İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՕՐԸ ՆՇՈՒԵՑԱՒ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 7 Մայիս 2024, Երեքշաբթի, Հալիճի Ժողովի Դահլիճին մէջ մասնակցեցաւ Եւրոպայի օրուան նշման հանդիսութեան:

Հանդիսութիւնը կը կայանար Եւրոմիութեան Թուրքիոյ առաքելութեան ղեկավար դեսպան Նիքոլաուս Մէյէր-Լանտրուտի եւ Ստանպուլի Աւագ Քաղաքապետ Էքրէմ Իմամօղլուի համատեղ հրաւէրով:

Մեր Հոգեւոր Պետը շնորհակալութիւն յայտնեց դեսպան Նիքոլաուս Մէյէր-Լանտրուտին եւ Աւագ Քաղաքապետ Էքրէմ Իմամօղլուին հրաւէրին համար եւ շնորհաւորեց Եւրոպայի օրը:

Պատրիարք Հօր կ’ընկերանար գաւազանակիր Հոգշ. Տ. Գասպար Աբղ. Կարապետեան։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın