İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Համահայկական ութերորդ խաղերուն ընդառաջ (3)

«ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ՝ ԽԱՂԵՐՈՒ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ԱՏԵՆԱՊԵՏ ՀԱՅԿԱՐԱՄ ԳԱՐԱՍՈՒԻ ՀԵՏ»

Զրոյցը վարեց՝ ՆԱԻՐԱ ՍԻՒԶՄԷ

Ն. Ս.- Եւ ահաւասիկ հարցազրոյցի երրորդ եւ վերջին բաժինը։ Պր. Հայկարամ, վստահաբար մրցումներէն զատ, անմոռանալի դէպքեր պատահած են, թերեւս հիմա անոյշ յիշատակներ ունիք նախորդ խաղերէն։ Որքան որ կը յիշեմ հաստատուած էին բարեկամութիւններ, նոյնիսկ ամուսնութիւն ալ եղած էր եւ ընտանեկան բոյն կազմուած էր։ Կրնա՞ք այդ մասին ալ վերաթարմացնել յիշատակները։

Հ. Գ.- Գաղտնիք չէ որ համահայկական խաղերը Հայաստանը ճանչնալու լաւագոյն առիթը կը հանդիսանան հազարաւոր պատուիրակներու համար։ Մենք այդ զգացումները ապրեցանք ու կը շարունակենք ապրիլ, մասնակցելով խաղերուն։ Հարկաւ որ անմոռանալի դէպքեր եղած են։ Օրինակի համար վոլէյպոլի խումբէն ունէինք Մարալ անունով մանկամարդուհի մը, որ խաղերու գեղեցկուհի հռչակուեցաւ։ Պէտք է ըսեմ որ մենք դատակազմի որոշումէն նախապէս տեղեակ էինք։ Գիտէինք որ Մարալն է լաւագոյնը։ Թէեւ ամերիկահայ աղջնակ մը եւս գլխաւոր թեկնածուներէն մէկն էր, բայց նախապատուութիւնը տրուած էր Մարալին։ Ուրեմն Մարալը որեւէ բանէ անտեղեակ, սովորական հագուստով կ’ուզէր մասնակցիլ փակման հանդիսութեան։ Մենք ընկերուհիներուն զգուշացուցինք, խնդրեցինք որ հետեւէին հագուստ-կապուստին։ Դահլիճ մտանք։ Յանկարծ տեսայ որ ոտքին ամառնային սանտալէթ մը կայ։ Չէր կրնար այդպէս բեմ ելլել։ Անմիջապէս խնդրեցի որ մեր ուղեկցորդուհին կօշիկ մը գտնէ մերձակայ խանութէ մը։ Հազիւ կօշիկը բերին, տեղ հասցուցին եւ նոյն վայրկեանին յայտարարուեցաւ Մարալի անունը։ Ան բեմ ելաւ եւ թագը դրուեցաւ իր գլխուն։

Միւս յիշարժան դէպքը հարկաւ ծանօթ է շատ-շատերուն։ Պասքէթպոլի խումբէն Արմանտօն, որ հիմա այլեւս հանդէս կուգայ որպէս մարզիչ, հայերէն չէր գիտեր։ Մայրը հայուհի է, հայրը՝ իտալացի։ Երջանիկ զուգադիպութեամբ Երեւանի մէջ ճանչցաւ իր կեանքի ընկերուհին՝ Քրիստինան, որ իտալերէնի մասնագէտ էր եւ երկուքը միասին կրցան գտնել «ընդհանուր» լեզուն։ Սիրահարեցան իրարու, յաջորդ անգամուն երբ գացինք, յայտնի բարերար Նշան Աթընըզ մեծ օգնութիւն ցոյց տուաւ, փառաւոր հարսնիք մը տեսանք Հայաստանի մէջ։ Չեմ կրնար պատմել թէ ինչպիսի՜ ուրախութիւն մը ապրեցանք մասնակցելով անոնց հարսնիքին։

Ն. Ս.- Այս տարիներու ընթացքին անխախտ բարեկամութիւններ ունեցաք Հայաստանի մարզական ոլորտի ներկայացուցիչներուն հետ։ Կրնա՞ք անուններ թուարկել։

Հ. Գ.- Ինչպէս հարցազրոյցի երկրորդ բաժնին մէջ ըսի արդէն, վոլէյպոլի ֆէտէրասիոնի նախագահ Պր. Ջանիբեկեանի հետ լաւ բարեկամութիւն մը ունիմ։ Զինքը երկու անգամ Գնալըի մէջ հիւրընկալած եմ։ Ծանօթ է որ մեր խումբը նախորդ խաղերուն չէր մասնակցած, քանի որ մրցումները Արցախի մէջ էին։ Ասոր վրայ գումարուեցան Քովիտի տարիները, ուրեմն բարեկամութեան թելերը այժմ պիտի ամրապնդուին նոր հանդիպումներով եւ վստահ եմ որ այս տարի նոյնպէս անմոռանալի օրեր կը սպասեն մեզի ու մեր մարզիկներուն։

Ն. Ս.- Հարկաւ որ սերնդափոխութիւն մը կատարուեցաւ եւ այն մարզիկները որոնք նախորդ խաղերուն ներկայացուցած էին Իսթանպուլը այլեւս մաս չեն կազմեր պատուիրակութեան։ 2023ի համար ինչպիսի՞ արդիւնքներ կ’ակնկալէք մեր մարզիկներէն։

Հ. Գ.- Ինչպէս նախորդ բաժնին մէջ ըսի, բացի առաջին երկու խաղերէն, յաջորդող տարիներուն մեր վոլէյպոլի այրերու եւ կիներու խումբերը պայքարած են մրցանակային տեղերու համար, նաեւ Իսթանպուլի խումբէն ֆութպոլի խումբը հասած էր եզրափակիչ։ 2015ի խաղերէն ետք այն մարզիկները, որոնք կը ներկայացնէին Իսթանպուլն ու «Սասուն»ի խումբը, այլեւս չկան։ Հիմա նոր կազմ մը ձեւաւորած ենք։ Փառք Աստուծոյ, ունինք մարզական ակումբներ, որոնց ծոցէն մարզիկներ կը հասնին, յաջողութիւններ կ’ապահովեն։ Մարզական ոգին բարձր է, տրամադրուած ենք լաւ արդիւնքներ արձանագրել, թէեւ ուժեղ մրցակիցներ պիտի ունենանք մեր դիմաց։ Այժմէն դժուար է խօսիլ, որովհետեւ ամէն ինչ տեղւոյն վրայ յայտնի կ’ըլլայ։ Վիճակահանութիւն, զտումի մրցումներ, մենք ալ մրցակիցներու խաղերը պիտի դիտենք եւ պիտի արժեւորենք այդ բոլորը։

Ն. Ս.- Ինչպէ՞ս կը կատարուի մարզիկներու ընտրութիւնը։

Հ. Գ.- Մենք այդ գործը թողած ենք մարզիչներուն։ Անոնք միշտ մարզիկներու հետ են եւ կրնան լաւագոյնները զատել։ Մենք թիւ կուտանք, անոնք մարզական դասերու ընթացքին կ’արձանագրեն մարզիկներու պատրաստուածութիւնը եւ այդ ամէնի լոյսին տակ կ’ընտրեն այն խումբը, որ պիտի մասնակցի խաղերուն։ Մեր գործը վարչական գետնի վրայ է, անոնցինը՝ ահաւասիկ մարզիկները ընտրելու եւ անոնց անունները մեզ ներկայացնելու հարցը։

Ն. Ս.- Մարզիկները ուրա՞խ են Իսթանպուլը Հայաստանի մէջ ներկայացնելու համար։ Եղա՞ծ է դէպք մը որ մարզիկ մը ընտրուի, բայց չուզէ մասնակցիլ։

Հ. Գ.- Բացարձակապէս ո՛չ, չէ եղած։ Ընդհակառակը, ընտրութիւն կատարելը դժուար է, որովհետեւ շատեր կ’ուզեն մասնակցիլ։ Մասնակցութիւնը թէ՛ պատիւ է, թէ առիթ՝ Հայաստանը տեսնելու եւ ճանչնալու համար։ Աւելի՛ն, որեւէ ծախս չկայ։ Իսթանպուլի մեր յանձնախումբը ամէն ինչի մասին կը հոգայ. ճամբորդական, կեցութեան, սնունդի հարցերը լուծուած են։ Որեւէ ծախս չկայ մարզիկներու համար։ Կը մնայ որ այդ մարզիկները լաւ խաղան եւ բարձր պահեն մարզական ոգին։

Ն. Ս.- Ո՞ր մարզաձեւերուն մէջ հանդէս պիտի գան մեր մարզական խումբերը։

Հ. Գ.- Քանի որ մարզական ակումբներ ունինք եւ հարիւրաւոր երիտասարդներ կը մարզուին այդ ակումբներէն ներս, ուրեմն, ինչպէս վերն ալ ըսի, ընտրութիւնը կը թողունք մասնագէտներուն։ Որպէս յանձնախումբ ներկայացուցած ենք այն մարզաձեւերը, որոնք այս տարի մաս կը կազմեն համահայկական խաղերու մրցապայքարին։ Մարզիչներուն եւ ոլորտի պատասխանատուներուն մնաց ճշդելու թէ ո՞ր մարզաձեւին մէջ կրնանք ներկայացուցիչ կամ ներկայացուցիչներ ունենալ։ Օրինակի համար այս տարի թենիսի մարզաձեւին մէջ երեք մարզիկ պիտի ունենանք, վեց մարզիկ ալ՝ ճատրակի մրցապայքարին մէջ։

Ն. Ս.- Իսկ որո՞նք են մարզական պատուիրակութիւններու պատասխանատուները։ Կրնա՞ք թուարկել անոնց անունները։

Հ. Գ.- Այո՛, բոլոր անուններն ալ յայտնի են։ Վոլէյպոլի մարզաձեւին մէջ վարիչը ես եմ, մարզիչները Ալէն Նարսուս եւ Անժէլ Ելէկէն, պասքէթպոլի վարիչը Արաս Պաղն է, Թուրկայը՝ մարզիչը։ Ճատրակի մարզաձեւի մարզիչը Սարվէն Չաքմաքն է, թենիսի մարզաձեւի վարիչը՝ Սելին Կազէրօղլու, աթլէթիզմի մարզաձեւի վարիչը Ժիլտա Պալն է, ան միաժամանակ որպէս մարզիկ պիտի մասնակցի հեծանիւավազքի մրցապայքարին, փինկ-փոնկ ¤սեղանի թենիս_ մարզաձեւի վարիչը Վարդան Պալմումճուն է։

Ն. Ս.- Եւ այսպէս քանի հոգիիո՞վ պիտի մասնակցին Իսթանպուլի եւ Սասունի խումբերը։

Հ. Գ.- Իսթանպուլի մարզական պատուիրակութիւնը 60 հոգիի շուրջ է։ Ֆութսալի ու ֆութպոլի մրցապայքարին պիտի մասնակցի Սասունի խումբը՝ 30 մարզիկով։ Այսինքն մեր մարզական պատուիրակութիւնը 90 հոգի է։

Ն. Ս.- Ըսիք որ վարչական բոլոր հարցերը լուծուած են։ Մարզիկներու, անոնց ընկերացող հիւրերուն համար ծրագիրներ նախատեսա՞ծ էք Հայաստանի տեսարժան վայրերն ալ ծանօթացնելու նպատակով։

Հ. Գ.- Այո՛, ինչպէս նախորդ խաղերու ընթացքին, այս անգամ ալ մրցումներէն ազատ ժամերուն ծրագիրներ ունինք, պտոյտներ պիտի կազմակերպենք։ Արդէն երկու օդանաւով պիտի մեկնինք Հայաստան։ Թուրքիայէն մեկնելիք պատուիրակութեան կէսէն աւելին առաջին անգամ է որ պիտի տեսնէ Հայաստանը։

Ես վստահ եմ որ նոր աշխարհ մը պիտի բացուի մանաւա՛նդ անոնց համար որոնք առաջին անգամ պիտի տեսնեն հայրենի երկիրը։ Չեն գիտեր թէ ինչպիսի՞ երկիր է Հայաստանը, տարբեր պատկերացումներ ունին։ Եթէ վերապահութիւններ ունին, անոնք պիտի փարատին։ Երեւանը հրաշալի քաղաք է եւ մայրաքաղաքը տեսնելը, հոն պտըտիլը, ութ օր շարունակ համահայկական խաղերու ոգին ապրիլը տարբեր ներաշխարհ մը պիտի բանայ մարզիկներու եւ հիւրերու սրտերուն մէջ։ Այո՛, մարզերը դեռ պէտք է զարգանան, այո՛ միայն Երեւանով պէտք չէ սահմանափակել երկրի բարեկեցութիւնը, բայց եթէ բաղդատենք 1999ի, 2001ի, 2003ի հետ, Հայաստան տասնապատիկ զարգացած է։

Մեր պատուիրակութեան ընկերացող հիւրերուն համար ալ ծրագիրներ ունինք։ Օթօպիւսներ վարձած ենք։ Հիւրերը պիտի շրջին, պիտի ծանօթանան պատմա-մշակութային յայտնի վայրերուն. Խոր Վիրապի վանքը, Էջմիածինը, Սեւանայ լիճը, Զուարթնոցի պատմամշակութային համալիրը կը գտնուին այդ այցելութիւններու ծիրէն ներս։ Մարզիկներու պարագան սահմանափակ է, որովհետեւ խաղերէն յետոյ միայն երեկոյեան ժամերուն է որ պիտի կարենան վայելել Երեւանը։

Ն. Ս.- Եւ որպէս վերջին խօսք։ Ի՞նչ ըսել կ’ուզէք մեր ընթերցողներուն։

Հ. Գ.- Յառաջիկայ օրերուն Երեւան պիտի մեկնիմ վերջին կարգադրութիւններուն համար։ Մեր պատուիրակութիւնը պիտի իջեւանէ «Անի Փլազա» պանդոկին մէջ։ Ես այս զրոյցը կ’ուզեմ եզրափակել երախտագիտութեան ու շնորհակալութեան խօսքով։ Շնորհակալ ենք Գրիգոր Քիւրտեանին, Տիգրան Ալթունին, մեր լրագիրներուն, Վարուժան Արսլանեանին, Մաժակ Չաքըր-Օհանեանին, նաեւ համայնքային մեր բոլոր այն հաստատութիւններու վարիչներուն, որոնք նիւթապէս եւ բարոյապէս օգնական հանդիսացան մեզի՝ այս մասնակցութիւնը ապահովելու համար։ Շնորհակալ ենք Շիշլիի եւ Թաքսիմի մարզական ակումբներուն, որոնք մարզիկներ կը հասցնեն եւ կ’ապահովեն որ մենք ճիշդ ընտրութիւն կատարենք։

***

Պր. Հայկարամ Գարասու յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ ինծի եւ ՄԱՐՄԱՐԱ խմբագրակազմին, համապարփակ ձեւով իր զրոյցը հրատարակելու, համահայկական խաղերու սեմին այսպիսի շահեկան հարցում-պատասխանով օրակարգը արթուն պահելու համար։

https://www.facebook.com/photo?fbid=177089495351139&set=a.135021036224652

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın