İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Ռ.ՀԱՏՏԷՃԵԱՆ 98 ՏԱՐԵԿԱՆ

ՈՂՋՈ՜ՅՆ ՀԱՅ ԳԻՐ ՈՒ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱՆԽՈՆՋ ՆԱՀԱՊԵՏԻՆ

Սիրելի խմբագրապետ,

Հայ գիր ու գրականութեան անխոնջ նահապետ,

Հպարտութեամբ եւ անհուն գորովով կþողջունենք ձեր պատկառելի տարիքի նոր հանգրուանը ու փա՜ռք կուտանք Աստուծոյ։ Փառք կուտանք ո՛չ միայն բախտի համար, որ դարձանք ձեր ժամանակակիցը, այլ նախախնամութեան այն բարեբեր կարգադրութեան համար, որ պատիւը ունեցանք ձեր հովանիին տակ քով քովի աշխատելու հայ թերթի հայաբոյր երդիքին տակ։

Մենք Ձեր անձին մէջ ճանչցանք յամառ աշխատասիրութեամբ տոգորուն վարպետը, համբերատար ուսուցիչը, ազգասէր հայորդին, հայրենասէր գրագէտը, որու կեանքի կարգախօսը իր ամենատարբեր դրսեւորումներով ամբարուեցաւ Մեսրոպատառ բառերու ճախրանքին վրայ։

Մենք Ձեր լեռնակուտակ գրական վաստակին մէջ գտանք ազնուութեան, անաչառութեան, փիլիսոփայական խորաթափանց վերլուծութեան, գրական անսպառ շնորհներու ցոլացումը, որ տարիներու ընթացքին հատորներով թանկագին զարդ դարձաւ հազարաւոր ընթերցասէրներու գրադարակներուն վրայ։։

Տասնամեակներու հոլովոյթին մէջ վայելեցինք ձեր խոհափիլիսոփայական յօդուածները, այն ամէնը, ինչ որ թուղթին յանձնեցիք որպէս գրական աւանդ։ Տեսանք Ռ. Հատտէճեան գրագէտի պայծառ, փայլուն, խօսուն, թռչող, պրպտող հոգին ու կարդալով սորվեցանք ձեզմէ՝ գրականութեան ընդարձակ հորիզոնին վրայ։

Ձեր արգասաբեր գրիչը եղաւ անկոտրում կռուան եւ մեր մայրենիի նկատմամբ խորին պաշտամունքով արարեց, պրպտող մտքով ընթերցողին բան մը սորվեցնելու անշեղ հրամայականով։

Անկաշառ ակնածանք ունինք ձեր նկատմամբ եւ յարգանքով կը խոնարհինք որակական արժէքով ձեր բարձր վաստակին առջեւ։

ՄԱՐՄԱՐԱ

https://www.normarmara.com/arsiv2024-1/260124lu.html

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın