İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ ԱՅՑ՝ ՄՈՆՍ. ԸԼԿԸԹԻՆ

Գաւառի համայնքներու տեսուչ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան եւ Իսկէնտէրունի Ս. Քառասուն Մանկանց Եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդի Ատենապետ Եուսուֆ Թապաշ շնորհաւորական այցելութիւն մը տուին Անատօլուի Պապական Փոխանորդութեան նորանշանակ օժանդակ եպիսկոպոս Մոնս. Անթուան Ըլկըթ Եպիսկոպոսին։

Այցելութեան ընթացքին, որ զուգադիպեցաւ Միջեկեղեցական Միութեան Աղօթքի Շաբթուան, Տէր Հայրը եւ Իսկէնտէրունի մեր Եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդի Ատենապետը շնորհաւորեցին նորանշանակ Մոնս. Անթուան Ըլկըթ Եպիսկոպոսը եւ յաջողութիւն մաղթեցին իրեն։

Մոնս. Անթուան Ըլկըթ Եպիսկոպոս. իր հիւրերը ընդունեց Իսկենտէրունի 6 Փետրուարի երկրաշարժէն վնասուած Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ մէջ։ Տէր Հայրը ի յիշատակ սոյն այցելութեան ու նոր պաշտօնին, Մոնս. Ըլկըթին նուիրեց հայկական գեղեցիկ լանջախաչ մը։

Մոնս. Ըլկըթ շնորհակալութիւն յայտնեց իմաստալից նուէրին համար եւ անմիջապէս կախեց իր վիզը։

Տէր Հայրը, անգամ մը եւս ուշադրութիւն հրաւիրելով աղիտալի երկրաշարժի ընթացքին բազմաթիւ եկեղեցիներու վնաս կրելու պարագային, իր ուրախութիւնը յայտնեց Մոնս. Ըլկըթի նոր պաշտօնի կոչուելուն համար, քանի երկու հոգեւորականներու միջեւ կար եղբայրական ջերմ բարեկամութիւն մը։ Տէր Հայրը ըսաւ նաեւ, որ միութեան, միասնականութեան եւ եղբայրական կապերով ամրացած, բոլորիս նպատակն է մեր աղօթատուները վերստին կանգուն տեսնել։ Ասոր համար միշտ պիտի ըլլանք կողք կողքի»։

Անատօլուի Պապական Փոխանորդութեան նորանշանակ օժանդակ եպիսկոպոս Մոնս. Անթուան Ըլկըթ եւս իր ուրախութիւնը յայտնեց Տէր Հօր եւ Իսկէնտէրունի Ս. Քառասուն Մանկանց Եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդի Ատենապետին այցելութեան համար եւ մաղթեց, որ նոր տարին համայն աշխարհին բերէ միութիւն, միասնականութիւն եւ խաղաղութիւն։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın