İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Ս. ԳՐԻԳՈՐ ՆԱՐԵԿԱՑԻԻՆ ՏՕՆԸ  ՀՌՈՄԻ «ՍՈՒՐԲ ՆԻԿՈՂԱՅՈՍ» ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԵԿԵՂԵՑԻԻՆ ՄԷՋ

Երեքշաբթի, 27 Փետրուար 2024-ին, երեկոյեան ժամը 6-ին, Տիեզերական Եկեղեցիին ծիսական օրացոյցին մէջ հաստատուած  Ս. Գրիգոր Նարեկացիին տօնին առիթով՝ Հռոմի «Սուրբ Նիկողայոս» հայ կաթողիկէ եկեղեցիին մէջ տեղի ունեցաւ հայրապետական Ս. Պատարագը՝ հանդիսապետութեամբ Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս-Պատրիարքին։ 

Արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցիին սիւնհոդոսական հայրերը, որոնք այս օրերուն Հռոմի մէջ կը գումարեն իրենց տարեկան սիւնհոդոսական ժողովը, ինչպէս նաեւ Հռոմի մէջ Արեւելեան Կաթողիկէ Եկեղեցիներուն վարժարաններու եւ դպրեվանքներու պատասխանատուները, հայ եւ օտար քոյր Եկեղեցիներուն անդամ կղերականներ, որոնց շարքին էին Էջմիածնի Հայ Առաքելական Եկեղեցիին ներկայացուցիչը՝ Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Գերշ. Տ. Խաժակ Արքեպս. Պարսամեան, Իտալիոյ եւ Սուրբ Աթոռի մօտ ՀՀ դեսպանութիւններուն ներկայացուցիչները՝ գլխաւորութեամբ Իտալիոյ Հանրապետութեան մօտ Ն.Վ. Ծովինար Համբարձումեան դեսպանին։ 

Օրուան քարոզը խօսեցաւ Արեւելեան Եկեղեցիներոնւ Վերատեսչութեան Գահերէցը՝ Ն.Վ. Քլուատիօ Կարդ. Կուճերոթթի Ծիրանաւորը։ 

Ան նախ անդրադարձաւ ընթացող Սիւնհոդոսին՝ ընդգծելով այդ սիւնհոդոսէն ներս «միութեան» կարեւորութիւնն ու աղօթքին իւրայատկութիւնը, եւ ասկէ մեկնելով՝ ակնարկեց Ս. Գրիգոր Նարեկացիին տօնին, երբ հաստատեց, թէ դժուար է մեկնաբանել Նարեկացին, որովհետեւ «ողբերգութիւնն» է անոր ամենախորթափանց միտքը։  

Ապա, Ծիրանաւորը նշեց, թէ Նարեկացիին «Վարդապետ Եկեղեցւոյ» տիտղոսը ընդունելու առաջարկը 1988-ին ներկայացուցած էր երջանկայիշատակ Յովհաննէս-Պետրոս ԺԸ. Գասպարեան Կաթողոկոս-Պատրիարքը, եւ այդ ժամանակ հարց տրուած էր, թէ «ինչի՞ մէջ իւրայատուկ է Նարեկացիին աստուածաբանութիւնը…»։ Ս. Գրիգոր Թովմաս Ագուինացի չէ, բայց անոր իւրայատկութիւնը կը կայանայ այն բանին մէջ, թէ ան «աղերսը դարձուց աստուածաբանութիւն», ըսաւ Կարդինալ Կուճերոթթի՝ յիշելով նաեւ այդ ժամանակաշրջանի Յիսուսեան Միաբանութեան Ընդհ. Մեծաւոր Հայր Peter Hans Kolvenbache, որ, իր կարգին, սատարած էր այդ գործընթացին, բայց եւ այնպէս երկար  տարիներ մնաց գրասեղանի մը անկիւնը եւ, ի վերջոյ, Փրանկիսկոս Սրբազան Պապը ուզեց դարձեալ արծարծել հարցը՝ հրահանգելով զայն նորէն ուսումնասիրել ու քննարկել: Հուսկ, 12 Ապրիլ 2015-ին, Ս. Գրիգոր Նարեկացին հռչակեց «Վարդապետ Եկեղեցւոյ», իբր առաջին հայ Վարդապետը։ 

«Փոքր ազգ մը, որ արտադրեց անկրկնելի հոգեւոր ու մարդկային փորձառութիւն մը…: Ազգ մը, որ կը մնայ փոքր, միշտ աւելիով ցրուած ու աւելիով արցունքներուն մէջ՝ Արցախի ողբերգական իրադարձութիւններուն պատճառով եւ ճիշդ հայ ազգին այս պայմաններուն համար է, որ ես այսօր ուրախ եմ ձեզի բերելու Փրանկիսկոս Պապին ողջոյնն ու օրհնութիւնը»։ 

Հուսկ, Կարդինալ Կուճերոթթի մէջբերեց Ս. Գրիգոր Նարեկացիին խօսքերն ու հրաւիրեց սիւնհոդոսական հայրերը՝ ներշնչում քաղելու անոր աղօթքներէն, որոնց մէջ ան իր վրայ կ’առնէ աշխարհիս մեղքերը՝ ինքզինքը նոյնացնելով Քրիստոսի հետ, որպէսզի այդ մեղքերը թողութիւն ընդունին։ 

Աւարտին՝ քարոզիչը շեշտեց Նարեկացիին «խոնարհութեան» կարեւորութիւնը, որ ինքզինքը կը համարի «աղօթանուէր» համայն աշխարհին համար՝ ինքզինքը նկատելով նաեւ մեղաւոր «անառակ որդին»…: Ան հրաւիրեց կղերական դասը այս մասին խորհելու եւ, իրենց կարգին, հարց տալու, թէ իրենք եւս «աղօթանուէր» կը դառնա՞ն Նարեկացիին նման…։ 

«Հայ ազգը փոքր ազգ է, բայց բարեխօս է համայն աշխարհին` Նարեկացիին միջոցաւ», ըսաւ Կարդինալ Կուճերոթթի՝ յորդորելով հետեւիլ հայ մեծ սուրբին ուսուցումին եւ օրինակին, ինչպէս ալ քալել խոնարհութեան ուղին եւ ընդունիլ մարդկային տկարութիւնները…, ապա, մեր անձը նուաստացնել, որպէսզի ոչ թէ մենք աճինք, այլ՝ Քրիստոս աճի մեր մէջ…։ 

«Աւետարանը մեզի կու գայ ըսելու, թէ խեղճ մարդիկ ենք. բայց խեղճեր, որոնք սիրուած ու ներուած են», յարեց Արեւելեան Եկեղեցիներու Վերատսեչութեան Գահերէցը՝ հաստատելով, որ «եթէ այս ըլլայ գերակայ գաղափարը, ապա, մեր աշխատանքները պիտի ըլլան պտղաբեր»: Քարոզի աւարտին՝ անգամ մը եւս շեշտեց Նարեկացիին «աղօթանուէր» ըլլալու յատկութիւնը, ապա, բոլորին վրայ հայցեց աստուածային օրհնութիւնները՝ խրախուսելով, որ, իրենց կարգին, դառնան «աղօթանուէր»…։

Աղբիւր։ armeniancatholic.org https://www.facebook.com/armeniancatholic

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın