İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

«ԿԸ ՎԱԽՆԱՆ ՔԵԶՄԷ, ԲՌՆԱԿԱԼ ԱԼԼԱՀ»

Մեր թուականէն 164 տարիներ առաջ՝ 24 մայիս 1860 թուականին պոլսահայութեան ընդունած «Ազգային Սահմանադրութիւն»ը յաղթութիւն մը կը նկատուէր. թէեւ շատեր առաջին իսկ օրէն դէմ կ՚արտայայտուէին, սակայն ընդհանուր կը տիրէր «յաղթական» մթնոլորտ մը: Ժողովուրդը գոհ էր, որովհետեւ Սահմանադրութեան ճամբով պիտի յաջողէին «ձայն մը ունենալ», խօսիլ ազգային խնդիրներու մասին, «արդար» ընտրութիւններ կատարել, ժողով կազմել եւ այլն։ Սահմանադրութեան շնորհիւ կը կարգաւորուէր Կ.Պոլսոյ հայոց պատրիարքի գործունէութիւնը, կը սահմանափակուէր անոր իրաւունքները եւ հաստատուած օրէնք մը ծնունդ կ՚առնէր: Սակայն այս վիճակէն գոհ էր նաեւ եկեղեցին. Սահմանադրութեան շնորհիւ հայոց պատրիարքը կը նկատուէր «Ազգի ղեկավար» ու ներկայացուցիչ:

Այս մէկը թէ՛ ժողովուրդին եւ թէ Պատրիարքութեան համար ինչքա՛ն ալ դրական թուէր, պիտի ըլլար աղէտ մը. այս սկզբունքին հիման վրայ ծնունդ պիտի առնէր ծայրայեղ ատելութիւն մը եկեղեցւոյ, պատրիարքին եւ նոյնիսկ հաւատքի հանդէպ. ժողովուրդը այդ թուականէն ետք տեղի ունեցող հալածանքները, 1909 եւ 1915 թուականի արհաւիրքներն ու հայութեան դժբախտ իրավիճակի պատասխանատու պիտի նկատէր պատրիարքը եւ անոր անձին շուրջ ստեղուած «ատելութիւն»ը պիտի տկարացնէր նաեւ Աստուծոյ եւ Քրիստոնէական սկզբունքներու հանդէպ ժողովուրդին ունեցած մօտեցումը:

Այդ ատելութեան ազդեցութիւնը գուցէ հայ ազգը մինչեւ օրս կ՚ապրի, անվստահութիւն ունենալով հոգեւոր կառոյցներու հանդէպ. տասնամեակներ շարունակ (մանաւանդ սփիւռքի մէջ) նոր սերունդին մէջ թշնամութեան եւ վրէժի կողքին սերմանեցին նաեւ հոգեւորականութեան ու եկեղեցւոյ հանդէպ այդ ատելութիւնը, որ արդէն իսկ սկսած էր տեղ գտնել մեր գրականութեան եւ երգերուն մէջ:

Նախքան խորանալը պէտք է ըսել, որ երգն ու գրականութիւնը լաւագոյն միջոցն են լաւապէս ճանչնալու տուեալ շրջանի մտայնութիւնն ու համոզումները. Պետրոսեանի նման շա՜տ շատեր մեր դժբախտութեանց պատասխանատուն զԱստուած պիտի նկատէին՝ ինչպէս նաեւ եկեղեցին:

Այսօր կ՚ուզենք ուսումնասիրել այդ երգերէն մի քանին. հայ լեզուի մշակ Մինաս Պետրոսեան 1900-ական թուականներուն կը գրէ «Բողոք առ Աստուած» խորագրեալ բանաստեղծութիւն մը, որ կը վերածուի նաեւ երգի: Այդ բանաստեղծութեան մէջ Պետրոսեան հայ ժողովուրդին դժբախտութեան մեղաւոր կը նկատէ զԱստուած: Ընդհանուր 15 տուներէ բաղկացած բանաստեղծութեան 8-րդ տունը կ՚ըսէ.

«Երանի՜ անոնց , որոնք քեզի հետ,
Չունին առուտուր, չեն ուզեր յաւէտ,
Մօտենալ քեզի մինչեւ վերջը, ա՜հ,
Կը վախնան քեզմէ, բռնակալ ԱԼԼԱՀ»:

Այս տողերուն վրայ հաւանաբար կրնանք Պետրոսեանը անհաւատ նկատել. անձ՝ որ հեռու է եկեղեցիէն եւ հայ ժողովուրդի ընդունած հաւատքէն։ Հայոց ապրած դժոբախտութիւնները ժողովուրդը բաժնած էր երկուքի. տեղի ունեցած անարդարութիւններու դիմաց ժողովուրդէն մաս մը ըմբոստացած էր Աստուծոյ դէմ, իսկ ուրիշներ առաջիններուն հակառակ՝ աւելիով «մօտեցած» էին Աստուծոյ եւ իրենց վէրքերուն ու ցաւերուն բուժումը երկնաւոր Հօրմէն կը խնդրէին. ըստ առաջիններուն երկրորդ խումբին մէջ գտնուողները «ոչխարներ» էին, որոնք իրենց հաւատքին շնորհիւ տակաւին կը շարունակէին յարգել հայ եկեղեցին ու պատրիարքը:

Պետրոսեան զԱստուած «բռնակալ» կը նշանակէ եւ «Աստուած» բառի փոխարէն կը նախընտրէ գործածել «Ալլահ» բառը, ըսել ուզելով որ այդ Աստուածը մեզի՝ հայ ժողովուրդին չի պատկանիր։ Ան ուրիշին Աստուածն է պարզապէս՝ որ ոխ ու ատելութիւն մը ունի հայ ժողովուրդին հանդէպ:

Պետրոսեան իր բանաստեղծութեան 9-րդ տունին մէջ կը գրէ.

«Գետնին տակ թաղուած գանձերըդ բոլոր,
Որո՞ւ պիտի տաս, կծծիներո՞ւն նոր»։

Թէեւ այստեղ Եկեղեցւոյ եւ Պատրիարքարանի անունը չ՚անցնիր, սակայն կը կարծենք, որ այդ «կծծիներ»ը կը վերաբերին անոնց. Պատրիարքարանը այդ օրերուն կը փորձէր հայ ժողովուրդին հարցերն ու խնդիրները դիւանագիտութեան ճամբով լուծել. բոլորն ալ գիտէին, որ ազատագրական պայքարի մը համար մեծ գումարներու կարիքը կար, սակայն եկեղեցին այդ պայմաններուն մէջ չէր կրնար իր մասնակցութիւնը բերել նման վտանգաւոր պատրաստութեան մը, որովհետեւ այդ մէկը շատ աւելիով վնաս պիտի հասցնէր հայ ժողովուրդին, սակայն այդ մէկը շատերու, մանաւանդ կուսակցութիւններու համար «կծծի» վերաբերմունք մըն էր: Շատեր նոյնիսկ կը հաւատային, որ եկեղեցւոյ հարստութեան շնորհիւ կարելի է ունենալ հզօր բանակ մը՝ դիմադրելու եւ ազատագրելու համար:

Պետրոսեան իր բանաստեղծութեան մէջ կը հաւատայ, որ եթէ Աստուած ուզէր կրնար վայրկեաններու մէջ խաղաղեցնել եւ կեանք «շնորհել» հայ ժողովուրդին. սակայն չէր հասկնար «Արդար» Աստուծոյ մը այս անտարբերութիւնը ու հարց կու տար. «Բայց ի՞նչ է գաղտնիքը` երկար լռութեան»:

Սակայն այս տունէն ետք բանաստեղծութեան բովանդակութիւնը կը փոխուի. Աստուծոյ մօտենալ չուզող բանաստեղծը, աղօթքի մը նմանութեամբ կը գրէ իր վերջին տունը եւ իր բողոքներուն դիմաց վերջին խնդրանք մը կը բարձրացնէ.

«Նայի՛ր, ի վերուստ մաղթանքիս վերջին,
Թէ արարիչն ես օգնէ պիտարին,
Մի մերժեր պարգեւդ աղբիւր բարութեանց,
Տուր խաղաղ մի կեանք, կամ մահ, ո՜վ Աստւած»:

Անցաւ դար մը. ո՛չ կեանքը ունեցանք եւ ոչ մահը…

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ճի՞շդ է, որ մինչեւ օրս կը պահուի Ալպերթ Այնըշթայնի ուղեղը:

Պատասխան. Այո, Ալպերթ Այնըշթանի ուղեղէն հատուածներ մինչեւ օրս կը պահպանուի: Անոր մահէն ետք՝ 1955 թուականին, բժիշկ Թոմաս Հարուէյ (Thomas Harvey) առանց ընտանիքին արտօնութեան ուսումնասիրելու նպատակով հանած է Ալպերթ Այնըշթայնի ուղեղը: Տարբեր մասնագէտներ տարիներու ընթացքին ուսումնասիրած են անոր ուղեղը, փորձելով հասկնալ խելացութեան եւ իմաստութեան հիմքերը: Թէեւ հրապարակային ձեւով չի յայտարարուիր, սակայն անոր ուղեղէն մասեր մինչեւ օրս կը պահուին եւ կ՚ենթարկուին ուսումնասիրութիւններու:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

http://www.jamanak.com/content/հոգե-մտաւոր/30-01-2024-«կը-վախնան-քեզմէ-բռնակալ-ալլահ»?fbclid=IwAR33E_uYZ0mc-umCc5DROo_7D1hGLaDb3ttF0XuWfwT65mvbyZ–VAu5m54

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın