İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՏՕՆԸ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ՖԵՐԻԳԻՒՂԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Սրբոց Վարդանանց Զօրավարաց տօնին առթիւ Ֆերիգիւղի Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ մէջ 8 Փետրուար 2024, Հինգշաբթի առաւօտ, Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ կատարուեցաւ մեծահանդէս արարողութիւն։

Ս. Պատարագը մատոյց՝ Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Երգեցողութիւնները կատարեցին Վարդանանց Դաս Դաս Երգչախումբի անդամները, առաջնորդութեամբ Սիպիլ Արսէնեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Լիւսի Գահվէճիօղլուի։ Արարողութեան մասնակցեցան Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղյ. Սերովբեան, Հոգշ. Տ. Գասպար Աբղյ. Կարապետեան, Արժ. Տ. Տ. Գէորգ Չնարեան, Սարգիս Գույումճեան եւ Կորիւն Ֆէնէրճեան աւագ քահանաները:

Յաւարտ Ս. Պատարագի, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը քարոզեց եւ անդրադարձաւ Աւարայրի Ճակատամարտին, Ս. Վարդան Զօրավարի ու իր նիզակակից նահատակներուն, ճակատագրական այս պատերազմին մեր ժողովուրդի կրօնական կեանքէն ներս ունեցած կարեւորութեան ու արդիւնքներուն:

Մեր Հոգեւոր պետը ըսաւ թէ աւելի քան 1500 տարիներ առաջ ալ մեր պապերը Աւարայրի ճակատամարտի օրերուն, քաջ տեղեակ ըլլալով հանդերձ իրենց ոյժով ու զէնքով անզօրութեան, Աստուծոյ՝ Տէր Յիսուս Քրիստոսի սիրոյն նախայարձակ եղան։ Պատերազմի դաշտին վրայ չարաչար յաղթուեցան, սակայն պահեցին իրենց հաւատքը։

Պատրիարք Հայրը ըսաւ, որ կեանքը ինքնին պատերազմ մըն է, հոգ չէ թէ ինչ պայմաններու ներքեւ ըլլայ: Կարեւորը մենք այդ պատերազմը պէտք է պատերազմինք ու յաջողինք: Աստուած միշտ մեզ հետ է այնքան ատեն, որքան մեր պատերազմը ի նպաստ կ’ըլլայ Աստուծոյ գործին, Անոր անուան փառաւորման եւ մեր հոգեւոր շինութեան:

Նորին Ամենապատուութիւնը ապա անդրադարձաւ Ֆերիգիւղի Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ, որ թէ բազմանդամ համայնք մը ունի եւ թէ յաջող ծառայութիւն մը մատուցանէ: Այս պատճառաւ շնորհաւորեց բոլորը, որոնք իրենց կարելին կ’ընեն որպէսզի Աստուծոյ գործը յաջողութեամբ պսակուի, ի շինութիւն մեր ժողովուրդին:

Իր քարոզի աւարտին մեր Հոգեւոր Պետը շնորհաւորեց Ամենայն Հայոց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին անուան տօնը, որ Վարդանեան զօրավարներէն Ս. Գարեգինի անունը կը կրէ։

Ապա, անուան տօնին առթիւ հայրապետական մաղթանք կատարուեցաւ Վեհափառ Հայրապետի արեւշատութեան համար։

Հուսկ՝ Սրբազան Պատրիարք Հօր գլխաւորութեամբ կատարուեցաւ ընդհանուր հոգեհանգստեան պաշտօն, «վասն համօրէն նահատակաց եւ ննջեցելոց ազգիս Հայոց»։

Եկեղեցական արարողութեանց աւարտին, Շիրինօղլու սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։

Նշենք նաեւ, որ նոյն առթիւ Ղալաթիոյ, Պաքըրգիւղի եւ Պալաթի եկեղեցիներուն մէջ եւս Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ։ Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ արարողութեան հանդիսապետեց եւ քարոզեց Գերշ. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան։ Հոգշ. Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածնի եւ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան՝ Պալաթու Սուրբ Հրեշտակապետ եկեղեցիներուն մէջ արարողութեանց հանդիսապետեցին եւ քարոզեցին։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın