İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ ԱՆՈՒԱՆ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԵԱՆ ԸՆԴԱՌԱՋ ՀԻՒՐԵՐ ՈՒՆԵՑԱՆՔ ԽՄԲԱԳՐԱՏԱՆՍ ՄԷՋ

Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութիւնը աւանդաբար կը կատարուի տարուան վերջին Կիրակին։ Այս տարի կրօնական ու աշխարհիկ հանդիսութիւնները պիտի սարքուին 24 Դեկտեմբերին։ Հանդիսութիւններուն ընդառաջ, երէկ Թաղային Խորհուրդի Բ. Ատենապետ Նուրհան Տէօնէր եւ անդամներէն Ժիրայր Ագմէրճան այցելեցին խմբագրատուն եւ մտերմիկ զրոյց մը ունեցան մեր վարչական տնօրէն Այգ Հատտէճեանի հետ։ Երկար տարիներէ ի վեր այս վագըֆը միշտ ինքնաբաւ եղած է, նիւթականի կարիք չէ ունեցած, բայց այս տարի պարագան տարբեր է, որովհետեւ որոշած են նորոգել եկեղեցապատկան կալուածները։ Գրեթէ փլատակ դարձած շինութիւններ ունին եւ բոլորն ալ հիմնական նորոգութեան կը կարօտին։ Չորս շէնք կայ, երեքը ամբողջութեամբ պիտի փլցուին եւ ծայրէն պիտի կառուցուին ¤քաղաքային վերակառուցման ծրագրով_, իսկ չորրորդը նորոգութեան պիտի ենթարկուի։ Բոլորին ալ շինութեան ծրագիրները պատրաստ են եւ ճարտարապետ Գէորգ Էօզգարակէօզ կը հսկէ աշխատութիւններուն վրայ։ Թաղային Խորհուրդը կրթաթոշակ կը տրամադրէ աւելի քան 150 աշակերտի։

Այս հարցերն ու օրակարգային այլ նիւթեր մամուլի դժուարութիւններն ալ դարձան զրոյցի թէմա, կարծիքներու օգտակար փոխանակումով։

Յաջողութիւն կը մաղթենք։

http://www.normarmara.com/arsiv2023-2/071223lu.html

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın