İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՀԱՅ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԱՌԹԻՒ ԳԻՐՔԻ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍ

Հրամանաւ ու օրհնութեամբ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր, Պատրիարքական Աթոռը կը պատրաստուի Հայ Մշակոյթի Շաբթուան առթիւ գիրքի շնորհանդէսի մը։ 

Պատրիարք Սրբազան Հօր հրաւէրով 15 Հոկտեմբեր 2023, Կիրակի, քաղաքս կը ժամանեն Երեւանի Խաչատուր Աբովեանի անուան պետական մանկավարժական համալսարանի «Սփիւռք» գիտա-ուսումնական կեդրոնի տնօրէն, հայ նոր եւ նորագոյն գրականութեան ու դասաւանդութեան ամպիոնի վարիչ Փրօֆ. Սուրէն Դանիէլեան, նոյն կեդրոնի գիտաշխատող ու նոյն ամպիոնէն բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու, տոչենթ Քնարիկ Աբրահամեան, նաեւ Վանաձորի պետական համալսարանի դասախօս, բանասիրական գիտութիւներու թեկնածու, տոչենթ Վալերի Փիլոյեան։

Հիւր գիտնականներու մասնակցութեամբ, 18 Հոկտեմբեր 2023, Չորեքշաբթի, ժամը 21.00-ին, Ֆէրիգիւղի Շիրինօղլու Սրահին մէջ Հայ Մշակոյթի շաբթուան առթիւ տեղի կ՚ունենայ «Պոլսահայ նորագոյն գրականութիւնը 20րդ դարի կէսից մինչեւ մեր օրերը» գիրքին շնորհանդէսը։ Մուտքը ազատ շնորհանդէսին կը նախատեսուի Պոլսահայ մշակութային, կրթական հաստատութիւններէ եւ գրասէր հասարակութենէ մասնակցութիւն։ 

Այս տարուայ Մայիսին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած գիտաժողովի մը ընթացքին Փրօֆ. Սուրէն Դանիէլեան ներկայացուցած էր Պոլսոյ գրական շարժումը, յատկապէս ծանրանալով 20րդ դարու երկրորդ կէսէն մինչեւ մեր օրերը։ Սոյն գիտաժողովին իր օրհնութեան խօսքը ուղարկած էր նաեւ Ամենապատիւ Պատրիարք Սրբազան Հայրը։ Յաջորդաբար գիտաժողովն նիւթերու հաւաքածոն լոյս տեսած էր։ Իսկ, յառաջիկայ օրերուն նախատեսուած գիրքի շնորհանդէսը, լաւ առիթ պիտի ստեղծէ որպէսզի գիրքի բովանդակութիւնը Պոլսոյ մէջ ծանօթացուի Պոլսահայ հասարակութեան։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın