2018
Յ.Գ.- «ՀայԹերթ»ի հիմնադիր նպատականերուն կարելի է ծանօթանալ այս, իսկ blogspot փոխադրութեան օրերուն գրառուած Մեր մասին յօդուածին ալ այս յղումով կրնաք ծանօթանալ։