İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԳՐԱԽՕՍԱԿԱՆ. «ՓԼՈՂ ԴՊՐՈՑՆԵՐԸ»

Վերջերս Երեւանի մէջ լոյս տեսաւ հայագէտ տքթ. Յակոբ Չոլաքեանի նոր գիրքը՝ «Փլող դպրոցները» խորագիրով:

Գիրքը լոյս տեսած է Երեւանի «Էդիթ Պրինտ» հրատարակչատունէն: Գիրքը լոյս տեսած է Յակոբ Գ. Յակոբեանի մեկենասութեամբ: Գիրքին սրբագրութիւնը կատարած են Գէորգ Եազըճեանն ու Փառէն Յովսէփեանը: Ձեւաւորումը կատարած է՝ Հեղինէ Փիլոյեան: Կողքի նկարները պատրաստած է՝ Աւետիս Գրիգորեան: Կողքի ձեւաւորումը կատարած է՝ Արաբօ Սարգսեան:

Գիրքը թղթակազմ է եւ կը բաղկանայ 180 էջերը: Գիրքին մէջ տեղ գտած են 35 պատումներ, ուր յարգարժան հեղինակը գեղարուեստական կերպով ներկայացուցած է իր մանկութեան եւ պատանեկութեան օրերը ծննդավայրէն՝ Գարատուրանի մէջ, Քեսապ հայաւանէն ներս:

Գիրքը դիւրընթերցելի է։ Ան համագիւղացիներուն համար յիշատակներու վերարթնացումի առիթ է, տարեց եւ յաւիտենականութեան ճամբորդ դարձած քեսապցիներու վերյիշում, պտոյտ՝ դէպի անցեալ: Անձնական գետնի վրայ՝ վերիշում անցեալի այնպիսի քաղցր յիշատակներու, որոնք այսօր, դժբախտաբար, ի՜նչ-ինչ պատճառներով յիշատակներու գանձարանէն այն կողմ չեմ անցնիր: Բոլոր դրական մտածումներու եւ քաղցր յիշատակներու կողքին, նաեւ ընթերցողին կ՚ընկերանան յուզումնախառն պահեր, երբեմն նոյնիսկ ակամայ արցունքներու կայլակներ…:

Յակոբ Չոլաքեանի պարզ եւ միաժամանակ անմիջական ոճը ընթերցողը կը կտրեն իրականութենէն, կը տանին հեռո՜ւն, Գարատուրան: Կը տանին գիւղական երբեմնի պարզ ու քաղցր կեանքին, որ զերծ չէ եղած տհաճ եւ ոչ-հաճելի ապրումներէ եւ դէպքերէ: Ընթերցողը գիրքը բանալուն պէս կարծէք կը սաւառնի դէպի Գարատուրանի հովիտը, կ՚անցնի գիւղական կենցաղին, երբ տակաւին ամէն ինչ պարզ ու ջինջ էր. պարզ՝ իր բնութեամբ, պարզ իր մարդկային յարաբերութիւններով, պարզ իր ապրումներով, պարզ ու ջինջ իր երազներով: Մէկ խօսքով՝ ընթերցողը կտրուելով ներկայի բարդ եւ խառնակ վիճակէն, կ՚երթայ դէպի պարզութիւն, դէպի մաքրութիւն, դէպի մարդկային բնականութիւն, երբեմն նոյնիսկ միամտութիւն…:

Յակոբ Չոլաքեանի գիրքին հերոսները գիւղացի պարզ կերպարներ են. պարզ կերպարներ՝ իւրաքանչիւրը իր մասնագիտութեան կամ գործին մէջ: Որոշ կերպարներ գիւղացիներուն կողմէ յառաջացած կերպարներ են, ի՜նչ-ինչ բերումներով: Իւրաքանչիւր կերպարի պարագային, սակայն, կայ գիւղացին իր պարզ, միաժամանակ հաստատակամ բարի կեցուածքով ու անհատականութեամբ:

Գիրքը իրականութեան եւ պատումի՝ հեքիաթի միահիւսութիւնն է։ Այդ մասին գիրքի նկարագրութեան մէջ կը կարդանք. «Հին ու անցնող աշխարհի զառիթափին վրայ փլուզուող գիւղ մըն էր Գարատուրանը, որ քանի կար՝ աշխարհն էր իր մէջ, ինքն իր մէջ բզկտուած հայութիւն կոչուող համաշխարհային խաժամուժը կ՚աղմկէր իր մէջ, որուն պորտէն հազարամեակներ առաջ կտրուած ինկած էր այս կիրճին մէջ, Միջերկրականի արեւելեան ափին:

Ատիկա 1950-ական թուականներուն էր:

Այստեղ ամէն ինչ իրականութեան եւ հեքիաթի սահմանին վրայ կը թուի ըլլալ, իսկ մենք միայն ժամանակով ու տարազով տարբեր ենք» (Էջ 2):

«Փլող դպրոցները» խորագիրը ունի ա՜յնքան խոր եւ մտահոգիչ հասկացութիւն ներկայ մեր օրերուն համար: Յատկապէս սփիւռքի իրականութեան համար, ուր տարուէ տարի դպրոցները «կը փլին», միանգամընդմիշտ իրենց դռները փակելով հայ աշակերտութեան դիմաց: Հեղինակը, գիրքին մէջ կը ներկայացնէ այն «դպրոցները», որոնք մինչեւ Մեծ հայրենադարձութիւն գիւղացիներուն համար որպէս բնակութեան տուներ ծառայած են, իսկ անոնց գաղթելով, մնացողներուն համար ծառայած են որպէս դպրոցներ: Հին ժամանակ քարաշէն տուներ էին, ծածկը հողէ: Եթէ այդ տան բնակիչները ուշադրութիւն չդարձնէին տան, յատկապէս ձմրան, ապա փլուզման վտանգը մեծ կ՚ըլլար: Այդ տան բնակիչներուն Հայաստան գաղթով, այդ տուները մնացած էին անշունչ եւ անուշադրութեան մատնուած էին, որու հետեւանքով ալ մէկ առ մէկ կը փլէին:

Հեղինակը այս մասին խօսելով կը գրէ. «Տեղատարափ անձրեւը ահագին թփրտոցով պար կը բռնէր մեր տանիքին վրայ ու մենք անձկութեամբ կը նայէինք առաստաղին, թէ ուրկէ՛ ջուր կրնայ կաթիլ մեր անկողիններուն վրայ: Քիչ կը պատահէր, որովհետեւ ձմրան ամէն առաւօտ հայրս տանիք կ՚ելլէր, լողտուրքը կ՚անցընէր լողին ու կը լողէր ամբողջ տանիքը՝ լողը մէկ ծայրէն միւսը գլորելով ու ամրացնելով տանիքի հողէ ծածկը:

Ու յանկարծ՝ տեղատարափ անձրեւի ու թաղի ճամբայէն հոսող անձրեւաջուրերու շառափին մէջ ուրիշ ահաւոր դղրդիւն մը կը լսուէր մօտիկ տեղէ մը: Գիտէինք արդէն, որ փլուզում եղաւ: Տուն մը փլաւ: Հայրս, թաղիքէ վերարկուն գլխուն նետելով, կամացուկ մը դուրս կ՚ելլէր՝ դուռը ետեւէն քաշելով, իմանալու համար, թէ ո՛ր տունն է փլածը, իսկ մայրս կը բողոքէր թէ՝ մա՛րդ, փլեր է՝ փլեր, բոլորն ալ փլին՝ ազատինք, ի՛նչ կայ գիշերուան մութին դուրս ելլելու:

Հայրս չէր ուշանար. կը վերադառնար, վերարկուն կը թօթուէր, կը կախէր դրան ետեւ, դուռը կը գոցէր ու «Մինասկոնց Աւտային տունն է», կամ «Տունիկուն Պըրրիին տունն է», «Լրջենց թոնիրն է» կ՚ըսէր ու կը լռէր: Կը զգայինք, որ հայրս յուզուած է ու մենք տեսակ մը բնազդով՝ մեր միտքը կը պահէինք մեր դրացի տուներուն բացակայ տանտէրերը» (Էջ 14-15):

Չոլաքեան գիրքին մէջ զանազան գիւղական սովորութիւններու եւ աւանդութիւններու մասին կը խօսի՝ ինչպէս օրինակ գերեզմաններու այցելութիւն. «Մեր՝ Քեսապի գիւղերուն մէջ ամէն շաբաթ օր կամ հանգուցեալ մը յիշելու գերեզմանատուն երթալը մեղք կը համարուի. «Ինչ կ՚ուզէք մեռելներէն, մեռելները հանգիստ ձգեցէք», կ՚ըսէին կիներուն:

Բայց Ս. Ծնունդի եւ Մեծ Զատկի մեռելոցի կէսօրին, Պատարագէն ետք, սեւազգեստ կիներու բազմութեամբ մխացող սեւ ծով կը դառնային գիւղական գերեզմանատուները» (Էջ 44):

«Հողէն կը փախչի՝ հողին կարօտով» գրութիւնը կարդալով ընթերցողը վերահասու կը դառնայ սփիւռքի մէջ՝ մէկ կողմէ անոր ղեկավարութեան կողմէ տարբեր-տարբեր աւաններու կամ գաղութներու հայապահպանութեան գործընթացին, միւս կողմէ գիւղի երեւելիներուն, ղեկավարներուն կամ ունեւորներուն կողմէ կատարուած անիրաւութիւններուն: Այդ անիրաւութիւններուն կամ կողմնակցիութիւններուն պատճառով, օր պիտի գար երբ ժամանակին քեսապցիներուն պատկանած հողերը, սեփականութիւնները պիտի դառնային սեփականութիւնը տեղացի արաբներուն, թաթերուն եւ թուրքմէններուն: Աւելին, թէ ինչպէս այս անարդարութիւններուն պատճառով, մարդիկ որպէսզի կարենային պահել իրենք զիրենք, իրենց ընտանիքները, իրենց զաւակներուն ուսումը ապահովել, ստիպուած, ակամայ կերպով պիտի լքէին իրենց ծննդավայր գիւղը՝ եւ հեռանային:

Կը կարդանք. «Գէորգ աղբար տեղեակ էր, որ Հաննայի մեծ տղան Լիբանան կը գաղթէ: Քանի մը գլուխ այծերով ընտանիք չի կրնար պահել, ահա, կառավարութիւնն ալ, անտառը պահպանելու պատրուակով, այծերը կ՚արգիլէ: Քանի մը պատառ հողէն ի՞նչ կ՚ելլէ…: Իր ալ պարագան տարբեր չէ. տղան սիրած աղջիկը փախցուց տուն բերաւ. տղան ինչի՞ն աղջիկ տային…: Հիմա ան որքա՞ն կը դիմանայ այս անտէր գիւղին մէջ…

-Տղաս կ՚ուզէր խնձորենի տնկել, ըսաւ Հաննա, բայց ծառ տնկողը ծառի չափ համբերութիւն պիտի ունենայ…: Չէր կրնար: Պիքֆայայի Հայոց վանքը պարտիզպանի պէտք ունի եղեր, տուն-տեղ ալ կու տան, կ՚աշխատի կը մնայ…

-Հա, կը պոռչտան գիւղը պահելու մասին, հեգնեց Գէորգ աղբար, կաթողիկոս, կուսակցութիւն եւ միւսերը լաւ կ՚ընէին, եթէ մեր պարոններուն ականջին փսփսային, որ հողերու բաժանումի ատեն արդար ըլլային, հողազուրկին հող շնորհէին եւ ոչ թէ անհող ձգած՝ քաշէին տանէին իրենց կողմերը, մէկը իբրեւ վանքի մշակ, միւսը իբրեւ սուրիացի աժան բանուոր, մէկը իբրեւ ջոջի մը սպասուհի թէ սպասաւոր, միւսը իբրեւ իր ակումբին հայրիկ ու մայրիկ…

Գէորգին ըսածը ամէն մարդ գիտէր:

1946-ի հայրենադարձութեան շատեր մեկնեցան՝ իրենց ունեցած տուն ու կալուածները ծախելով տեղացիներուն՝ արաբին, քիւրտին, թուրքմէնին: Տարի մը ետք հայրենադարձութեան աւետիսը հասաւ Քեսապ: Ինչպէս ամէն տեղ՝ հոն եւս վազեցին թուրքմէնները: Քեսապցիք, մեկնողներ թէ մնացողներ, երբեք չէին ուզեր, որ իրենց շրջանը դիմագիծ փոխէ: Դարերով հայկական մնացած Քեսապը ուզեցին որ շարունակէ պահել իր անխառն դիմագիծը: Երեւելիներէն կազմուեցաւ երկու յանձնախումբ՝ մեկնողներէ բաղկացած Ծախող յանձնախումբ, մնացողներէ կազմուած Գնող յանձնախումբ: Հողերը գնահատուեցան ամենէն ցած, աննշան գիներով՝ մէ՛կ պայմանով, որ Գնող յանձնախումբը այդ հողերը առանց շահոյթի պիտի տրամադրէ իսկապէս հողի կարիք ունեցող մնացողներուն:

Հայրենադարձները հայրենիք հասան գրեթէ պարապ ձեռքերով:

Ասկէ ետք կը սկսի բուն պատմութիւնը՝ հողերու բաշխումը:

Գիւղացիները նկատեցին, որ հողերու բաժանումը արդար չ՚ընթանար: Պարոնները յափշտակեր էին շրջանի լաւագոյն հողերը: Հասեր տիրացեր էին մինչեւ թաղի բակերուն՝ հաւնոցի տեղ անգամ չձգելով գիւղացիին:

-Ունեցողին աչքը ծակ կ՚ըլլայ, որքան ունի՝ աւելին ունենալ կ՚ուզէ, ըսաւ Գէորգ, պարոնները հողերը բաժնուեցան, մեզի ձգեցին այս խաղցածները, լերան ծերպերն ու քարաստանները…:

Արտագնայ աշխատանքի մեկնողները Պաղեստինէն, Լիբանանէն, Յորդանանէն, Սուրիոյ տարբեր քաղաքներէն երբ հասան Գնող յանձնախումբի դրան՝ արդէն հող չէր մնացած:

-Չէինք կրնար սպասել, վարկ վերցուցած էինք Ազգային առաջնորդարանէն ու սուրիահայ օգնութեան խաչէն, արդարացան պատասխանատուները:

Շատեր ցաւով վերցուցին իրենց ընտանիքները ու վերջնականապէս կռնակ դարձուցին Քեսապին:

-Մեր քով ամեն լաւ սկիզբ գէշ կը վերջանայ, աւելցուց Հաննա:

Հողատէրերը կ՚ուզէին, որ գիւղացիք իրենց արտերուն մէջ աշխատէին մարապայի [Մարապա – Պարոնի հողին վրայ քառորդով աշխատող ընտանիք] կարգավիճակով, մարդ չկա՞յ, կը բերէին թաթն ու թուրքմէնը, հանդերձ ընտանեօք կը նստեցնէին իրենց կալուածներուն վրայ: Շատերն ալ գետինները ձգեր էին այդպէս խոպան, թփուտները խեղդեր էին արտերը, ծածկեր էին արահետները:

…Օր պիտի գար, օր անցնէր՝ պետական օրէնք պիտի ելլէր, որ հողը ատոր վրայ աշխատող մշակին է, իսկ խոպան մնացած արտը՝ պետական գոյք: Թաթն ու թուրքմէնը դարձան տեղացի:

Իսկ երիտասարդները գիտէին, որ ա՛լ իմաստ չունի հինը. արտերը նուազելուն հետ՝ ջաղացքները լռեցին, մեկնողներուն հետ՝ դպրոցները սմքեցան, արօտավայրերուն կրճատուելուն հետ՝ հօտերը պզտիկցան:

Անոնք հողէն կը փախչէին՝ հողին կարօտով. (Էջ 89-91):

«…Տարեկան 80-100 հոգի Քեսապէն կը հեռանար ուսման համար, քանի՜-քանի՜ ընտանիք կը տեղափոխուէր Լաթաքիա, Հալէպ, Պէյրութ՝ զաւակներու ուսման համար, քանի՜-քանի՜ ընտանիք կ՚երկփեղկուէր: «Քեսապը ուսման ճամբով պիտի պարպուի» ըսողներ կային» (Էջ 133):

Բոլոր ժամանակներուն ուսումը միշտ ալ քաշած է մարդուն: Մարդ միշտ ձգտած է ուսումին: Գիւղական միջավայրերու մէջ ուսումը քիչ մը տարբեր երանգ ու ընկալում ունեցած է եւ ունի մինչեւ մեր օրերը: Անոնք, որոնք վիճակով լաւ եղած են կամ են, յաջողած են ու կը յաջողին իրենց զաւակները քաղաք ղրկել՝ լաւ ուսում ստանալու համար: Անոնք, որոնք ի վիճակի չեն եղած, բայց անպայման ուզած են իրենց զաւակները ուսումի տալ, իրենց զաւակները ղրկած են գիշերօթիկ դպրոցներ, դպրեվանքեր, եւ այլն: Եւ եղած են եւ կան անոնք, որոնք իրենց զաւակները չեն յաջողած կամ չեն յաջողիր որեւէ մէկ տեղ ղրկել: Ուսման այս պարագան մէկ կողմէ իր դրական ազդեցութիւնը ունեցած է դուրս մեկնող ուսանողներուն համար, սակայն գիւղի առումով, ժխտական եղած է ազդեցութիւնը, որովհետեւ ուսումի գացողի ուսանողներուն մեծամասնութիւնը չէ՛ վերադարձած գիւղ: Այս ուղղութեամբ կը կարդանք.

«…Դիմացի մայթին կեցած էր Քալաք ամմոն, հսկայ, պատի պէս մարդը, որ մեկնող տղոց հետ հաւասարէ հաւասար կը խօսէր: Իմ պապիքոյրիս [մեր բարբառով՝ կնքահօր պուօպ<պապ կ՚ըսեն, իսկ պապի քրոջ՝ պէպըքուօյր] ամուսինն էր: Լսած էի, որ Քալաք ամմոն առտու կայարան կու գայ Քեսապէն մեկնողները հաշուելու, եւ երեկոյեան՝ վերադարձողներ:

Քալաք ամմոն մօտեցաւ ու Գառնիկին դառնալով ըսաւ.

-Ի՞նչ է, այսօր պարապ պիտի վերադառնաս Լաթաքիայէն:

– Այս շաբաթ այսպէս է, աշակերտներ են,- պատասխանեց Գառնիկ, եւ յետոյ, հաւանաբար զգալով, թէ ո՛ւր կը տանի Քալաքին խօսքը՝ աւեցուց, հոգ մի՛ ընէր, Յունիսին մէկ-մէկ բոլորը ետ կը բերեմ:

-Ասոնցմէ շատերը դուրսը ձագող ծիտեր պիտի ըլլան, ըսաւ Քալաք ամմոն ու դարձաւ երեք մարդոց, որ յայտնապէս կը սպասէին, որ քալաք ամմոն զիրենք բարեւէ:

-Ասիկա ոճիր է Քեսապի համար, ըսաւ ան, այսքան սերունդ դուք ճամբելու եկեր էք: Գլուխ ջարդեցէ՛ք, սա Քեսապնիս փրկեցէ՛ք: Մէյ մը նայեցէք սա հոգեւոր հայրերուն, յուղարկաւորութիւն է կարծես, նայեցէ՛ք որքան գոհ են, որ այսքան սերունդ արտասահման կը ղրկեն թաղելու:

-Սո՛ւս եղիր, ըսաւ Յովսէփ Աբոյեանը, այդպէս չեն խօսիր պզտիկներուն առջեւ, Աստուած հետերնին ըլլայ կ՚ըսեն, յաջողութիւն կը մաղթեն:

-Բարի վերադարձ ալ կը մաղթեն, Յովսէ՛փ, պատասխանեց Քալաքը, ու դառնալով միւսներուն՝ ըսաւ.

-Հիմա եթէ այս ձագերը հոս երթային ուսման՝ դուք չէի՞ք ուրախանար, գիտեմ, հիմա արիւն կու լաք ներսէն, բայց բան մը ըրէք, վաղը ուշ պիտի ըլլայ արդէն:

Ստեփան Եագուպեանն ու Ժոզէֆ Պասմաճեանը, գլուխները իրարու թեքած, կը նայէին Քալաք ամմոյին, իրե՞նք անճար էին, թէ… Թերեւս կը մեղքնային Քալաք ամմոյին: Ես կը հասկնայի՞ արդեօք, որ այս հիանալի մարդիկ նոյնիսկ հիւրաբար իրարու չէին այցելեր իրենց ակումբներուն մէջ, իրարու չէին կրնար հանդիպիլ իրենց դպրոցներուն մէջ. ասիկա այն բացառիկ առիթներէն մէկն էր քով-քովի գալու եւ իրենց վստահուած սերունդին ապագայով լռելու չափ տագնապելու համար:

Քալաքին օգնութեան հասաւ Նեւտոնը, խոշոր գլուխով մարդ մը, որ ընտանիք չունէր, բայց բոլոր քեսապցիները իր հարազատները կը նկատէր:

-Հասկեցէ՛ք, կ՚ըսէր երեք մարդոց, ուսումն ու կրթութիւնը Քեսապի թշնամիներն են, անոնց համը առնողը Քեսապ չի վերադառնար: Ո՞ւր են մեր բժիշկները, ատամնաբոյժները, ակնաբոյժները, ճարտարապետները, հիւանդապահուհիները… Նոյնիսկ քահանաները Քեսապէն փախչիլ կ՚ուզեն: Գոնէ արհեստի վարժարան մը բացէք, մեզի պէտք եղող բաներ սորվին, հոս մնան, աշխատին…

Մեր գիւղերը կը պարպուէին. բոլորն ալ տխուր էին մեր գիւղական ամայացող ճամբաներուն համար: Թերեւս Սուրիոյ բոլոր գիւղերն ալ այդ ճակատագիրը ունէին այդ տարիներուն:

-Մեզի ի՞նչ, Քեսապը գաղթակայան չէ, որ պարպենք, կ՚ըսէր Նեւտոնը» (Էջ 136-137):

Գիրքը կ՚աւարտի «Լեղի ջուրը» գրութեամբ, ուր ամփոփուած է ամբողջ գիւղի մը ոդիսականը: Հեղիանկը կը գրէ. «Մենք արդէն գիտցած պէտք է ըլլայինք, որ մեր աշխարհը Քեսապ կը կոչուի, իսկ Գարատուրանը Քեսապի տասներկու գիւղերէն մէկն է միայն: Գիտցած պէտք է ըլլայինք նաեւ, որ կայ երկիր մը, որ Սուրիա կը կոչուի, ունի դրօշակ, որ ատենը մէյ մը կը դրուէր դպրոցի մուտքին, ունի քայլերգ, որ շուտասելուկի պէս կ՚երգէինք մենք, ունի լեզու, որ պէտք է սորվէինք դպրոցին մէջ:

Լեղի ջուրը Քեսապ-Լաթաքիա ճամբուն վրայ նեղ ձոր մըն է, մեր շրջանը աշխարհէն բաժնող ձոր մը: Մեծերու խօսքերէն դատած՝ Լեղի ջուրը գերեզմանի դրան պէս բան մըն էր, անկէ անցնողը ա՛լ չի վերադառնար:

-Աս ալ Լեղի ջուրը անցաւ, կ՚ըսէին՝ «աս ալ մեռաւ» ըսելու պէս:

-Աստուած գացողին հետ, չոր բռնէ՝ կանաչ դառնայ, կ՚ըսէին ուրիշներ, մենք հոս ենք, ի՜նչ ընենք ուրիշ տեղերը, մեր երթալիք ամենէն հեռու տեղը Սուսին է՝ մեր գերեզմանատունը, նստեր անցագիրի կը սպասենք: Իսկ մենք գիտէինք, որ Լեղի ջուրը անցնողը կ՚երթայ Լիբանան, անկէ կ՚երթայ Ամերիկա, Գանատա… Կարծես թէ Լեղի ջուրէն անդին չկայ Սուրիա…

-Հոս ապագայ չկայ, կ՚ըսէին գացողները, գիւղերուն մէջ կանոնաւոր դպրոց չկայ, Քեսապի մէջ երկրորդական դպրոց չկայ, ժամ կայ՝ Պատարագ չկայ, բանակի խնդիր կայ՝ փրկագին չկայ, հասուն աղջիկ կայ՝ ուզնկան չկայ, դրացի կայ՝ բարեւ-բարիրկուն տուող չկայ… Չկա՜յ…

Եւ բնականաբար՝ մենք ալ կը փափաքէին այդ ելքէն մտնել ուրիշ երանելի աշխարհներ հասնելու համար, թէեւ գիտէինք, որ Լեղի ջուրէն անդարձ անցնողներն ալ տխուր պիտի ըլլային: Մէկը կը գրէր. «Անպայման՝ ծնողներուս գերեզմանը մաքրեցէք մոլախոտերէ, երկու մոմ եւ պտղունց մը խունկ վառեցէք անոնց վրայ»: Ուրիշ մը, կը լսէինք, որ խանութի ցուցափեղկին վրայ Քեսապ, մէկ ուրիշը՝ Կասիոս, երրորդ մը՝ Գարատուրան գրեր է: Այս մէկն ալ կը յայտնէր. «Ներեցէ՛ք, հայրիկ, մայրիկ, Ձեր թոռնիկները հայերէն չեն գիտեր, որ Ձեզի նամակ գրեն»: Մէկ խօսքով, գիտէինք, որ Լեղի ջուրէն անդարձ մեկնողներն ալ լեղի ու դառն բան մըն ալ կ՚առնէին, կը տանէին ու կը մեծցնէին իրենց հետ…

Բայց երիտասարդները կ՚երթային, անոնց ետեւէն՝ հայր ու մայր: Գիւղը, կրակարանին քով սմքած պապիկ ու տատիկ կը մնային» (Էջ 170, 172-173):

Աւարտենք, քեսապցիներուն համար աշխարհի ինչութեան հեղինակին տուած հիասքանչ նկարագրութեամբ. «…Գիտէինք, որ սահմաններ կան, բայց միայն մէկը կը ճանչնայինք, այն որ կ՚անցնէր մեր գիւղին մօտէն ու անոր ետին գտնուող երկիրը փակ աշխարհ մըն էր մեզի համար… Չէինք կրնար ըմբռնել, որ Արարատը, Սիփանը, Նեմրութը, Արածանին, Վանը, Անին ու Կարսը Թուրքիա կոչուող քարտէսի մը մէջ զետեղուած էին: Անոնք միշտ մեզի հետ էին, մեր անուններուն մէջ, մեր տան պատերուն վրայ, մեր աչքերուն մէջ, մեր ինքնութեան ընդելուզուած, այլապէս ինչպէ՞ս Զաւէնն ու ես Սիս ու Մասիսի արձանը պիտի շինէինք Սալտրանի գագաթին վրայ…

Կար ուրիշ մըն ալ՝ Հայաստան, Հայաստան, Հայաստան…: Կապուած էր մեր անունին՝ հայ, լեզուին՝ հայերէն, դաստիարակութեան՝ հայեցի, բայց ո՞ւր էր… Կարծես մեր գիտակցութեան արթնացումէն առաջ մեր մէջ էր, բայց մեզմէ հեռու, ո՛չ սահմաններ ունէր, ո՛չ ալ իրեն տանող ճամբաններ կային…: Կարծես այն երկիրը, ուր գացին մեր հայրենակիցները, թիւրիմացութիւն էր…: Երկո՞ւ Հայաստան կար…: Քեսապը ի՞նչ էր, այդ երկրի կրկնապատկե՞րը, անկէ հատուած-կտրուած պատառ մը Երկի՞ր… Իսկապէս որո՞ւն կը պատկանէինք մենք…» (Էջ 170-171):

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

5 փետրուար 2024, Վաղարշապատ

http://www.jamanak.com/content/ընկերա-մշակութային/10-02-2024-գրախօսական-«փլող-դպրոցները»

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın