İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՅՈՑ ՎԻՃԱԿԱՒՈՐԻ ԱՅՑԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 22 Մարտ 2024, Ուրբաթ, ժամը 16.00-ին, ընդունեց Թուրքիոյ Կաթողիկէ Հայոց Վիճակաւոր Արհի. Տ. Լեւոն Արքեպս. Զէքիեանը, որուն կ՚ընկերանային՝ Գերյ. Տ. Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեան, Գերյ. Տ. Աբրահամ Ծ. Վրդ. Ֆրաթեան, Կաթողիկէ Հայոց Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ՝ Գրիգոր Ենալ Սուճու։ Հանդիպման ներկայ եղաւ Պատրիարքական Փոխանորդ՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։

Սիրալիր մթնոլորտին մէջ կայացած այցելութեան ընթացքին երկու հոգեւոր պետեր գաղափարի փոխանակումներ ունեցան Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի վախճանման 850-ամեակի յիշատակութեանց ծիրէն ներս մշակելի դէպի Հռոմկլայ ուխտագնացութեան կապակցութեամբ։

Նաեւ խորհրդակցեցան տկար ըմբռնողութեան տէր (օթիսթիք) տղոց դաստիարակութեան կապակցութեամբ Գրիգոր Ենալ Սուճուի առաջարկին մասին։

Գերապայծառ Տէրը, ընծայուած հիւրասիրութեան համար շնորհակալութիւն յայտնեց մեր Հոգեւոր Պետին եւ բաժնուեցաւ Պատրիարքարանէն։

https://www.normarmara.com/arsiv2024-1/p230324lu.html

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın