İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՎԱՆԻ ԿՈՒՍԱԿԱԼԻՆ ԱՅՑ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 9 Սեպտեմբեր 2023, Շաբաթ, ժամը 12.00-ին Նահանգապետարանի մէջ քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ Վանի Կուսակալ՝ Օզան Պալճըին։

Մեծայարգ Կուսակալը բարի գալուստ մաղթեց Նորին Ամենապատուութեան եւ կարողութիւն՝ կիրակնօրեայ պարտականութեան համար։ Ան, ուրախութիւնը յայտնեց, որ այս տարի անգամ մը եւս առիթը կը ներկայանայ Աղթամարի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ մէջ Ս. Պատարագ մատուցանելու եւ մէկտեղուելու Վանի մէջ։

Մեր Հոգեւոր Պետը ըսաւ որ սոյն ուխտագնացութեան առիթով պարտականութիւն համարած է յանուն Պատրիարքական Աթոռոյ, նահանգի պետական բարձրագոյն ներկայացուցիչին քաղաքավարական այցելութիւն տալ։ Նորին Ամենապատուութիւնը սիրելիր զրոյցի ընթացքին շնորհակալութիւն յայտնեց թէ ընծայուած ընդունելութեան, եւ թէ արարողութեան կատարման կապակցութեամբ ընձեռուած դիւրութեանց համար։

Կատարուեցաւ նուէրներու փոխանակում, որմէ ետք մեր Հոգեւոր Պետը հրաժեշտ առաւ Կուսակալէն։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın