İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆՑ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿԻ ՏՆՕՐԷՆԻ ԱՅՑԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 15 Փետրուար 2024, Հինգշաբթի երեկոյեան, ընդունեց Ստանպուլի Մայր Քաղաքապետութեան Ընկերային Ծառայութեանց Գրասենեակի Տնօրէն Էնիֆ Եավուզ Տիփշարի քաղաքավարական այցը:

Ընդունելութեան մասնակցեցան Տնօրէնի Դիւանապետ Ճան Ուզան, Պատրիարքարանի Ընկերային Օժանդակութեան Յանձնախումբի (PSYK) Ատենապետ Հերման Քավաֆեան, նոյն յանձնախումբի Տնտեսական ենթայանձնախումբի ատենապետ Խաչիկ Ճանէլ եւ ընդհանուր քարտուղար Մարթա Ճոսլին Տինչքայըքճը։

Հանդիպումի ընթացքին խորհրդակցութիւն տեղի ունեցաւ Ստանպուլի Մայր Քաղաքապետութեան Ընկերային Ծառայութեանց Գրասենեակի եւ Պատրիարքարանի Ընկերային Օժանդակութեան Յանձնախումբի համագործակցութեանց մասին։

Յարգելի հիւրը յայտնեց, որ յառաջիկայի ծրագիրներու եւ անհրաժեշտութեանց պարագային որպէս Ստանպուլի Մայր Քաղաքապետութիւն միշտ պատրաստ են համագործակցութեան եւ շնորհաւորեց Պատրիարքարանի Ընկերային Օժանդակութեան Յանձնախումբի աշխատանքները։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın