«ՀայԹերթ» լրատու կայքէջը, նաեւ տեղական քանի մը աղբիւրներ, այսօր արձագանգ կը հանդիսանան կարեւոր լուրի մը։ Ամերիկահայ գործարար Տիրան Աբէլեան, որուն կը պատկանի «Ըսսէնթ Էլըմընթս» ընկերութիւնը 542 միլիոն տոլարի ներդրում ստացած է միջազգային ներդրումային ընկերութիւններէն։
Աբէլեանի «Ըսսէնթ Էլըմընթս» ընկերութիւնը հիմնուած է 2015ին եւ կ’արտադրէ կայուն փակ մարտկոցներ ¤փիլ_՝ ելեկտրական ինքնաշարժերու համար։ «Ըսսէնթ Էլըմընթս»ը կ’աշխատի ելեկտրական ինքնաշարժներու համար մարտկոցներու արտադրութիւնը աւելցնելու եւ ածխածինի արտանետումները նուազեցնելու ուղղութեամբ, աւելի կայուն դարձնելով լիթիում-իոնային մարտկոցներու նիւթերու արտադրութիւնը։
Աբէլեանի փորձը հիմնուած է յատուկ թեքնիքագիտութեան մը վրայ, կ’առաջարկէ բնապահպանական տեսանկիւնէ մաքուր մօտեցում, բաղդատմամբ արտադրութեան աւանդական մեթոտներուն։
Այժմ ընկերութիւնը կը կառուցանէ Հիւսիսային Ամերիկայի առաջին կայուն արտադրական հաստատութիւնը՝ 140 հազար արտավար հողատարածքի մը վրայ, Քենթաքի նահանգէն ներս։ Նախատեսուած է մարտկոցներ արտադրել տարեկան 750 հազար ելեկտրական ինքնաշարժի համար։
İlk yorum yapan siz olun