İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԱԶԳԱՅԻՆ ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ – ՆՇԱՆ ԵԱՂՈՒՊԵԱՆԻ 

Սուրբ Թագաւոր Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի նախորդ շրջաններու ատենապետ, ինչպէս նաեւհամայնքային հաստատութիւններէ ներս որպէս ճարտարապետ ընդարձակ ծառայութիւնմատուցած եւ ճարատարպետական վաստակով օտար շրջանակներէ ներս տիտանանձնաւորութիւն ընկալուած ՏԻԱՐ ՆՇԱՆ ԵԱՂՈՒՊԵԱՆ իր մահկանացուն կնքած է 9 Օգոստոս 2022, Երեքշաբթի, Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի մէջ։ Հանգուցեալը պատուուած էր նաեւՊատրիարքական Աթոռի Օրմանեան Շքանշանով։

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր բարձր տնօրինութեամբ, 12 Օգոստոս 2022, Ուրբաթ, ժամը 13.00-ին, Սկիւտարի Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ Ազգային Յուղարկաւորութիւն, որմէ յետոյ հանգուէցեալի մարմինը պիտի ամփոփուի Ուզունչայըրի Հայոց Գերեզմանատան մէջ։

Աստուած հոգին լուսաւորէ եւ երկնային անթառամ պսակներուն արժանացնէ։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın