İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԸ ԵՒ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍՈՒ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ՖԵՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՋ

Բուն Բարեկենդանի առթիւ Ֆերիգիւղի Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ մէջ 11 Փետրուար 2024, Կիրակի առաւօտ, Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ կատարուեցաւ մեծահանդէս արարողութիւն։

Ս. Պատարագը մատոյց՝ Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին սարկաւագներ, կիսասարկաւագներ եւ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարեցին Վարդանանց Դաս Դաս Երգչախումբի անդամները, առաջնորդութեամբ Սիպիլ Արսէնեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Լիւսի Գահվէճիօղլուի։

Յաւարտ Ս. Պատարագի, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը քարոզեց «Եւ Աստուած տեսաւ, որ ամէն ինչ բարի է» բնաբանով: Նախ անդրադարձաւ «Բարի»ի գաղափարին, որմէ մեկնելով բացատրեց բարի կենդանութիւնը եւ Բարեկենդանը։ Մեր կեանքի տկարութեանց եւ զանոնք քննելու համար մեր Եկեղեցին կը սահմանէ եօթը շաբաթներու պահեցողութեան եւ ապաշխարութեան շրջան մը, որ Մեծ Պահքն է: Այս շրջանը լաւագոյն առիթ է թափանցելու Տէր Յիսուս Քրիստոսի ուսուցումներուն եւ Անոր Ս. Յարութեան խորհուրդի կարեւորութեան:

Պոլսահայ աւանդութիւնը այս շրջանին կը շարունակէ ամէնօրեայ արեւագալի ժամերգութիւնները, որոնց ընթացքին քաղաքիս զանազան եկեղեցիներու մէջ կը կատարուին քարոզխօսութիւններ: Այսպէսով հաւատացեալներ աւելի առիթ կ’ունենան լսելու Սուրբ Գիրքէն բղխած պատգամները:

Քարոզի աւարտին մեր Հոգեւոր Պետը անդրադառնալով Եկեղեցւոյ Վարդանանց Դպրաց դասու տարեդարձին, շնորհաւորեց զայն։ Խօսեցաւ դպիրներու եւ դպրաց դասերու առաքելութեան ու կարեւորութեան մասին։ Շեշտեց նոր սերունդ, երիտասարդ եւ մանուկ հասցնելու կարեւորութիւնը։

Քարոզէն ետք Նորին Ամենապատուութիւնը դպրութեան չորս աստիճաններ շնորհեց եկեղեցւոյ ծառայող տղոց՝ Մուրատ Մէշէպիւքէնին, Ճան Ալթըքաթօղլուին եւ Արեգ Չաթաքին, իսկ Ռաֆֆի Օհանեանին շնորհեց ուրար կրելու արտօնութիւն:

Հուսկ՝ Սրբազան Պատրիարք Հօր գլխաւորութեամբ կատարուեցաւ պաշտօն Վարդանանց Դպրաց Դաս Երգչախումբի հանգուցեալ նախագահներու, դպրապետներու, վարիչներու, անդամներու եւ բարերարներու հոգւոցն ի հանգիստ։

Ս. Պատարագը ուղիղ եթերով տեսասփռուեցաւ համացանցի միջոցաւ ( https://www.facebook.com/TRHayBad/videos/303809549345274 ):

Եկեղեցական արարողութեանց աւարտին, Շիրինօղլու սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։

Լուսանկարներ՝ ԼՐԱԲԵՐ

http://Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın