İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՑ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՄԱՐՄՆԱՄԱՐԶԻ ՆԱԽԱՐԱՐԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 5 Սեպտեմբեր 2023, Երեքշաբթի, նամակով մը դիմեց Թուրքիոյ Երիտասարդութեան եւ Մարմնամարզի Նախարար Տքթ. Օսման Աշքըն Պաքին։

Ինչպէս ծանօթ է, Թուրքիոյ վոլէյպօլի կանանց ազգային խումբը յաղթելով Սերպիոյ շահած էր Եւրոպայի առաջնութիւնը եւ որպէս ախոյեան արժանացած՝ ոսկեայ մետայլի։

Մեր Հոգեւոր Պետը նոյն առթիւ գրած իր նամակին մէջ յայտնեց սոյն յաղթանակին կապակցութեամբ ուրախութիւնը եւ խումբի մեն մի անդամը իր եւ Հայ համայնքի անունով սրտանց շնորհաւորեց։ Նորին Ամենապատուութիւնը յաջողութիւն մաղթեց մարմնամարզի զանազան ճիւղերու մեր մարզիկներուն, որպէսզի արժանաւորապէս ներկայացնեն երկիրը, հպարտութիւն առթելով հայրենակիցներուն։

Պատրիարք Հայրը նոյն առթիւ առողջութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեց Նախարար Տքթ. Պաքին։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın