İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Համահայկական ութերորդ խաղերուն ընդառաջ

«ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ՝ ԽԱՂԵՐՈՒ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ԱՏԵՆԱՊԵՏ ՀԱՅԿԱՐԱՄ ԳԱՐԱՍՈՒԻ ՀԵՏ»

Զրոյցը վարեց՝ ՆԱԻՐԱ ՍԻՒԶՄԷ

Ճիշդ ամիս մը յետոյ, 5 Օգոստոսին, բացումը պիտի կատարուի Համահայկական 8րդ մարզախաղերուն եւ Հայաստան անգամ մը եւս ժամադրավայր պիտի դառնայ աշխարհի չորս անկիւններէն ժամանած մարզական պատուիրակութիւններու, նաեւ հազարաւոր հիւրերու եւ զբօսաշրջիկներու համար։ Աւանդաբար, անգամ մը եւս, մարզական ոգիին հետ զուգահեռաբար, ազգային պատկանելիութեան տաքուկ շունչն ալ պիտի սերմանուի մարզիկներուն եւ հիւրերուն։ Անկասկած, միասնութեան, հայկականութեան զգացումներով պիտի բոցավառին բոլորին սիրտերը։

Նախապատրաստական աշխատանքները հասած են վերջին հանգրուաններուն։ Հայաստանի մէջ՝ համաշխարհային կոմիտէի անձնակազմը, մասնակից երկիրներէն ներս ալ տեղական յանձնախումբերու Ատենապետներն ու անդամները կազմակերպչական գործերը կը համադրեն իրարու հետ, անհամբերութեամբ սպասելով խաղերու բացման եւ համահայկական մարզական այս մեծ փառատօնին։

Ծանօթ է որ Թուրքիա այս տարի մարզական երկու պատուիրակութիւններով կը մասնակցի խաղերուն։ Մէկը՝ Իսթանպուլի, միւսը՝ Սասունի պատուիրակութիւնն է։ Կիրակի եւ երէկ, առիթն ունեցանք հարցազրոյց մը ունենալու համահայկական խաղերու Իսթանպուլի յանձնախումբի Ատենապետ Հայկարամ Գարասուի հետ։ Կիրակիի մեր զրոյցը ընդհանուր գիծերու մէջ էր, իսկ երէկ, խաղերու պատմականին, զանազան տարիներուն Իսթանպուլի պատուիրակութեան մասնակցութեան եւ ձեռքբերումներուն անդրադարձանք սկսելով սկիզբէն եւ հասնելով մինչեւ ա՛յս օրերը։

Այսօր եւ յաջորդական քանի մը օրերով, մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք այդ շահեկան զրոյցը.-

*

ՆԱԻՐԱ ՍԻՒԶՄԷ.- Գաղտնիք չէ որ համահայկական խաղերը սոսկ մարզական իրադարձութիւն մը չեն, այդ խաղերը աւելի՛ն են քան մարզանքը, աշխարհասփիւռ հայերու դէպի միասնութիւն ձգտելու արտայայտութիւնն են, ամենաամուր եւ հեռանկարային միջոցը՝ քանի որ մասնակիցները երիտասարդներ են, իսկ ապագան կը պատկանի նորահաս սերունդին։ Խաղերուն շնորհիւ մեծաթիւ Սփիւռքահայեր կ’այցելեն իրենց հայրենի երկիր, առիթը կ’ունենան ծանօթանալու Հայաստանի ու հայաստանցիներու, հայկական մշակոյթի ու տեսարժան վայրերու հետ։ Ասկէ մեկնելով, Պր. Հայկարամ, իսկ ինչպէ՞ս սկսաւ Իսթանպուլահայերու մասնակցութեան ուղին։ Վստահաբար առաջին քայլերը, մասնակցելու որոշումը արկածախնդրութիւն էր, բայց դարձաւ իրականութիւն, յետոյ աւանդութիւն, իսկ այժմ այլեւս՝ ամենասպասուած իրադարձութիւնը պոլսահայութեան մարզական կեանքէն ներս։ Կրնա՞ք ամփոփ գիծերով ներկայացնել 1999էն երկարող այդ մարաթոնի առաջին քայլերը։

ՀԱՅԿԱՐԱՄ ԳԱՐԱՍՈՒ.- Բոլորիս ծանօթ է որ 1990ականներու վերջին տարիներուն Հայաստանի մէջ մարզական այդպիսի միջոցառում մը կազմակերպելը հերոսութեան համազօր ձեռնարկ էր։ Համացանցը տարածուն չէր։ Իսթանպուլի մէջ խաղերու մասին տեղեկացանք մեր լրագիրներէն։ Մեր երէց եղբայր Վարուժան Արսլանեանն ու Մաժակ Չաքըր Օհանեանը 1998ին «խապրիկ»ը տուին մեզի, ըսելով որ 1999ի Օգոստոսին Հայաստանի մայրաքաղաքին մէջ պիտի կայանային համահայկական առաջին մարզախաղերը։

Մաժակը այցելեց Շիշլիի ու Թաքսիմի մարզական ակումբներ, տեղեկութիւններ տուաւ։ Քննարկումներու արդիւնքով հասկցանք որ տեղական մարմինի մը պէտք ունինք կազմակերպչական հարցերը համադրելու եւ եթէ որոշած էինք մասնակցիլ՝ վարչական գործերը կարգադրելու համար։

Ես այդ շրջանին Շիշլիի ակումբի վարչութեան Ատենապետն էի, քոյր Թաքսիմ ակումբի վարչութեան պատասխանատուները, մարզական այլ միութիւններու վարիչները նոյնպէս հրաւիրեցինք եւ գործադիր ժողով մը գումարելով, կազմեցինք մեր տեղական յանձնախումբը։ Փափաքեցանք որ համախումբ աշխատինք, միայն Շիշլին կամ Թաքսիմը ներկայացուած չըլլան. ծանօթ է որ մեր ակումբներէն հասած մարզիկներ այլ ակումբներու մէջ ալ հանդէս կուգան, ուստի ընդարձակեցինք մեր շարքերը, որպէսզի այդ մարզիկները նոյնպէս ներգրաւենք ծրագիրներուն մէջ։

Ն. Ս.- Ինչպէ՞ս պատրաստուեցաք առաջին խաղերուն։

Հ. Գ.- Միասնական յանձնախումբը կազմելէ ետք որպէս առաջին ատենապետ պաշտօնի կոչեցինք Վարուժան Արսլանեանը։ Պարբերաբար ժողովներ գումարեցինք, նախապատրաստութիւններուն սկսանք։ Այո՛, կամեցողութիւնը կար, բայց կազմակերպչական ու նիւթական խնդիրները պէտք է կարգադրէինք, լուծումներ գտնէինք՝ մեր պատուիրակութեան մասնակցութիւնը ապահովելու համար։ Առանցքային հարցերը Երեւանի մէջ կեցութիւնն ու ճամբորդութեան ծախսերն էին, որովհետեւ այդ շրջանին դէպի Երեւան եւ վերադարձ թռիչքի գումարը կը հասնէր մօտաւորապէս 500 տոլարի։

Այդ տարիներուն Պր. Տիգրան Ալթուն «Արմաւիա» օդային ընկերութեան սեփականատէրերէն մէկն էր։ Ան մեծապէս օգնական հանդիսացաւ մեզի։ Նիւթապէս ալ օժանդակեց, որովհետեւ թէ՛ աժան տոմսակներ ապահովեց, թէ դրամներու գանձումը բաւական ուշ կատարեց, դիւրացնելով մեր աշխատանքը։ Բարերարներու եւ հովանաւորներու զօրակցութեամբ սկսանք պատրաստուիլ։ 1999ի Օգոստոսին մեկնեցանք Երեւան։ Ես մեծ բարեբախտութիւն կը նկատեմ այն իրողութիւնը որ Թուրքիոյ հայ համայնքը առաջին իսկ խաղերու մասնակիցներէն մէկը դարձաւ, հակառակ որ այդ տարիներուն դիւրին գործ մը չէր մեր «արկածախնդրութիւն»ը։

Ն. Ս.- Ծանօ՞թ էք եւ կրնա՞ք պատմել թէ ինչպէ՛ս համահայկական խաղերը գաղափարէն դարձան իրականութիւն, իսկ հիմա, գրեթէ քառորդ դար յետոյ, աւանդական մարզական տօն՝ հազարաւորներու համար։

Հ. Գ.- Այո՛, համակարծիք եմ ձեզի հետ, ես եւս կը խորհիմ որ ընթերցողներուն պէտք է յիշեցնել թէ ո՞վ էր այս գաղափարի ռահվիրան եւ որո՞ւ շնորհիւ է որ ունեցանք այս կարեւոր իրականութիւնը։

Համահայկական խաղերը կը պարտինք յայտնի դիւանագէտ, արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ողբ. Աշոտ Մելիք Շահնազարեանին։ Ան պաշտօնի բերումով աշխատած էր զանազան երկիրներու մէջ, եղած էր Ժընեւի մէջ ՄԱԿի եւրոպական բաժնի Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչ, յետոյ Մեքսիքայի ու Քիւպայի մէջ Հայաստանի դեսպան, նաեւ դիւանագիտական այլ պաշտօններով այցելած էր զանազան երկիրներ։ Հայեր ամէն տեղ էին, բայց կամրջող օղակի մը պէտք կար նորահաս սերունդը համախմբելու համար։ Ի՞նչ ըրաւ ան։ Մարզանքը լաւագոյն ուղին էր, ուստի գաղափարակիցներ գտնելով, մշակեց ծրագիրը, զայն դարձուց իրականութիւն աւանդական այսպիսի լաւ առիթներ պարգեւելով աշխարհասփիւռ հայութեան։

Առաջին խաղերուն մասնակից երկիրներու թիւը 23 էր, ընդհանուր առմամբ 1140ի շուրջ մարզիկներ մասնակցեցան եւ ի՜նչ լաւ որ Իսթանպուլի խումբը եղաւ առաջին ծիծեռնակներէն մէկը։ Մենք 1999ի Օգոստոսի վերջին օրերուն մեկնեցանք Հայաստան եւ մէկ շաբաթ շարունակ տոգորուեցանք մարզական խաղերու ոգիով ու խանդավառութեամբ։

Ըսեմ նաեւ որ Աշոտ Մելիք Շահնազարեան կազմակերպչական շրջանին Իսթանպուլ այցելեց, մէկտեղուեցաւ Սինան Էրտէմի հետ, Իսթանպուլի յանձնախումբի կողմէ հիւրընկալուեցաւ, խօսեցանք, քննարկումներ ունեցանք։ Առաջին անգամ էր որ Իսթանպուլէն հայկական մարզական պատուիրակութիւն մը պաշտօնապէս Հայաստան կ’երթար, ուստի մեր անվտանգութիւնը ապահովելու համար ոստիկանական ուղեկցող ինքնաշարժներ տրամադրուեցան, ուղեցոյցներ տուին մեզի։ Յիշարժան օրեր ապրեցանք այդ մէկ շաբաթը եւ… վերադարձանք անմոռանալի տպաւորութիւններով։

(Շար. 1)

https://www.facebook.com/photo?fbid=175758612150894&set=a.135021036224652

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın