İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Հալէպի մէջ. Ազգ. Միացեալ Վարժարանի ընտանիքը ներկայացնող պատուիրակութեան այցը՝ Թեմակալ Առաջնորդին (Լուսանկար) 

Օրերս Հալէպի Ազգ. Միացեալ Վարաժարանի մեծ ընտանիքը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը այցելութիւն տուած է Թեմակալ Առաջնորդին։

Այս մասին «Արեւելք» կը կարդայ Թեմի դիմատետրեան էջէն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

Երկուշաբթի, 3 Ապրիլ 2023-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան Ազգ. Առաջնորդարանի իր գրասենեակէն ներս հիւրընկալեց Ազգ. Միացեալ վարժարանի Հոգաբարձութիւնը, Ազգ. Միացեալ Նախակրթարանի տնօրէնուհի տիկ. Նայիրի Քէօշկէրեան-Բանոյեան եւ Ազգ. Մանկապարտէզի մանկապարտիզպանուհի տիկ. Նուշիկ Օհանեան-Չաքրեան, մանկապարտէզի խումբ մը աշակերտներու հետ։ Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Ազգ. Վարչութեան անդամ տիար Գուրգէն Գալուստեան։

Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ ընթացող հանդիպումին, Ազգ. Միացեալ վարժարանի հոգաբարձութիւնը, տնօրէնուհին եւ մանկապարտիզպանուհին Առաջնորդ Սրբազան Հօր հովանաւորութիւնը խնդրելով, միասնաբար ճշդեցին աւարտական հանդէսներու թուականները։ 

Այս առիթով, Մանկապարտէզի փոքրիկները հիւրասիրութիւն փոխանցեցին Սրբազան Հօր։

Մակար Սրբազան իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցեց աշակերտներուն, նախակրթարանի ու մանկապարտէզի անձնակազմին, եւ բարեյաջող ու հեզասահ գործունէութիւն մաղթեց անոնց։

https://arevelk.am/articles/halepi-mej-azg-miaceal-varzharani-yntaniqy-nerkayacnvogh-patvouirakvouthean-aycy-themakal-arajnvordin-lvousankar?fbclid=IwAR1t1dzxdR45RTlxqfNunG111iKFg11pEn67UG4I6vG4ZvhAMiUkfuiipxI_aem_AU6w_YyLPacn42QYfV0z0o_lCxi-Tz_FMwAwZ_35Xga0Pdrysbu_1MmLvudlMSQrayPA3SG5eMpMa6RRu2qvWp6J

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın