İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԳԱՒԱՌԻ ՏԵՍՈՒՉԷՆ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ

Տէր Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան կրկնակ տօներուն առթիւ, գաւառի համայնքներու տեսուչ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան եւ Ատենապետ Եուսուֆ Թապաշի գլխաւորութեամբ Իսկէնտէրունի Ս. Քառասուն Մանկանց Եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդը շնորհաւորական այցելութիւն մը տուին Իսկէնտէրունի օրթոտոքս եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդին։

Ս. Նիքոլա եկեղեցին 6 Փետրուար 2023ի երկրաշարժի հետեւանքով մեծ վնասներ կրած ըլլալուն, Իսկէնտէրունի օրթոտոքս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Նիքոլաս Քհնյ. Փափասօղլու եւ Ծխական Խորհուրդի ատենապետ Ճան Թէյմուր, հիւրերը ընդունեցին Սուրբ Գէորգ (Մար Ճիրճոս) Եկեղեցւոյ մէջ։ Յունաց եկեղեցւոյ ներկայացուցիչները շնորհակալութիւն յայտնեցին շնորհաւորական այցելութեան համար։

Միասնութեան, համերաշխութեան ու եղբայրսիրութեան խօսքերէ եւ աշխարհի խաղաղութեան համար մաղթանքներէ ետք, Թէյմուր յոյս յայտնեց որ 2023ի աղէտները չեն կրկնուիր։ Ան եւ Արժ. Տ. Աւետիս Հայրը մաղթեցին, որ տարին բարեբեր ըլլայ երկրի ամբողջ ժողովուրդին համար։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın