İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՍԱՀԱԿ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԱՏԻՍ ԱՊԱՊԱ ՄԵԿՆԵՑԱՒ, ԱՅԺՄ ԿԸ ՍՊԱՍՈՒԻ ՆԱԻՐԻ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆԻ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼ ԺԱՄԱՆՄԱՆ

Եթովպիոյ Դաշնակցային Ժողովրդավարական Հանրապետութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան նորանշանակ արտակարգ ու լիազօր դեսպան Սահակ Սարգսեան երէկ մեկնեցաւ Ատիս Ապապա։ Այսպէսով եզրափակուեցաւ վերջին շուրջ հինգ տարիներու Իսթանպուլի մէջ իր պաշտօնավարութիւնը՝ որպէս Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ։ Երէկ, երեկոյեան ժամերուն, դեսպան Սահակ Սարգսեան Իսթանպուլի օդակայանի պատուոյ սրահէն անցնելով թռիչք առաւ դէպի Ատիս Ապապա։

Ներկայիս կը սպասուի Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան նորանշանակ մշտական ներկայացուցիչ՝ Նաիրի Պետրոսեանի Իսթանպուլ ժամանման։ Մինչ այդ, Հայաստանի մշտական ներկայացուցչութեան նորանշանակ խորհրդական՝ Անահիտ Չալիքեանն ալ արդէն վերջին օրերուն ձեռնարկած է պաշտօնի։ Երիտասարդ դիւանագէտը մինչեւ նորանշանշանակ մշտական ներկայացուցիչ Նաիրի Պետրոսեանի ժամանումը կը ստանձնէ ներկայացուցչութեան պատասխանատուութիւնը։

http://www.jamanak.com/content/լրահոս%2F24-01-2024-սահակ-սարգսեան-ատիս-ապապա-մեկնեցաւ-այժմ-կը-սպասուի-նաիրի-պետրոսեանի

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın