İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՄԱՍՆԱՒՈՐ ԶՈՀԱԲԵՐՈՒԹԵԱՆ ՊԵՏԱԿԱՆ ՇՔԱՆՇԱՆԻ ՅԱՆՁՆՈՒՄ ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄԷՋ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 25 Ապրիլ 2023, Երեքշաբթի, Անգարայի Պէշթէփէյի Միլլէթ Մշակոյթի Ժողովի ու Կեդրոնին մէջ մասնակցեցաւ Մասնաւոր Զոհաբերութեան Պետական շքանշանի յանձնումի արարողութեան։

Թուրքիոյ Հանրապետութեան Նախագահ Վսեմ. Ռէճէփ Թայյիպ Էրտօղանի ձեռամբ կատարուած յանձնումի արարողութեան մասնակցեցան նաեւ Թուրքիոյ փոքրամասնական համայնքներու հոգեւոր պետերը։

Մեր Հոգեւոր Պետը առաւօտուն ցամաքի ճամբով մեկնեցաւ Անգարա։ Նորին Ամենապատուութեան հետ էր նաեւ Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։

Հանդիսութեան ընթացքին, Հանրապետութեան Նախագահը իր խօսքին մէջ յայտնեց թէ Թուրքիա ունէր երեք գլխաւոր պետական շքանշաններ։ Վերջերս նոր մը եւս հաստատուեցաւ եւ կոչուեցաւ «Մասնաւոր Զոհաբերութեան Պետական շքանշան»։

Անցեալ 6 Փետրուարին ու յաջորդող օրերուն Քահրամանմարաշի եւ Հաթայի մէջ պատահած աւերիչ երկրաշարժերը մեծ վնասներ պատճառած էին տեղւոյն ժողովուրդին։ Ահա այդ օրերուն եղան անհատներ եւ հաստատութիւններ, որոնք երկրին ու աշխարհին չորս կողմերէն փութացին աղէտեալ ժողովուրդին։

Այս գիծով յիսուն հինգ հազար անհատ եւ կազմակերպութիւններ արժանի դատուեցան պետական նորահաստատ շքանշանին։

Նախագահ էրտօղան բարձր գնահատեց այն բոլոր անհատներն ու կազմակերպութիւնները, որոնք մարդասիրական զգացումներով եւ ինքնաբերաբար եկած ու զանազան ձեւերով օգնութեան ձեռք մեկնած են աղէտի շրջանի ժողովուրդին։ Ան, շնորհակալութիւն յայտնեց իրենց կատարած գործին համար եւ ըսաւ թէ պետութիւնը խորհրդանշական այս շքանշանը կը յանձնէ, սակայն իրենց վարձատրութիւնն է աղէտեալ ժողովուրդի սրտերուն մէջ գրաւած իրենց տեղերը։

Նշենք նաեւ, որ հանդիսութեան մասնակցեցան համայնքային դէմքեր։

Պատրիարք Հայրը նոյն գիշեր վերադարձաւ Աթոռ։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın