İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՄԱՀ ԹԱՏՐՈՆԻ ԱՇԽԱՐՀԻ ՆՈՒԻՐԵԱԼՆԵՐԷՆ ՀԵՐՄԱՆ ՕԶԻՆԵԱՆԻ

Ցաւով կը տեղեկանանք թէ իր մահկանացուն կնքած է պոլսահայ թատրոնի ու թատերական արուեստի նուիրեալներէն մէկը՝ Հերման Օզինեան։

Ողբացեալը ծնունդով Գատըգիւղցի էր։ Ուսում ստացած էր Արամեան-Ունճեան վարժարանի, յետոյ Սագըզաղաճըի Մխիթարեան եւ Բանկալթըի Մխիթարեան վարժարանի մէջ։ Թատրոնի աշխարհին մէջ իր առաջին քայլերը առած էր դպրոցական տարիներուն, բեմ ելլելով բեմադրիչ՝ Ողբ. Արթօ Պէրպէրեանի «Երկու ուսանող» անուն թատերախաղին մէջ եւ բեմը բաժնելով Գարմէն Թիւրապիքի հետ։

Կեանքի յաջորդող յիսուն տարիները եղած էին բեմին նուիրուած տարիներ։ Դերասանական իր կարողութիւնները բազմապատկուած էին Մխիթարեան, Գարակէօզեան, Պէզճեան եւ Կեդրոնական Սանուց Միութիւններու բեմերուն վրայ։ Աշխատած էր Ողբ. Միսաք Թորոսի, Ողբ. Արթօ Պէրպէրեանի, Ողբ. Հերմոն Վարիշի, Պերճուհի Պէրպէրեանի, Ստեփան Մելիքեանի ու Արամ Կոստանեանի հետ, դերեր ստանձնած՝ աւելի քան 30 ներկայացումներու մէջ։ Իրեն համար հոգեկան մեծ բաւականութիւն էր բեմը բաժնել թէ՛ իր դերասան ընկերներու, թէ՛ աւելի ուշ՝ անոնց զաւակներուն հետ։

Անմոռանալի յիշողութիւններ ունէր բոլորէն, բայց յատկապէս՝ Արթօ Պէրպէրեանէն, որու հետ ստեղծագործական համագործակցութիւնը դրուած էր ամուր հիմերուն վրայ։

Մինչեւ վերջին երկու տասնամեակը բեմերու վրայ էր, կը խաղար, նաեւ աշխոյժ մասնակցութիւն կը բերէր համայնքային գործունէութիւններուն, այս կարգին՝ ԶԻՊԷՉի հիմնադիրներէն մէկն էր։

Եղած էր Սանուց Միութեան վարչութեան Ատենապետ, միութենական շարժումի յառաջամարտիկ էր եւ աջակից բազմաթիւ ծրագիրներու։

Կնոջ մահէն ետք հեռացած էր Պոլիսէն եւ Տատչա հաստատուած էր, բայց երեք-չորս տարիէ ի վեր առողջական խնդիրներ, քալելու դժուարութիւն ունէր։ Վերջին շրջանին կը դարմանուէր Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի մէջ եւ հոն մահացաւ։

Կը ցաւակցինք իր դստեր՝ Այլին Օզինեանին եւ բոլոր մերձաւորներուն, նաեւ Պոլսահայ թատրոնի նուիրեալներուն, որոնք դերասան ընկեր մը, բարեկամ մը կորսնցնելու վիշտը կ’ապրին։

https://www.normarmara.com/arsiv2024-1/190424lu.html

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın