İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԽԱՂԵՐՈՒ ՄԱՐԶԻԿՆԵՐՈՒ ԱՅՑԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 22 Օգոստոս 2023, Երեքշաբթի, յետ միջօրէին Պատրիարքարանի պաշտօնարանին մէջ ընդունեց Համահայկական խաղերու վօլէյպօլի մարզին մէջ երկրորդ հանդիսացած իգական խումբի մարզիկները եւ Համահայկական Խաղերու քաղաքէս մասնակից մարզիկներու խումբի պատասխանատուները։

Այցելուներու խումբին մաս կը կազմէին Համահայկական խաղերու Ստանպուլի յանձնախումբի ատենապետ Հայկարամ Քարասու, նոյն յանձնախումբի անդամներ Ալէն Թէքպըչաք եւ Սարօ Աքչէլեան, Սասուն յանձնախումբի ատենապետ Արամ Տէմիր եւ նոյն յանձնախումբի անդամներ Արաս Պաղ, Ստանպուլի յանձնախումբի Թէնիսի պատասխանատու Սէլին Կէզէրօղլու, Սասուն յանձնախումբի ֆութպօլի պատասխանատու Թուրկայ Քափ, Ստանպուլի յանձնախումբի վօլէյպօլի պատասխանատու Պէրֆին Եւա Տէմիրճեան, Ստանպուլի կանանց վօլէյպօլի մարզիչներ Անժէլ Ելէկէն եւ Ալէն Նարսիւզ։ Ընդունելութեան մասնակից պատասխանատուներ իրենց սրտի խօսքերը արտասանեցին եւ յայտնեցին իրենց տպաւորութիւնները։ Հայկարամ Քարասու իր խօսքին մէջ շնորհակալութեամբ անդրադարձաւ նշելով Սասուն Յանձնախումբի վարիչներուն, յատկապէս Էֆրիմ Պաղի ցուցաբերած եղբայրական կեցուածքը։

Նորին Ամենապատուութիւնը իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ Համահայկական Խաղերուն քաղաքէս մարզիկներ եւս մասնակցած եւ յաջողութիւններ ձեռք բերած էին, ինչ որ պատիւ բերած էր համայնքին։ Բոլորը շնորհելով նորանոր յաջողութիւններ մաղթեց թէ մարզիկներուն եւ թէ պատասխանատուներուն։

Ընդունելութեան աւարտին Նորին Ամենապատուութեան յանձնուեցաւ յուշանուէրներ։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın