İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԱՐԱՍ ԳԱՐԱՓԷՔՄԷԶ. ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՆ ՃԱՄԲԱՆ…

Մինչ երէկ ընկերային ցանցերու հայկական հարթակներուն վրայ «կը շրջէր» Էսաեանցի նախկին շրջանաւարտ Արաս Գարափէքմէզի նորագոյն յաջողութեան մասին լուրը ու հարիւրաւորներ շնորհաւորութեանց իրենց գրառումները կը թողէին այդ լուրին տակ, տարբեր «ֆիլմ» մը կը տողանցէր աչքերուս առջեւ։

Ես կը յիշէի խարտեաշ մազերով եօթնամեայ տղեկը, որուն հետ ծանօթութիւնը կը պարտէի հարազատ ընկերուհիիս, Մարմարա-ի մեր երկարամեայ գրաշարուհի Հիլտային։

Ես մտովի յուշերուս մէջ կը վերաթարմացնէի այն փոքր պատանին, որ մանաւա՛նդ ամառնային արձակուրդի օրերուն հանգիստ չէր տար իր մօրը, անընդհատ կը հեռաձայնէր խմբագրատուն, մա՛յրը կ’ուզէր իր քով։

Ես կը յիշէի այն օրերը, երբ փոքրիկն Արաս, որպէս Ֆէնէրպահչէ ֆութպոլի խումբի ջերմ սիրահար, ոեւէ ֆութպոլիստի «թրանսֆէր»էն ետք, այդ մարզիկի անուն-մականունով մարզաշապիկը գնել կ’ուզէր ու անպայմա՛ն կը հասնէր իր ուզածին. կ’երթար «Սապրի սփօր» խանութ, հոնկէ կ’առնէր մարզաշապիկը, յետոյ մեր Հիլտային կը խնդրէր որ շաբթականը ստանալէ ետք վճարէր գումարը։

Ես կը յիշէի այն օրերը, երբ ուրախութեամբ ականատես կ’ըլլայի թէ ինչպէս ուսման կայծը, բռնկելով պատանի Արասի հոգիին մէջ կ’ուրուագծէր յաջողութեան ճամբան ու յետագային փառապսակ կը դառնար իր գլխուն։

Ես կը յիշէի այն օրերը, երբ Արաս՝ որպէս Էսաեանի գերազանցիկ աշակերտներէն մէկը, կրթաթոշակ կը ստանար Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին եկեղեցիէն եւ երկու տարի մասնաւոր դասընթացքներու հետեւելով միշտ լաւագոյնը կ’ըլլար նաեւ այդ դասընթացքներու դպրոցին մէջ։

Ես չէի կրնար մոռնալ կամ անտես առնել մայրական այն մե՜ծ զոհաբերութիւնը, զոր ընկերուհիս Հիլտան կ’ընէր իր երկու զաւակներու ուսումնառութեան, անոնց ապագային համար։

Շատ լաւ գիտէի որ այդ զոհողութիւնները անգին էին, որովհետեւ մօր մը ճակտի արդար քրտինքով կը մատուցուէին զաւակներուն։

Այս բոլորը կուգային ու կը տողանցէին մտքիս մէջ, այսօրուայ հպարտալի իրականութեան հետ թողլով մեր բոլորը։

Սիրելի Արաս, շատ լաւ գիտեմ ու մօտէն ծանօթ եմ թէ ինչպիսի՛ դժուարութիւններով կերտուեցաւ ուսմանդ եւ յաջողութիւններուդ ճամբան։

Միաժամանակ հպարտ եւ ուրախ եմ, որ երբեք չընկրկեցար ու անվհատ վազեցիր երազանքներուդ ետեւէն, մի՛շտ աւելի բարձր նշաձող մը դրիր քու դիմաց, մեզ եւս բաժնեկից դարձնելով քու յաջողութիւններուն։

Մարմարա-ի մեր խմբագրակազմին համար տարբեր հրճուանք մըն է քու նոր ձեռքբերումը։ Ուրախ ենք որ այսպիսի կատարեալ եւ յաջողած «զաւակ» մը ունեցանք յանձինս քեզ։ Այսօր երջանկութեան ժպիտն է որ ուրուագծուած է սիրասուն մօրդ՝ Հիլտայի ու մեր ամբողջ խմբագրակազմի անդամներուն դէմքերուն վրայ։

Բոլորիս մաղթանքն է որ նպատակասլացութեան ոգին ուղեկից ըլլայ, թեւ ու թռիչք տայ քեզի։

Անկեղծ զգացումներով կը շնորհաւորենք քեզ, մեր սիրելի Հիլտան ու ամուսինը՝ Մանուկը, կողակիցդ՝ Էսաեան վարժարանի ուսողութեան ուսուցչուհի Լորան եւ եղբայրդ՝ Արթիւրը։

Իսկ ինչպէ՞ս կերտուեցաւ յաջողութեան ճամբան…։

***

Էսաեան վարժարանի 2009ի շրջանաւարտներէն Արաս Գարափէքմէզ դպրոցը գերազանցութեամբ վերջացնելէ ետք ընդունուեցաւ Եըլտըզ Թեքնիք համալսարանի մեքենայի ճարտարագիտութեան ճիւղը։ Ուսումնառութեան քառամեայ շրջանը աւարտեց փայլուն յաջողութեամբ եւ մասթըրի եւ տոքթորայի ուսման համար հետեւեցաւ Իսթանպուլի թեքնիք եւ Պօղազիչի համալսարանի դասընթացքներուն։ Ուսման առընթեր որպէս կրտսեր գիտաշխատող պաշտօն ստացաւ ՄԷՖ համալսարանի մէջ։

2021-2022ին «Ֆուլպրայթ» կրթաթոշակին արժանանալով ակադեմական ուսումը շարունակեց աշխարհի առաջատար համալսարաններէն մէկուն՝ Մասաչուսէթսի թեքնիք համալսարանի՝ Էմ Այ Թի-ի մէջ։

Իսթանպուլ վերադառնալէ եւ տարի մը ՄԷՖ համալսարանի մէջ աշխատելէ ետք, այս անգամ ուրիշ կրթաթոշակ մը ստացաւ Ամերիկա մեկնելու եւ որպէս հետազօտող Փէն Սթէյթ համալսարանի «նիւթերու գիտութեան եւ ճարտարագիտութեան» հանրայայտ ճիւղի մէջ ուսանելու համար։ Արաս մէկն է այն ակադեմականներէն որոնք իրաւունք ստացած են մասնակցելու Ամերիկայի ուժանիւթի ու պաշտպանական արդիւնաբերութեան նախարարութեան աջակցութեամբ իրագործուող ծրագրի մը։

Արաս Գարափէքմէզի մասնագիտական նպատակն է զգալի ներդրում ունենալ մարտկոցներու (պաթերի) թեքնիքագիտութեան մէջ, որոնք ապագային պիտի գործածուին զանազան ոլորտներէ ներս, ինչպէս՝ ելեկտրական ինքնաշարժներ, ռոպոթաշինութիւն եւ տիեզերական արդիւնաբերութիւն։ Արաս իր ուսումնասիրութիւնները կեդրոնացուցած է «պինդ վիճակի մէջ գտնուող լիթում-իոնային մարտկոցներու զարգացում» ճիւղին վրայ։

https://www.normarmara.com/arsiv2023-2/140823lu.html

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın