İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՑ ՅԱՂԹԱՆԱԿԻ ՏՕՆԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հայրը 30 Օգոստոս Յաղթանակի Տօնին առթիւ, ուղեկցութեամբ Պատրիարքական Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւագ Քահանայ Տամատեանի, ժամը 10.00-ին Կուսակալութեան Պաշտօնարանին մէջ մասնակցեցաւ շնորհաւորական ընդունելութեան։

Նորին Ամենապատուութիւնը, յանուն Պատրիարքական Աթոռի եւ Հայ համայնքի, շնորհաւորեց Կուսակալ Տավուտ Կիւլը, Ա. Զօրաբանակի Հրամանատար Զօրավար Ալի Սիվրին եւ Ստանպուլի Մայր Քաղաքապետ՝ Էքրէմ Իմամօղլուն։

Նոյն առթիւ, Նորին Ամենապատուութիւնը, ուղեկցութեամբ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւագ Քահանայ Հօր, ժամը 19.30-ին մասնակցեցաւ Ստանպուլի Հնէաբանական Թանգարանի պարտէզին մէջ Կուսակալ Տավուտ Կիւլի եւ Տիկնոջ՝ Կիւլտէն Կիւլի հիւրամեծարութեամբ սարքուած ընդունելութեան։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın