İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՆԱԽԿԻՆ ՄԱՏԱԿԱՐԱՐՆԵՐԸ ԼՈՒՍԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԸՐԻՆ ՀԱՆՐՈՒԹԵԱՆ

Մեր ընթերցողները կը յիշեն որ 25 Մայիսի երեկոյեան, Մխիթարեան վարժարանի նորընտիր Մատակարար Մարմինը հաւաքոյթ մը կազմակերպած էր վարժարանի դահլիճին մէջ, հրապարակային եւ թափանցիկ ձեւով ելմտական տեղեկագիրը պարզելու եւ համայնքի ուշադրութեան յանձնելու նիւթական այն լուրջ խնդիրները, որոնց հետ դէմ յանդիման մնացած էին Մատակարար Մարմնի անդամները։ Ելոյթ ունեցողներ յայտարարած էին որ նիւթական լուրջ տագնապ մը ունէին եւ ստիպուած էին իրաւական լուծումներով ու օրէնքի կարելիութիւններու չափով սրբագրել վնասները։

Շինութեան եւ վարձակալութիւններու հարցով քննադատութիւններ եւ մեղադրանքներ հնչած էին նախկին Մատակարարներու հասցէին։

Շուրջ ամիս մը յետոյ, նախկին վարիչներ Տօքթ. Արման Գամառ, Տիկին Սոնա Մորպոյաճը եւ Պերճ Մէնզիլճիօղլու երէկ այցելեցին մեր խմբագրատուն։

Անոնք պատմեցին որ մեղադրանքները այլեւս շատ ծանրակշիռ բնոյթ ստացած են, արատաւորուած էին իրենց վարկն ու անձնական իրաւունքները, ստիպելով որ հրապարակային ձեւով լուսաբանութիւն կատարեն Մխիթարեան ընտանիքին ու համայնքին։ Հիւրերը շեշտը դրին յատկապէս այն կէտին վրայ, որ նոր Մատակարարները այժմեան իրականութիւններու լոյսին տակ կ’արժեւորեն շինութեան ու յաջորդող զարգացումներու ամբողջ թղթածրարը, մինչդեռ վարձակալութիւնները, շինութեան հետ առնչակից գլխաւոր ձեւակերպութիւնները կատարուած էին համավարակի ամենածանր շրջանին, երբ երկրի մէջ «կեանք»ը կանգ առած էր։

Առանց որեւէ մեկնաբանութեան ամփոփ ձեւով կը հրատարակենք մեզի տրուած բացատրութիւնները, թերթիս սիւնակները բաց պահելով այժմու Մատակարարներու պատասխանին համար։

* Ինչո՞ւ ստիպուեցան սկսիլ շինութեան։

Դպրոցի եկամուտի մօտաւորապէս 85 տոկոսը կը գոյանար վարձքերէն։ Մինչեւ 2007 թուականը վարձքերը կը հակակշռէին ծախսերը, բայց յետագայ տարիներուն գնաճի պայմաններն ու հալչող եկամուտները, աւելի՛ն, միաբանութեան պատկանող հողատարածքները օտարելու ¤իսթիմլաք_ փորձերը անհրաժեշտութիւն դարձուցին նոր շինարարութիւնը։ Հողատարածքին վրայ կարելի էր միայն «ընկերային գօտի» կառուցանել, այսինքն շինարարութեան համար իրաւունք չկար։ Հաղորդակցութեան մէջ մտանք Թուրքիոյ մեծագոյն շինարարական ընկերութիւններու հետ, ճամբայ ելանք «կառուցանել-բանեցնել-փոխանցել» մոտելով։ Երեք տարի չկրցանք որեւէ յառաջընթաց արձանագրել։ Ի վերջոյ համաձայնութեան եկանք «Պէրթուղպէյ» ընկերութեան հետ, որ ծանօթ անուն էր եւ իրականացուցած էր Օրթագիւղի ու Գարակէօզեան վագըֆներու շինարարութիւնները։ Ձեւակերպութիւնները շուրջ երեք տարի տեւեցին։ Ստորագրուած համաձայնագրի լոյսին տակ ընկերութիւնը վճարումներ կատարեց այնքան, որքան կը կազմէր նախկին վարձակալներէն գանձուած գումարը։ Ժամանակի ընթացքին գումարները անբաւարար մնացին եւ ընկերութիւնը վարկեր տուաւ, շինութեան աւարտէն ետք գանձելու պայմանով։ Շինութեան ընկերութեան հետ համաձայնագիրը պատրաստուեցաւ փաստաբանի հսկողութեամբ, համաձայնագիրը ստուգեց այլ փաստաբան մը եւս։ Թղթաբանական բոլոր այս գործողութիւններուն մասին քայլ առ քայլ տեղեակ պահեցինք վարդապետները։ Երբ պայմանագիրը հասաւ իր վերջնական փուլին, պատճէնը յանձնեցինք վարդապետներուն, իսկ ստորագրութիւնը դրինք վարդապետներու եւ անոնց բարձրագոյն իշխանութիւններու հաւանութիւնը ստանալէ ետք։

Օրուայ պահանջներու եւ վարձակալներու պահանջներուն համապատասխան, շինութեան նախագիծը քանի մը անգամ փոփոխուեցաւ այն պայմանով, որ համահունչ ըլլան հիմնական պայմանագրին։

* Ինչպիսի՞ն է բաժնեմասերու տոկոսային յարաբերակցութիւնը։

Շինութեան ընդհանուր մակերեսը առանց «շարքով տուներու» 7300 քառակուսի մեթր է։ Շարքով տուներու մէջ բաժնեմասերը վագըֆ-շինութեան ընկերութիւն՝ 45-55 տոկոս յարաբերակցութեամբ են։ Հալասքարկազի պողոտային վրայ բաժնեմասը դարձեալ նոյն յարաբերակցութեամբ է։ Այս բաժանումներու արդիւնքով վագըֆին մնաց միայն 25 հազար քառակուսի մեթր վարձակալութեան յարմար տարածք, առանց հաշուի առնելով ընդհանուր տարածքները, ընկերային տարածքները եւ կայանատեղիները։ Այսօրուայ միջին արժէքով 140-150 միլիոն տոլարի սահմաններուն մէջ։ Այս թիւը 25 Մայիսի հաւաքոյթի ընթացքին հնչեցուց նաեւ Օննիկ Փէշտիմալճեան։ Վագըֆին պատկանող պարտքը 3.5 միլիոն տոլար է, ներառեալ երկարաժամկէտ պարտքերը։

* Ինչպէ՞ս աւելցան պարտքերը։

Շինութիւնը հասաւ աւարտին, համաձայնագրի լոյսին տակ շինարարական ընկերութիւնը այլեւս վճարումներ չկատարեց։ Մեր պահանջով վճարումները շարունակուեցան պարտքի տեսքով։ Սկսաւ Քովիտ-ի համավարակը, մօտաւորապէս երկու տարի վարձակալ մը չկրցանք գտնել։

* Դրամական աղբիւրներ փնտռեցինք։

Մենք պարտքեր առած ենք Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եւ Ս. Յակոբ Հիւանդանոցի վագըֆներէն՝ դպրոցը շարունակելու եւ լաւ մակարդակի վրայ պահելու համար։ Առեւտուրի կեդրոնին ¤Ա-Վէ-Մէ_ մէջ մեզի պատկանող խանութներու վարձակալութեան համար պայմանագիր ստորագրած ենք «Անքոր» ընկերութեան ¤որու գլուխը կը գտնուին Սայաթ Տէլիճէ եւ Ռոնի Սարիս_ ու կապալառու ընկերութեան հետ։ Նորոգութիւններու եւ ներդրումներու շրջաններուն վճարումներ չեն եղած վագըֆին, վարձքերը տակաւին նոր-նոր սկսած են։ Նոր մատակարարները վեց ամիսէ ի վեր մէկ քառակուսի մեթր իսկ վարձու չեն տուած։ Եթէ արագացնեն վարձակալութիւնները, եկամուտներն ալ կ’աւելնան եւ անոնք չեն վճարեր նաեւ մօտաւորապէս 3000 հազար քառակուսի մեթր դատարկ տարածքի եւ անձնակազմի ծախսերը։

* Պանդոկի վարձակալութեան գործընթացը։

Համավարակի աւարտին սկսանք հանդիպումներ ունենալ յաւակնորդներուն հետ։ Այսօրուայ վարձակալը ընտրուեցաւ 12 թեկնածուներու եւ 3 լաւագոյններու մէջէն։ Մեր հանդիպումներն ու վարձակալութեան պայմանները քննարկուեցան այն շրջանին, երբ պանդոկները գրեթէ պարապ էին, տոլարի փոխարժէքն ալ 8 լիրա էր։ Ներկայիս կարգ մը մարդիկ չափազանց դիւրին կը խօսին։ Մենք միայն չորս պատերը ¤քապա ինշահաթ_ տուած ենք վարձակալին։ Ներդրող ընկերութիւնը աւարտին հասցուցած է ներքին յարդարման եւ մնացեալ բոլոր յաւելեալ շինութիւնները։ Այդ օրուայ թիւերով 10 միլիոն տոլարի ներդրումային արժէք սահմանուեցաւ։ Որպէս արդիւնք ներդրումները գնահատուեցան 12 միլիոն տոլար։ Դպրոցը կանգուն պահելու եւ կապալառու շինութեան ընկերութեան պարտքերու մէկ մասը վճարելու համար նուիրատուութիւն ստացանք։ Խնդրոյ առարկայ ամսական վարձավճարը որ 490 հազար լիրա կը կազմէ, մաքուր գումարն է, պէտք է նկատի ունենալ նաեւ սթօբաժի 25 տոկոսը։ Բացի ատկէ գոյքահարկը ¤էմլաք վէրկիսի_ նոյնպէս կը պատկանի պանդոկի վարձակալին։ Այս տարուայ համար 1.2 միլիոն լիրա կը կազմէ գումարը։ Սեպտեմբերին վարձավճարն ալ պիտի աւելնայ։ Այո՛, տոլարի դիմաց վարձավճարը ցած է, բայց կը հաւատանք որ տարիներու ընթացքին պիտի կայունանայ։ Բոլոր վարձակալները երկարաժամկէտ վարձակալներ են։ Պայմանները կարելի է բարելաւել ի նպաստ վագըֆին։

* Ի՞նչպէս ստորագրուեցաւ պանդոկի վարձակալութեան համաձայնագիրը։

Համավարակէն առաջ հանդիպումներ ունեցանք «Շայա կրուփ» ընկերութեան եւ այլ յաւակնորդներու հետ։ Փաստաբանի կողմէ պատրաստուեցաւ համաձայնագիր մը եւ ուրիշ փաստաբան մըն ալ աչքէ անցուց զայն։ Բացի ատկէ, Գերապայծառի ցանկութեամբ Ս. Յակոբ հիւանդանոցի վագըֆէն Անթուան ¤Թոնի_ Սուլթանօղլուի միջնորդութեամբ գացինք փաստաբան Ֆէհմի Տէմիրին եւ իր կարծիքը լսեցինք համաձայնագրի պայմաններու մասին։ Համաձայնագրի մէկ պատճէնը յանձնեցինք Գերապայծառին, փաստաբան Էօմէր Քանթիքի եւ ելմտական խորհրդատուի մը ¤որու անունը չենք գիտեր_ կարծիքը լսելու համար։ Փաստաբան Ֆէհմի Տէմիրի ու Գերապայծառի վաւերացումը ստանալէ ետք ստորագրեցինք համաձայնագիրը։

* Դրամատուներուն մեր ունեցած պարտքերը։

Պարտք ունէինք Օրթագիւղի վագըֆին։ Համավարակի շրջանին չկրցանք վարձու տալ մեր կալուածները։ Ըսինք որ չենք կրնար վճարել, խնդրեցինք, նոյնիսկ միջնորդներու միջոցաւ մեր վիճակը բացատրեցինք, բայց անոնք նախ նոտարի միջոցաւ նախազգուշացում, յետոյ ալ հարկադիր վճարում պահանջեցին մեզմէ, ստիպելով որ կալուած մը վաճառենք։ Ս. Յակոբ վագըֆը մերժեց պարտք տալ։ Պահանջեց որ պարտքի դիմաց առժամաբար կալուած մը վաճառենք իրենց, պարտքը վճարելէ ետք վերադարձնելու պայմանով։ Ըսին որ փորձագէտի մը արժեւորումով կալուած մը կրնան գնել մեզմէ։ Անոնց կողմէ ղրկուած փորձագէտ մը 6 միլիոն լիրա գնահատեց կալուածը, իսկ այլ ընկերութեան մը փորձագէտը 17 միլիոն լիրա։ Ս. Յակոբի վագըֆը երկու սեփականութիւն պահանջեց նախկին պարտքերու եւ նոր պարտքի դիմաց։ Հանդիպումներն ու սակարկութիւնները շարունակուեցան, բայց անարդիւնք։ Ստիպուեցանք երկարաժամկէտ վարկ ստանալ Օրթագիւղի վագըֆի պարտքը վճարելու համար։ Ճակատագրի բերումով դրամատան փորձագիտական ընկերութիւնը այն նոյն ընկերութիւնն էր, որ ղրկուած էր Ս. Յակոբ վագըֆին կողմէ։ Ս. Յակոբ վագըֆի անունով 6 միլիոն գնահատուած էր սեփականութիւնը, իսկ դրամատան անունով՝ 17 միլիոն լիրա։ Եզրակացութիւններ կը թողունք համայնքին։

* Նոր մատակարարներուն հետ հանդիպումները։

Կարգ մը պայմաններու բերումով խումբ չկազմեցինք եւ թեկնածու չառաջադրուեցանք։ Ընտրութենէն ետք երեք անգամ մէկտեղուեցանք նոր վարիչներուն հետ, երկար զրոյցներ ունեցանք։ Միայն սեղանի շուրջ չմնացինք, նոր կազմին հետ վարձակալներուն ալ այցելեցինք։ Կարգ մը մանրամասնութիւնները գծելով պատմեցինք։ Հակառակ այդ բոլորին, կարծես որեւէ հանդիպում չէր եղած, 23 Փետրուարին ժողովի ներկայանալու համար փաստաբանի մը կողմէ նոտարական նախազգուշացումով հանդիպման հրաւիրուեցանք, աւարտելով փոխանցում-յանձնում շրջանը։

* Բոլորն ալ տեղեակ են պարտքերէն։

Այսօրուայ վարիչները մեզի ծանօթ անձեր են։ Մենք Ս. Յակոբ վագըֆէն պարտք առած շրջանին ելմտական բոլոր վիճակացոյցերը, վճարումներու փաստաթուղթերը յանձնած ենք նոր վարիչներուն։ Մնացեալ բոլոր թղթակցութիւնները նոյնպէս եղած են թափանցիկ ձեւով։ Այժմու վարիչներէն մէկ քանին մասնակցած են մեր նախկին ժողովներուն, Ատենապետ Ռաֆայէլ Ալիք, անդամներէն Արման Պըյըքլը, Արսէն Ռոստոմեան իրենց պաշտօնի բերումով ամէն ինչէն տեղեակ էին։ Տարօրինակ եւ անհասկնալի է որ այժմ անոնք այնպիսի դիրքաւորում մը ունին, կարծես բան մը չէին գիտեր։

Ընտրութեան շրջանին ուրիշ խումբ մըն ալ թեկնածու առաջադրուած էր։ Այժմու վարիչները արգելք եղան նաեւ այդ խումբին եւ 40 տարուայ աւանդութիւնը խախտեցին։

* Վերջին խօսք։

Թաղային խորհուրդները գործադիր մարմիններ են։ Փոխանակ անցեալը մեղադրելու, եկէք խօսինք այն մասին թէ այսօր ի՞նչ կրնանք ընել դպրոցին համար։

https://www.normarmara.com/arsiv2023-1/210623lu.html

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın