İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ԱՅՍ ՏԱՐՈՒԱՅ ԹԷԼԷԹՈՆԻ ԱՐԴԻՒՆՔԸ 8.4 ՄԻԼԻՈՆ ՏՈԼԱՐ Է

Ամէն տարի, Նոյեմբերի վերջին Հինգշաբթին, Գոհաբանութեան օրուայ գիշերը, «Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամ»ը տարեկան թէլէթոն մը կը կազմակերպէր եւ համայն աշխարհէն հաւաքուած հանգանակութիւնները կը ծառայեցնէր կարեւոր նպատակներու, այնպիսի նախաձեռութիւններու, որոնք համազգային տարողութեամբ կարեւոր էին եւ կենսական։ Շուրջ 12 ժամ կը տեւէր նուիրահաւաքումը եւ յաջորդ առտու վայրկեանը վայրկեանի, անհամբերութեամբ կը սպասէինք գիտնալու համար թէ քանի՞ միլիոն տոլար հաւաքուած է։ Եղան տարիներ, երբ հաւաքուած գումարները հասան մինչեւ մրցանիշային 35 միլիոն տոլարի, որպէս առիւծի բաժին ունենալով Ռուսաստանցի հայ մեծահարուստներէն տրամադրուած գումարները։

Միշտ խանդավառ էինք, որովհետեւ տարիներ շարունակ, այդ հանգանակութիւններով մեծածաւալ շինարարութիւններ կատարուեցան Արցախի ու Հայաստանի մէջ, ¤եւ դժբախտաբար այդ շինարարութիւններէն մեծ մասը այժմ մնաց Ատրպէյճանին յանձնուած Արցախեան հողերուն վրայ_ իրականացան ամենատարբեր ծրագիրները, մեծ յոյսեր ներշնչելով ապագայի մասին։

2018ի Հայաստանի իշխանափոխութենէն ետք շուք ինկաւ այս կառոյցի բարենիշի վրայ. մէջտեղ ելան անբաղձալի եւ աղմկայարոյց իրականութիւններ. Հայաստանի ոստիկանութեան հետաքննութիւնը երեւան հանեց որ այդ օրերու գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեան հիմնադրամին տրամադրուած 25 միլիոն դրամի վարկային քարտի դրամները գործածած էր անձնական նպատակներով եւ ինչ որ ամէնէն ցաւալին է, ընդհանրապէս խաղատուներու մէջ դրամ մսխելով։ Ատկէ զատ, այլ զեղծարարութիւններ եւս մէջտեղ ելան, ցոյց տալով որ հարիւր հազարաւոր գումարներ իւրացուած էին կարգ մը պաշտօնեաներու կողմէ, այսինքն ո՛չ թէ համազգային նպատակներու, այլ կարգ մը բարձրաստիճան դէմքերու հարստութիւնը բազմապատկելու համար «համազգային նուիրատուութիւն» մը կատարուած էր։

Համազգային կառոյցի վարկանիշը ա՛լ աւելի խամրեցաւ 2020 թուականի Արցախեան 44օրեայ պատերազմին յաջորդող օրերուն, երբ հաւաքուած 185 միլիոն տոլարի կարեւոր մէկ բաժինը Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութեան կողմէ փոխանցուեցաւ պետական գանձին։ Իշխանութիւնները մինչեւ այսօր յստակ բացատրութիւններ չեն տար ու չեն հրապարակեր թէ ի՞նչ նպատակներով գործածուած էր այդ գումարը, բայց կարգ մը պաշտօնեաներ փաստեցին որ գումարը տրամադրուած էր յոյժ կարեւոր կարիքներու։

Որքան որ նախկին իշխանութիւնները, ընդդիմադիր ինչ ինչ գործիչներ, փորձեցին նսեմացնել իշխանութիւններն ու հիմնադրամը՝ իր նոր ղեկավարութեամբ, որքան որ Սփիւռքի մէջ քաղաքական կառոյցները իրենց «ձեռքերը լուացին», որպէս բողոք Հայաստանի իշխանութիւններու քայլերուն դէմ, այնուհանդերձ տակաւին Հայաստանի ու Սփիւռքի գաղութներուն մէջ հայութիւնը ունի՛ կազմակերպութիւններ եւ անհատներ, որոնց համար գերիվերը կուսակցական շահը չէ, իրենց փափաքած իշխանութիւնները չէ, այլ՝ ազգային շահը, ժողովուրդի յաջողութիւնը, հայրենի երկրի բարօրութիւնը՝ մանաւանդ այս ժամանակաշրջանին, երբ պետականութիւնը պահպանելու խնդիր կայ, երբ հզօր տնտեսութիւն ունենալու հրամայականը այլընտրանք պէտք չէ ունենայ։

Այս տարուայ թէլէթոնը կայացաւ «Քեզի համար Հայաստան» կարգախօսի ներքեւ։ Հիմնադրամի պատասխանատուները յայտնեցին որ դրամահաւաքը կը շարունակուի, ուստի վերջնական արդիւնքները պիտի հրապարակուին տարեվերջին։

Գալով գումարներուն,

– Հայաստան՝ 552 հազար

– Ֆրանսա՝ 3.3 միլիոն տոլար,

– Ամերիկա՝ 3.1 միլիոն տոլար

– Գանատա՝ 500 հազար տոլար

– Մեծն Բրիտանիա՝ 450 հազար տոլար

– Արժանթին՝ 160 հազար տոլար

– Նիտըրլանտ՝ 100 հազար տոլար։

Նուիրատուութիւններ կատարուեցան նաեւ Պրազիլէն, Գերմանիայէն, Զուիցերիայէն, Աւստրալիայէն, Աւստրիայէն, Ռումանիայէն՝ 5000-100.000 տոլարի միջեւ։

Իսկ ո՞ւր էին ռուսահայ մեծահարուստները եւ Ռուսաստանի մէջ գործող հայկական կազմակերպութիւնները։ Անոնցմէ ձայն-ձուն չկար։ Կ’ըսուի որ Ռուսաստանի պետական իշխանութիւնները յստակ հրաման տուած են, ըսելով՝ «չէ՛ք կրնար սատար կանգնիլ Հայաստանին»։

Ահաւասիկ ա՛յս է իրողութիւնը։

Կը փորձենք լաւատես մնալ, խորհելով որ ի վերջոյ պիտի հասնի այն օրը, երբ կուսակցական պատկանելիութեան կամ քաղաքական թեր ու դէմ հայեացքները որեւէ դերակատարութիւն չեն ունենար, եթէ խնդրոյ առարկայ է հայրենի երկիրը, եթէ հարցը կը վերաբերի ազգային նպատակներուն, եթէ առաջնահերթը՝ հայրենիքն է։

Հակառակ պարագային, համազգային կառոյցները պարտին այլ լուծում մը գտնել, ուրիշ հիմնադրամ մը հաստատել եւ զայն ծառայեցնել երկրի ու ժողովուրդի շահերուն, ո՛չ թէ կամայական որոշումներու։

Ն. Ս.

https://www.normarmara.com/arsiv2023-2/281123lu.html

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın