İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՄԵԼԻՆԷ ԹԱԼԱՍԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒԹԻՒՆ ՍՏԵՂԾԵՑ

Շաբաթ օր կէսօրուայ ժամերուն արուեստասէրներու կոկիկ բազմութիւն մը հաւաքուեցաւ Գատըգիւղի «Մեծ ակումբ»ի ¤Ժդիժլդ ւ’Ճիսդոէ_ մէջ, ուր նկարչուհի Մելինէ Թալաս, «Փարոս» ամսագրի կազմակերպութեամբ, իր անհատական երրորդ ցուցահանդէսը կը սարքէր «Հեքիաթային ճամբորդութիւն» կարգախօսին ներքեւ։

Թալաս 12 տարիէ ի վեր կը զբաղի նկարչական արուեստով՝ սկզբնական տարիներուն որպէս առաջնորդ ուսուցիչ ունենալով իրանցի նկարիչ Ժաւաթ Սիւլէյմանփուրը։ Ան երրորդ անգամ է որ անհատական ցուցահանդէս կը սարքէ։ Տարիներ առաջ ցուցահանդէսով մը զօրակցած էր «Զիպէչ»ին, 2018ին՝ Կեդրոնական վարժարանին, իսկ հիմա, ահաւասիկ երրորդ ցուցահանդէսը կը սարքուէր հասոյթէն բաժին մը տրամադրելու համար նաեւ Գալֆաեան վարժարանի կարիքներուն։

Այս անգամ Մելինէ Թալասի հետաքրքրութեան դաշտը իւղանկար կտաւներն էին եւ փասթել դրութեամբ ստեղծագործութիւններ, որոնք կը կեդրոնանան ճարտարապետական տարրերով պատկերուած մանրանկարչութեան վրայ։ Հետաքրքրութեան դաշտը «երեւակայական տուն»ն է՝ իր ուշագրաւ բաժանումներով եւ անկիւններով։ Նկարչուհին թռիչք տուած է իր ձիրքերուն եւ այդ մանրանկարներու մէջ «սեղմեցուցած» հեքիաթային ճամբորդութեան ակնթարթները։ Միւս կտաւները իւղաներկ աշխատանքներ էին։ Ընդամէնը ցուցադրուած էին 43 մանրանկարներ՝ որպէս վեց տարուայ աշխատութեան արգասիք։

Ինչպէս արդէն գրած էինք, ցուցահանդէսէն գոյացած հասոյթի մէկ մասը պիտի տրամադրուի Գալֆաեան վարժարանի կարիքներուն։ Ցուցադրութիւնը մէկ շաբաթ բաց պիտի մնայ եւ անոնք որոնք կը սիրեն նկարչութիւնը, առիթ ունին այցելելու ցուցահանդէս։

Կը շնորհաւորենք Մելինէ Թալասը։

Նկարին մէջ Գալֆաեանի Խնամակալութեան Ատենապետ Ալֆրէտ Սունա, Ատենապետի օգնական՝ Այգ Էրքման եւ Տիկինը՝ Թամար, Մասիս Ռիւսթէմ եւ տիկինը՝ Սէրլի, Վիլմա Գարա, խնամակալութեան անդամ եւ հիմնադրի ներկայացուցիչ Թամար Գարասու, տնօրէնուհի Թամար Նէրկիս եւ Փարոս ամսագրի խմբագիր Մայտա Սարիս՝ նկարչուհի Մելինէ Թալասի հետ։

https://www.normarmara.com/arsiv2024-1/220424lu.html

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın