İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Համահայկական 8րդ խաղեր

ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԽԱՂԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԿՈՄԻՏԷԻ ԱՍԱՄՊԼԵԱՅԻ ՆԻՍՏԸ

Հայկարամ Գարասու պատուակալ անդամ ընտրուեցաւ

Մեր փոխխմբագրապետուհի Տիկին Նաիրա Սիւզմէ կը տեղեկացնէ Երեւանէն.-

Համահայկական 8րդ խաղերու ծիրէն ներս, երէկ առտուան ու կէսօրուայ ժամերը յատկացուած էին ազատ ժամանցի։ Համահայկական խաղերու զանազան պատուիրակութիւններու խումբ մը մասնակիցներ այցելեցին Ծիծեռնակաբերդի յուշամալիր։

*

Մինչ մեր պատուիրակութեան անդամները իրենց ժամանցը կ’արժեւորէին ինչ ինչ պտոյտներով ու այցելութիւններով, Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի անդամ Ալէն Թէքպըչաք եւ Իսթանպուլի յանձնախումբի Ատենապետ Հայկարամ Գարասու խաղերու կեդրոնատեղիին մէջ մասնակցեցան կոմիտէի ընդլայնուած կազմով նիստին ¤ասամպլեայի ժողովին_։ Նիստին կը նախագահէր Իշխան Զաքարեան։ 

Տրուած ըլլալով որ բոլոր անդամները ներկայ էին, կատարուեցաւ գործադիր կոմիտէի ընտրութիւն։ Իշխան Զաքարեան վերընտրուեցաւ իր պաշտօնի գլուխ։ 

Թուրքիայէն Ալէն Թէքպըչաք եւ Էֆրիմ Պաղ նոյնպէս մաս կազմեցին գործադիր կոմիտէին։

Մեզի համար ուրախալի լուրն այն է որ համահայկական խաղերու Իսթանպուլի յանձնախումբի Ատենապետ Հայկարամ գարասու ընտրուեցաւ համաշխարհային կոմիտէի պատուակալ անդամ։ Իրեն հետ միասին այս պատիւին արժանացաւ Վան Պայպուրթ ¤Վրաստանէն_։

Կարեւոր նորութիւններէն մէկն ալ այն է որ Իշխան Զաքարեանին լիազօրութիւն տրուեցաւ Սփիւռքի զանազան քաղաքներու ու բնակավայրերու մէջ նշանակել լիազօր ներկայացուցիչներ, որոնք պիտի աջակցին համահայկական խաղերու կազմակերպման։

Նիստի օրակարգային հարցերէն մէկը 2025ին կայանալիք ձմեռնային համահայկական 2րդ խաղերն էին։ Որոշուեցաւ ամառնային խաղերու մարզացանկէն երկու մարզաձեւ՝ ճատրակն ու մարզական պարերը տեղափոխել ձմեռնային խաղերու մարզացանկ։

Կատարուեցան նաեւ պարգեւատրումներ. մետայլներ ստացան անդամներէն Ռոլանտ Շառոյեան ու Արմիկ Իպրահիմեան։

*

Իսթանպուլ եւ Սասուն խումբերու պատուիրակութիւններէն զգալի թիւով անդամներ երէկ եւ այսօր վերադարձան Իսթանպուլ։ Այսօր եւ վաղը իրենց մրցապայքարը պիտի շարունակեն վոլէյպոլի կիներու եւ այրերու խումբերը, պասքէթպոլի այրերու խումբը եւ թենիսիստուհիներ Թալիա Կազէրօղլու եւ Թենի Սիլահլը։ 

https://www.normarmara.com/arsiv2023-2/120823lu.html

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın