İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Մելինէ Թալասի անհատական ցուցահանդէսը

ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԷՆ ԳՈՅԱՑԱԾ ՀԱՍՈՅԹԻ ՄԷԿ ՄԱՍԸ՝ ԳԱԼՖԱԵԱՆԻՆ

Նկարչուհի Մելինէ Թալաս որ համավարակի պատճառով երկար ժամանակ ընդմիջում տուած էր իր անհատական ցուցահանդէսներուն, դարձեա՛լ կը ժամադրուի նկարչական արուեստի սիրահարներուն հետ։

Ցուցահանդէսի բացումը պիտի կատարուի վաղը՝ 20 Ապրիլին։ Ներկայացուած են կտաւներ, ուր արուեստն ու մարդասիրութիւնը միահիւսուած են գեղեցիկ վրձնահարուածներու տակ։

Ցուցադրութեան վայրը Գատըգիւղի «Մեծ ակումբ»ն է (Circle d’Orient)։ Ցուցահանդէսի անունը «Հեքիաթային ճամբորդութիւն»։

Գնահատելի է այն որ նկարչուհին կտաւներու վաճառքէն գոյացած հասոյթի մէկ մասը պիտի յատկացնէ Գալֆաեան վարժարանի կարիքներուն։

Կը յանձնարարենք որ արուեստասէրներ բաց չթողուն ցուցահանդէսը եւ իրենց գնումներով զօրակցած ըլլան նաեւ Գալֆաեանին, որ նիւթապէս օժանդակութեան կը սպասէ թէ՛ անհատական, թէ համայնքային տեսակէտէ։

https://www.normarmara.com/arsiv2024-1/190424lu.html

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın