İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՈՒՇԱԳՐԱՒ ԱՌՑԱՆՑ ԾՐԱԳԻՐ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր համայնքէն Արի Նուպար Պոյաճըօղլուի ջանքերով ստեղծուած է արեւմտահայերէն-անգլերէն թուային թարգմանիչը, որ կառուցուած է Մեթայի (Դիմատետրի) «No Language Left Behind» տիպարի հիման վրայ։ Նախագիծը կեանքի կոչուած է Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկին աջակցութեամբ։

Համակարգչային ծրագիրը ստեղծուած է սերտօրէն ճիւղաւորուած ցանցերու (Deep Neural Networks) ճարտարագիտութեան հիման վրայ։ Թուային թարգմանիչը կ՚աշխատի կեդրոնական մշակիչ հանգոյցի (CPU) մը մէջ, ուստի նախադասութեան մը թարգմանութիւնը կրնայ տեւել մօտաւորապէս 40-60 երկվայրկեան։ Տիպարի ստեղծման ընթացքին ուսումնասիրուած են հազարաւոր թարգմանութեան օրինակներ եւ համացանցի այլ թարգմանիչներու աշխատանքի եղանակները։ Թարգմանութեան համար օրինակներուն շտեմարանը կը կոչուի նաեւ զուգահեռ ժողովածոյ (parallel corpus)։ Շտեմարանը կը պարունակէ արեւմտահայերէն եւ անգլերէն մօտաւորապէս 150 հազար զուգահեռ նախադասութիւններ։ Ճիւղաւորուած ցանցերով տիպարները տաթա կը հաւաքեն, եթէ այդ բանի մասին բաւական տեղեկութիւն տրուի։ Համացանցէն եւ տպուած աղբիւրներէն գոյացած տեղեկութիւնները չեն մատուցուիր առանց սրբագրուելու։

Երէկ, Արի Նուպար Պոյաճըօղլուի հետ ունեցանք հեռախօսազրոյց մը, որու ընթացքին մեզի յայտնեց, որ ան կ՚ուզէ թարգմանութեան որակը բարձրացնել նիւթերու մանրամասն ուսումնասիրութեամբ։ Պոյաճըօղլու յայտնեց նաեւ, որ խմբային գործակցութեամբ կարելի է յառաջիկային մշակել աւելի զարգացած տիպար մը այլ լեզուներով՝ ներառնելով թրքերէնը, ֆրանսերէնը եւ այլն։ Անշուշտ, սա կ՚ենթադրէ համբերատար աշխատանք մը։

http://www.jamanak.com/content/թրքահայ-կեանք/26-01-2024-ուշագրաւ-առցանց-ծրագիր

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın