İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

«ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ» ՍԻՒՆԱԿԻ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ ՆՇԵՑԻՆՔ ՄԵՐ ԽՄԲԱԳՐԱՊԵՏԻ ՏԱՆ ՄԷՋ

ՄԱՐՄԱՐԱ.- Մեր խմբագրապետ Ռ. Հատտէճեան միջոցէ մը ի վեր տունէն կþաշխատի, շարունակելով իր բարոյական ներկայութիւնը պահել Խմբագրատունէն ներս եւ հսկել կատարուած լրագրողական աշխատանքին վրայ։ 4 Օգոստոսը »Յուշատետր« սիւնակի տարեդարձի օրն է ու մինչեւ վերջին քանի մը տարիները, այդ օր միշտ հիւրեր կþունենայինք խմբագրատան մէջ, նաեւ »Յուշատետր«ի յոբելենական տարեդարձներու առիթով մեծահանդէս արարողութիւններ կը սարքուէին ընդհանրապէս Պէյօղլուի »Նարեկեան« սրահին մէջ։ Վերջին անգամ 4 Օգոստոս 2011ին »Յուշատետր«ի երեսնամեակն է որ մեր նախկին փոխխմբագրապետուհի Օր. Մաքրուհի Պ. Յակոբեանի կազմակերպութեամբ տօնախմբուած էր մեր Խմբագրապետի գրչեղբայրներու, գրասէր խուռներամ բազմութեան մը հետ միասին։

Տարիները սահեցան, պայմաններն ու առաջնահերթութիւնները փոխուեցն, բայց թերթի հաւատարիմ ընթերցողներուն համար միշտ փնտռուած սիւնակ մնաց »Յուշատետր«ը, որ այլեւս 41 տարեկան է ու կը շարունակէ ամէն օր ժամադրուիլ ընթերցողներուն հետ՝ ամենատարբեր նիւթերու շուրջ։

Շաբաթ օր կէսօրէ ետք անակնկալ մը ըրինք մեր Խմբագրապետին։ Մեր նախկին փոխխմբագրապետուհի, հայերէն լեզուի վաստակաշատ կրթական մշակ, գրագիտուհի՝ Օր. Մաքրուհի Պ. Յակոբեանը, ասմունքի իշխանուհի, Մարմարա-ի ու մեր խմբագրապետի հաւատարիմ բարեկամուհի՝ Սիլվա Կոմիկեան, համայնքային գործիչ, մեր ոսկեղնիկի ու հայ ինքնութեան ջերմ պաշտպան Տիկին Մարիամ Տրամէրեան եւ ես՝ Նաիրա Սիւզմէ, մէկտեղուեցանք իրարու հետ եւ գացինք Թարապիա, »Յուշատետր«ի տարեդարձը նշելու համար մեր սիրելի Խմբագրապետին հետ։ Անակնկալ էր մեր այցելութիւնը, որ անհուն հրճուանք պատճառեց Ռ. Հատտէճեանին եւ իր տիկնոջ, սիրելի Տիկին Սիւզանին։ Հոն էին նաեւ Պր. Արին ու Տիկինը՝ Գարոլին, Պր. Այգն ու Տիկինը՝ Թալին, նաեւ հայաստանցի օգնականուհի Տիկին Գայիանէն։

Ընտանիք էինք ու սեղանի շուրջ մէկտեղուեցանք. մեր զրոյցի կծիկը քակուելով մէկ նիւթէն միւսը կþանցնէր, հեռու եւ մօտիկ անցեալի յիշատակները հերթ չէին տար իրարու, այնքա՜ն շատ խօսելիք կար որ մէկ թէմայէն միւսը կþանցնէինք, վայելելով մեր խմբագրապետի թանկագին ներկայութիւնը։ Ըսելիքներ շատ ունէինք ու կþուզէինք ամէն ինչի մասին խօսիլ անոր, իր կարծիքը լսել, յուշերը թարմացնել, իր խօսքը մտիկ ընել եւ լիաբուռն վայելել այդ ժամերը։

Յետոյ շրջապատեցինք մեր Խմբագրապետը եւ ան կտրեց տօնական կարկանդակը, մինչ մենք բոլորս մեր մտքին մէջ կþաղօթէինք իր կենաց արեւշատութեան համար ու բարեմաղթանքներով կը շնորհաւորէինք »Յուշատետր«ի տարեդարձը։ 

Մեզի համար անմոռանալի ժամերը արագօրէն սահեցան ու ակամայ բաժնուեցանք Հատտէճեան ընտանիքէն, Ռոպէր-Սիւզան Հատճէճեաններու այդ մտերմիկ յարկէն, ուր հայութեան շունչը կը բաբախի իր բոլոր դրսեւորումներով։

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın