İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԳԵՂԱՄ ԱՐՔ. ԽԱՉԷՐԵԱՆ ԸՆՏՐՈՒԵՑԱՒ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴ

Լոս Անճէլըսի «Ասպարէզ» օրաթերթի մէջ կը կարդանք.-

Ուրբաթ, 19 Ապրիլի առաւօտեան, ընթացք առաւ Արեւմտեան Ամերիկայի Կիլիկիան աթոռի Հայոց թեմի Ազգային երեսփոխանական 51րդ ժողովը ¤արտահերթ նիստ_, նախագահութեամբ՝ առաջնորդ Թորգոմ Արք. Տօնոյեանի, Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ «Աւետիսեան» սրահին մէջ։ Միօրեայ ժողովին ընթացքին, Արամ Ա. կաթողիկոսի պատգամը յոտնկայս ծափերով ողջունուեցաւ։

Ազգային երեսփոխանական ժողովը Թորգոմ Արք. Տօնոյեանէն միաձայնութեամբ խնդրեց առաջնորդական իր պաշտօնը շարունակել։ Սակայն, Թորգոմ Սրբազան, այս հանգրուանին իր թեկնածութիւնը ետ առաւ առաջնորդական եռանուն ցանկէն։

Ժողովին մասնակից հոգեւոր եւ աշխարհիկ երեսփոխանները փակ քուէարկութեամբ կատարեցին նոր առաջնորդի ընտրութեան քուէարկութիւնը, այդ ծառայութեան կոչելով Գեղամ Արք. Խաչէրեանը։ Ընտրութեան արդիւնը պարզեց հետեւեալ պատկերը՝ Գեղամ արք. Խաչերեան 27 ձայն, Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան՝ 7, ճերմակ քուէ՝ 6։

Այս առիթով, Թորգոմ Սրբազան, յանուն Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմին, շնորհաւորական խօսք արտասանեց եւ իր բոլորանուէր զօրակցութիւնը յայտնեց նորընտիր առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեանին եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր՝ իր աստուածահաճոյ եւ ազգանուէր առաքելութեան մէջ։ «Բոլորանուէր սրտով կը զօրակցիմ մեր նոր առաջնորդին՝ միաբանակից եղբօրս՝ Գեղամ սրբազանին», ըսաւ Թորգոմ արք. Տօնոյեան։ Նորընտրեալ առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեան 25 Ապրիլին Ամերիկա պիտի մեկնի։

https://www.normarmara.com/arsiv2024-1/200424lu.html

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın