İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՆՈՐ ԿԻՐԱԿԻՆ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒ ԴՐՍԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Նոր Կիրակին՝ այլ անունով Կրկնազատիկը Գումգաբու Դրսի Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ մէջ 7 Ապրիլ 2024, Կիրակի առաւօտ, Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ կատարուեցաւ մեծահանդէս արարողութիւն։

Ս. Պատարագը մատոյց Նորին Ամենապատուութիւնը, առընթերակայութեամբ Հոգշ. Տ. Շնորհք Աբղ. Տօնիկեանի եւ Արժ. Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեանի։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին սարկաւագներ, Աթոռոյս ժառանգաւոր սաներ եւ ուրարակիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարեցին Վառվառեան եւ Զուարթնոց Դպրաց Դաս Երգչախումբերու անդամները, ղեկավարութեամբ Բրշ. Ատրուշան Սրկ. Հալաճեանի։

Ի ժամ Ս. Պատարագի, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը քարոզեց, բացատրելով Տէր Յիսուս Քրիստոսի յարութեան դէպքը եւ Կրկնազատիկի՝ Նոր Կիրակիի իմաստը: Աստուած արարչագործութեան ժամանակ իր խօսքով ստեղծեց լոյսը եւ իր խօսքով ու լոյսով՝ ամէն ինչ: Բեթղեհէմի մանուկին մէջ կար այդ լոյսը եւ, ինչպէս Յիսուս ըսաւ, ով որ ուտէ Անոր մարմինը եւ ըմպէ Անոր արիւնը, ան յաւիտենական կեանք պիտի ունենայ: Այդ լոյսը իջաւ նաեւ գերեզմաններ եւ լուսաւորեց նաեւ մահացածները: Ս. Գերեզմանէն բղխածը յարութեան լոյսն է: Յարութեան լոյսով մենք նոր արարած կը դառնանք: Յարութեան լոյսը իւրաքանչիւր մարդու մէջ կ’աշխատի եւ նոր մարդը կը կազմաւորէ: Մարմինը կը մաշի եւ այդ նոր մարդը կը ձեւաւորուի: Այդ նոր մարդն է, որ պիտի շարունակէ ապրիլ մեր մարմնաւոր մահէն ետք եւ պիտի սպասէ դատաստանի օրը: Մենք ալ պէտք է օժանդակենք այդ նոր մարդուն կազմաւորումին:

Քարոզէն ետք մեր Հոգեւոր Պետը Պատրիարքական Աթոռոյ ժառանգաւոր սաներէն Արի Էքինճին սարկաւագ ձեռնադրեց, որուն կիսասարկաւագութեան կարգ շնորհած էր ժամերգութեան ընթացքին: Տուաւ անոր Սուրբ Ուրարը եւ Ս. Պատարագի եւ արարողութեան ընթացքին խնկարկելու, Ս. Պատարագին սպասարկելու պաշտօնները եւ օրհնեց զայն:

Յաւարտ Ս. Պատարագի՝ Սրբազան Պատրիարք Հօր գլխաւորութեամբ կատարուեցաւ մատաղի օրհնութիւն եւ ապա պաշտօն՝ Եկեղեցւոյ հիմնադիրներու, հանգուցեալ քարոզիչներու, հովիւներու, թաղային խորհուրդի անդամներու, հաւատացեալներու հոգւոցն ի հանգիստ։

Եկեղեցական արարողութեանց աւարտին, եկեղեցւոյ Վառվարեան Դպրաց Դաս Երգչախումբի սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։

Ս. Պատարագը ուղիղ եթերով տեսասփռուեցաւ համացանցի միջոցաւ ( https://www.facebook.com/TRHayBad/videos/828880232390794 ):

Լուսանկարներ՝ ԼՐԱԲԵՐ

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın