İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՄԱՀ՝ ԼՈՒՍԱՆԿԱՐԻՉ ՄԱՆՈՒԷԼ ՉԸԹԱՔԻ

Ցաւով կը գուժենք մահուան լուրը լուսանկարչական արուեստի յայտնի դէմքերէն Մանուէլ Չըթաքի։ Ան սրտի տագնապի հետեւանքով յանկարծամահ եղած է 61 տարեկան հասակին մէջ։ Ողբացեալը լուսանկարչութեան մարզէն ներս Թուրքիոյ հանրայայտ արուեստագէտներէն մէկը կը նկատուէր։ Ան կը հանդիսանար «Մէտիասքոփ» ազատ լրատու հարթակի հիմնադիրներէն մէկը։

Չըթաք երկար տարիներ շարունակ իր արուեստին մէջ ցոլացուց քաղաքային կեանքը, դիմանկարներ ու շրջակայ միջավայրի թէմաները։

Ծնած էր 1962ին, Մալաթիոյ մէջ։ Շրջանաւարտ եղած էր Սէն Միշէլ ֆրանսական վարժարանէն, իսկ համալսարանական ուսումը ստացած էր Միմար Սինանի անուան գեղարուեստի համալսարանի գծանկարչութեան բաժնին մէջ։

Լուսանկարչական արուեստով սկսած էր հետաքրքրուիլ համալսարանական ուսման տարիներուն, գլխաւորաբար ծանրանալով մարդոց եւ դիմանկարներուն վրայ։ Իր լուսանկարչական գործերը տպագրուած են զանազան ամսագրերու, թերթերու եւ գիրքերուն մէջ։

Կը ցաւակցինք իր վշտահար ընտանիքին։

https://www.normarmara.com/arsiv2023-2/101023lu.html

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın