İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԱՐԻ ՆՈՒՊԱՐ ՊՈՅԱՃԸՕՂԼՈՒԻ ԱՅՑԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 15 Փետրուար 2024, Հինգշաբթի, յետ միջօրէին ընդունեց Արի Նուպար Պոյաճըօղլուի այցը:

Ան պատրաստած է արեւմտահայերէն-անգլերէն թուային թարգմանիչ մը, որ կառուցուած է Մեթայի (Դիմատետրի) «No Language Left Behind» տիպարի հիման վրայ։ Նախագիծը կեանքի կոչուած է Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկի աջակցութեամբ։

Այցելութեան ընթացքին Արի Նուպար Պոյաճըօղլու ըսաւ, որ փափաքած է այցելել Պատրիարքարան եւ ներկայանալ Նորին Ամենապատուութեան եւ ծանօթացնել իր աշխատանքը: Պոյաճըօղլու մեր Հոգեւոր Պետին հակիրճ բացատրութիւններ տալէ ետք փոքր ցուցադրութիւն մը ըրաւ: Ապա յայտնեց նաեւ, որ խմբային գործակցութեամբ կարելի է մշակել աւելի զարգացած տիպար մը այլ լեզուներով՝ ներառնելով թրքերէնը, ֆրանսերէնը եւ այլն։

Պատրիարք Հայրը դիտելէ ու լսելէ ետք Պոյաճըօղլու աշխատանքը, կարեւորեց արեւմտահայերէնէ միջազգային գլխաւոր լեզուներէն մէկը դարձած անգլերէնի թարգմանութեան համար կատարուած ծրագիրը, մեծապէս գնահատեց զայն եւ յաջողութիւն մաղթեց այս ու յաջորդ նորանոր աշխատանքներուն մէջ:

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın