İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՓԱՍՏԱԲԱՆ ՍԵԴՐԱԿ ՏԱՒՈՒԹՀԱՆ ԿԸ ՆՇԷ ԱՍՊԱՐԷԶԻ 50ԱՄԵԱԿԸ

Փաստաբան, իրաւագէտ, համայնքային գործիչ Սեդրակ Տաւութհան, որ իր ասպարէզին առնչակից գրութիւններով աշխատակցած է նաեւ մեր թերթին, կ’ամբողջացնէ մասնագիտական ծառայութեան 50ամեայ ոսկեայ յոբելեանը։

Թուրքիոյ Իրաւագէտներու կաճառի վարչութեան որոշումով, յառաջիկայ 15 Ապրիլին, Ճէմալ Ռէշիտ Ռէյ համերգասրահին մէջ մեծարանքի յատուկ հանդիսութիւն մը պիտի սարքուի։ Ծառայութեան 40, 50 եւ 60ամեայ յոբելեաններու առիթով յուշատախտակներ պիտի յանձնուին խումբ մը իրաւագէտներու։

Կանխայայտ շնորհաւորութիւն կը յայտնենք յարգելի Սեդրակ Տաւութհանին, առողջութեան եւ յաջողութիւններու մաղթանքներով։ 

https://www.normarmara.com/arsiv2024-1/090424lu.html

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın