İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՆՇԱՆ ՍՐԿ. ՉԱԼԿԸՃԵԱՆ ՄԵԾԱՐՈՒԵՑԱՒ ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ՄԷՋ

Հովանաւորութեամբ եւ օրհնութեամբ՝ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր, 3 Դեկտեմբեր 2023, Կիրակի, Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ մէջ մեծարուեցաւ բազմավաստակ երաժշտապետ՝ Բրշ. Նշան Սրկ. Չալկըճեան։ Արարողութեանց նախագահեց Գերշ. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան։ Ս. Պատարագը մատոյց Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց Քարոզիչ՝ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ սարկաւագ, կիսասարկաւագ ու դպիրները։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր Դպրաց Դաս Երգչախումբի եւ քոյր դպրաց դասերէ մասնակիցներու կողմէ, առաջնորդութեամբ Սեւան Շէնճանի եւ երգեհոնի ընկերակցութեամբ Արտեն Գարիպեանի։

SONY DSC

Արարողութեան մասնակցեցան նաեւ մեծարեալի բարեշնորհ եղբայրները եւ ընտանիքը, Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց Թաղային Խորհուրդի անդամները, Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդէ անդամներ, Էսաեան Վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Լենա Ենիեորկան, Լիսէի Բաժնի Տնօրէնուհի Տենչա Չընար, Միջնակարգի Բաժնի Տնօրէնուհի Առլին Եշիլթէփէ եւ Էսաեան Սանուց Միութեան Ատենապետ Մարիամ Տրամէրեան։

Նախ քան Տէրունական Աղօթքը քարոզեց Նորին Սրբազնութիւնը անդրադառնալով Աւետարանական պատգամին եւ ներկայացուց պտղատու ըլլալու կարեւորութիւնը։ Իսկ յաջորդաբար որպէս կենդանի վկայ ներկայացուց Բրշ. Նշան Սարկաւագը, որուն վաստակը լաւ օրինակ մըն էր օրուայ համապատասխան ընթերցման։ Արժանի էր գնահատանքի եւ մեծարանքի։

Յաջորդաբար «Ուրախ Լեր» շարականի երգեցողութեամբ Յարութիւն Վարդապետի կողմէ ընթերցուեցաւ Սրբազան Պատրիարք Հօր Օրհնութեան Գիրը, որուն մէջ Նորին Ամենապատուութիւնը կ՚ըսէր. «Դուք Աստուածապարգեւ շնորհները օգտագործեցիք ստանալու այն ինչ որ որպէս հոգեւոր ժառանգ փոխանցած էր Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին։ Այդ փոխանցումը ի դերեւ չեղաւ։ Հասաւ ժամանակը երբ Ձեր ստացածը վերադարձուցիք նոյն եկեղեցիին, ծառայելով նախ Աստուծոյ փառքին եւ ապա եկեղեցւոյ շինութեան։ Ձեր ուսուցիչ երաժիշտներէն սորվածները նախանձախնդրութեամբ փոխանցեցիք այլոց, եւ դուք նմանեցաք ստացած քանքարները արժեւորող հաւատարիմ ծառային»։

Օրհնութեան Գիրի ընթերցումէն յետոյ, Հանդիսադիր Սրբազան Հայրը «Պահպանիչ» աղօթքով օրհնեց մեծարեալը։

Եկեղեցական արարողութեանց աւարտին Նարեկեան Սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Այստեղ միացան Ս. Յովհան Ոսկեբերան Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Գերպ. Տ. Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեան եւ Պատրիարքական Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։

Հանդիսութեան բացման խօսքը կատարեց Նշան Սարկաւագի աշակերտներէն ու Էսաեան Վարժարանի Հայերէնի եւ կրօնագիտութեան դասատու Բրկ. Սեւան Ուր. Դպ. Տէյիրմէնճեան։ Նախ Թաղային Խորհուրդի անդամներէն Ռաֆֆի Սիւզմէ ներկայացուց մեծարեալին կենսագրականը։ Ապա ընթերցուեցաւ Գերշ. Տ. Խաժակ Արքեպս. Պարսամեանի, Գերշ. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէքճեանի եւ ԱՄՆ-է Բրկ. Սիմոն Կ.Սրկ. Աճըիլաչի շնորհաւորական խօսքերը։ Ապա, արտայայտուեցան Ժամանակ Օրաթերթի Աւագ Խմբագիր Արա Գօչունեան, Տ. Գրիգոր Աւ. Քահանան, Թաղային Խորհուրդի Բ. Ատենապետ Խաչիկ Ճանէլ, Լուսաւորիչ Դպրաց Դաս Երգչախումբի Ատենապետ Սայաթ Կիւրիւն, Ս. Թագաւոր Դպրաց Դասու Դպրապետ՝ Բրկ. Կարօ Ուր. Դպ. Հալէպլեան, Ասողիկ Դպրաց Դասէն Բրշ. Լեւոն Սրկ. Գույումճեան, Զուարթնոց Դպրաց Դաս Երգչախումբի Ատենապետ Կարօ Գաբրիէլեան եւ Նշան Սարկաւագի աշակերտներէն Բրկ. Արտա Կ.Սրկ. Գապատայը։

Յարութիւն Վարդապետ իր սրտին խօսքին մէջ յայտնեց, որ Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ նոր դիմագիծին արտացոլացումն էր սոյն հանդիսութիւնը, որուն մէջ կը շեշտուէր աւելի քան երեսուն տարիներ Պէյօղլու եւ տասնամեակներ շարունակ Պոլիսի զանազան թաղերուն ծառայած երաժշտապետին վաստակը։ Այս առումով շնորհակալութիւն յայտնեց Պատրիարք Հօր իր օրհնութեան գրին համար, ինչպէս նաեւ հանդիսադիր Սրբազան Հօր եւ բոլոր ներկաներուն իրենց մասնակցութեանց համար։ Հուսկ, յանուն եկեղեցւոյ բոլոր մարմիններուն հռչակեց, թէ՝ Նշան Սարկաւագ յետ այսու ցկեանս կը կոչուի Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց Պատուոյ Երաժշտապետ։

Ապա, յուշանուէրներ յանձնուեցան Կէտիկփաշայի ընտանիքէն, Պէյօղլուի Թաղային Խորհուրդէն եւ յանուն Պէյօղլուի բոլոր սարկաւագաց եւ դպրաց։

Հուսկ բանքը կատարեց Նորին Սրբազնութիւնը եւ յիշեցուց ներկայ անցեալին Նշան Սարկաւագին դէմ եղած անարդարութիւնը, որուն որպէս դարման կու գար մեծարանքի այս հանդիսութիւնը։ Մշակը արժանի էր իր վարձքին, զոր կը ստանար շնորհիւ իր վաստակին եւ աշակերտներու ներկայութեամբ։ Այս առթիւ գնահատեց Պէյօղլուի ընտանիքի նախաձեռնութիւնը եւ Նշան Սարկաւագին մաղթեց արեւշատ օրեր։

Հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ, կանկանդակի բեկանումով։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın