İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Yazıların kategorisi: “Hayeren”

Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ ՏԱՂԱՒԱՐԻ ԱՄԵՆԱՓԱՅԼՈՒՆ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆԸ ՎԱՔԸՖԳԻՒՂԻ ՄԷՋ

Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնի առթիւ կազմակերպուած ուխտագնացութիւնը իրկատարին հասաւ տաղաւարի Ս. Պատարագով։ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 14 Օգոստոս 2022, Կիրակի առաւօտ նախագահեց ՄուսաԼերան Վաքըֆգիւղի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Ս. Պատարագին։ Ս. Պատարագը մատոյց Հաթայի Ս. Եկեղեցեաց հովիւ եւ գաւառի համայնքներու տեսուչ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Բրշ. Հրաչեայ Սրկ. Սուրէնեան, Բրկ. Կսրկ.ներ՝ Կարապետ Եոնթան, Հերման Վեսքէ, Եուսուֆ Ուր. Դպ. Թապաշեան եւ դպիրներ։ Ներկայէր նաեւ Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան ներկայ դպիրներու եւ հաւատացեալներու կողմէ, առաջնորդութեամբ՝ Բրկ. Ղազար Կսրկ. Սապունճուի։ Յաւարտ Ս. Պատարագի, Պատրիարք Հայրը քարոզեց ու բացատրեց Ս. Կոյս Աստուածամօրվերափոխումը՝ Անոր յետ մահու յարութիւնն ու երկինք փոխադրուիլը։ Նորին Ամենապատուութիւնըըսաւ, որ կարեւոր է Ս. Աստուածածնի Վերափոխման դէպքը քանի ան նախախայրիքն է մերյարութեան։Քանի գիտենք թէ Քրիստոնեայի համար մահը ոչնչացում չէ, այլ վիճակէ մը այլ վիճակիանցնիլ։ Եւ Տէր Յիսուս ունի խոստում, որ իր սիրելիներուն ապականման առիթ պիտի չտայ։Յարութիւնը քնանալու վիճակէն արթննալն է։ Այսօր մեր Եկեղեցին Տիրամօր յետ մահու երկինքփոխադրուիլը կը տօնախմբէ։ Քարոզի աւարտին, Մեր Հոգեւոր Պետը թափորով առաջնորդուեցաւ պարտէզ, ուր կատարուեցաւխաղողօրհնէք։ Ս. Պատարագը ուղիղ եթերով տեսասփռուեցաւ համացանցի միջոցաւ ( https://www.facebook.com/TRHayBad/videos/1086774395301561 )։ ԽԱՂՈՂՕՐՀՆԷՔ Նորին Ամենապատուութիւնը շարականներով, սուրբգրական ընթերցումներով եւ աղօթքներով, ապա ժողովուրդի եւս ձայնակցած ամէն ալէլուիաներով օրհնեց Եկեղեցւոյ դրան առաջ դրուածսեղանին վրայի խաղողի ողկոյզները, որպէս խորհրդանիշ տարուան ամբողջ բերքին եւառատութեան։ Խաղողօրհնէքի արարողութիւնը եւս ուղիղ եթերով տեսասփռուեցաւ համացանցի միջոցաւ ( https://www.facebook.com/TRHayBad/videos/419527833577865 )։ ՀԵՐԻՍԱՅԻ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆԸ Հուսկ, մեր Հոգեւոր Պետը առաջնորդուեցաւ հերիսայի կաթսաներուն գլուխը, ուր օրհնեց ՄուսաԼերան աւանդական հերիսան։ Նորին Ամենապատուութեան օրհնութեամբ իր աւարտին հասաւ եկեղեցական արարողութիւնը։ Ապա ներկաներ ստացան իրենց խաղողի եւ հերիսայի բաժինները։ Այսպէսով իր աւարտին հասաւնաեւ Մուսա Լերան այս տարուան աւանդական ուխտագնացութիւնը։ *** Եկեղեցական արարողութեանց աւարտին մեր Հոգեւոր Պետը ընդունեց պաշտօնական հիւրեր, որնց հետ մէկտեղուեցաւ սիրոյ սեղանի շուրջ։ Նոյն առթիւ եկած էին Սամանտաղի ԳաւառապետՄուրատ Քիւթիւք, Քաղաքապետ Ռէֆիք Էրեըլմազ, Սամանտաղի Միւֆթիւ Մէհմէտ Տէմիր, Սամանտաղի Զինուորային Հրամանատար Սէրվէթ Ասլան եւ Իսլահիյէի Քաղաքապետ ՔէմալՎուրալ։ Նորին Ամենապատուութիւնը ժամը 16.00-ին մէկտեղուեցաւ գիւղի մերազն ժողովուրդին հետ ուհաճելի զրոյց ունեցաւ իրենց հետ։ Պատասխանեց անոնց հարցումներուն։ Իսկ իրիկունը, Ծխական Խորհուրդն ու տիկիններ ընթրիքի սեղանով պատուասիրեցին մեր ՀոգեւորՊետը։ Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad