İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԱԿԱԴԵՄԱԿԱՆ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ

Իսթանպուլի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ՝ միջկրօնական երկխօսութեան զարգացման նպաստելու հետամուտ խորհրդաժողով մը, որ կազմակերպուած էր համատեղ նախաձեռնութեամբ՝ Յունաց Պատրիարքարանի եւ «Համայնքները պահելու համար հաւատքներու միջեւ դաշինք (Interfaith Alliance for Safer Communities)» կազմակերպութեան, որու կեդրոնը կը գտնուի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ։ Թաքսիմի «Հիաթ» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ խորհրդաժողովը, որու ընթացքին ելոյթով մը հանդէս եկաւ Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ուղղափառաց Տիեզերական Պատրիարքը։

«Շարժման մէջ գործընկերութիւններ. դէպի մէ՛կ աշխարհ, մէկ ընտանիք եւ մէկ ապագայ» խորագրեալ խորհրդաժողովը քրիստոնեայ-իսլամ ակադեմական երկխօսութեան բնոյթը ունէր։ Այս խորհրդաժողովին մասնակցութիւն բերաւ նաեւ Կովկասի մահմետականներու վարչութեան պետ, Ատրպէյճանի շէյխիւլիսլամ Ալլահշիւքիւր Փաշազատէ։ Երկօրեայ քննարկումներուն հետեւեցաւ նաեւ Իսթանպուլի մօտ Յունաստանի աւագ հիւպատոս Եորկիա Սուլթանոփուլօ։

Աշխատանքներու ընթացքին օրակարգի վրայ եկան քրիստոնեայ եւ մահմետական հաւատքի հաւաքականութիւններուն միջեւ կամուրջի մը ստեղծումը, ատելութեան յանցագործութիւնները, անչափահասներու չարաշահումները եւ այլ նման նիւթեր։

http://www.jamanak.com/content/լրահոս%2F30-08-2023-ակադեմական-քննարկում

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın