İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԽԱՂԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԿՈՄԻՏԷԻ ՆԱԽԱԳԱՀ ԻՇԽԱՆ ԶԱՔԱՐԵԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԵԱՄԲ ՄԸ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼ ԵԿԱԾ Է

Մարզիկ-մարզիկուհիներ, մարզասէրներ՝ այս ամառ երկար սպասուած փառատօն մը կը սպասէ ձեզի

ՄԱՐՄԱՐԱ.- «Մարզանքով՝ միասին» ահաւասիկ ա՛յս է այն կարգախօսը, որով 1999էն ի վեր կը գործէ Համահայկական Խաղերու Համաշխարհային Կոմիտէն (ՀԽՀԿ) եւ անփոխարինելի աշխատանքով եւ նախաձեռնութիւններով իրարու կը մերձեցնէ Հայաստանն ու Սփիւռքը, հայաստանցին, արցախցին ու սփիւռքահայութիւնը։ Վստահաբար 1999ին, երբ առաջին խաղերը կը կազմակերպուէին Հայաստանի մէջ, ո՛չ մէկը կրնար ենթադրել որ տարուէ տարի պիտի ընդլայնէր մասնակից քաղաքներու աշխարհագրութիւնը, խաղերը պիտի դառնային աւանդական, մարզիկ-մարզուհիներ անհամբերութեամբ պիտի սպասէին խաղերուն եւ հայրենիքի մէջ համախմբուելով միասնութեան գաղափարը պիտի ամրապնդէին ամենալաւ ճամբով՝ մարզանքի շնորհիւ։  Բարեբախտաբար, ենթադրութիւնները իրականացան, Համահայկական խաղերը դարձան այն ամուր օղակը, այն հաստատուն կամուրջը որ իրարու միացուց աշխարհի չործ ծագերու հայութիւնը, բոլոր անոնք, որոնց սրտին մէջ մնայուն անկիւն մը կայ՝ հայկականութեան բաբախումներով։ 

1998ին հաստատուած ՀԽՀԿն, իր նախագահով ու աշխարհի զանազան գաղութներէն գործադիր կոմիտէի անդամներով, գնահատելի գործունէութեամբ համակարգեց աշխատանքները եւ յաջողեցաւ ողիմպիականներու շունչ հաղորդել խաղերուն։ 2011էն ի վեր համաշխարհային կոմիտէի Նախագահի պաշտօնը վստահուած է Իշխան Զաքարեանին, որ մինչ այդ ալ, անդամի իր կարգավիճակով ծանօթ էր բոլոր մանրամասնութիւններուն եւ »թրծուած« կազմակերպչական աշխատանքներուն բովին մէջ։ Այժմ 12 տարիներու փորձառութեամբ եւ գաղափարակից գործակիցներու հետ համակարգուած աշխատանքով Պր. Զաքարեան «Միասնութիւն մարզանքով» կարգախօսը իրականութիւն կը դարձնէ համահայկական խաղերու, հայրենիքի մէջ սփիւռքահայ նորահաս սերունդը ժամադրելու միջոցաւ։ Թուրքիոյ համայնքը իր ներկայացուցիչներն ալ ունի ՀԽՀԿի գործադիր կազմէն ներս. Շիշլիի մարզական ակումբի վարչութեան Ատենապետ Ալէն Թէքպըչաք գործադիր կոմիտէի անդամ է, Հայկարամ Գարասու՝ Իսթանպուլի ներկայացուցիչը, Տիգրան Ալթուն՝ Կոմիտէի պատուակալ անդամ։

Գալով մեր համայնքին, իսթանպուլահայ մարզական պատուիրակութիւնը առաջին իսկ խաղերուն ներկայացուց համայնքը, երբ ընդամէնը 17 քաղաք կը մասնակցէր եւ մասնակիցներու թիւը հազիւ 1100ի շուրջ էր, Հայաստանէն ու Սփիւռքէն գրեթէ կէս առ կէս յարաբերակցութեամբ։ Յաջորդող տարիներուն՝ 2001ին, 2003ին, 2007ին, 2011ին, 2015ին  եւս Իսթանպուլի հայկական մարզական պատուիրակութիւնը՝ բազմանդամ կազմով գնաց Հայաստան, ներկայացուց պոլսահայութիւնը եւ իր անունը արձանագրեց խաղերու տարեգրութեան մէջ։ Միայն վերջին խաղերուն, 2019ին, Իսթանպուլահայութիւնը չկրցաւ մասնակցիլ քաղաքական դրդապատճառներով ¤որովհետեւ խաղերու բացումը եւ կարգ մը մրցումները կը կատարուէին Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ եւ տեղին չէր մասնակցութիւնը։ Եւ ուրեմն, իսթանպուլահայ մարզական աշխարհին, ութամեայ «բաժանում»էն ետք յառաջիկայ Օգոստոսին երկշաբաթեայ տօն մը կը սպասէ Հայաստանի մէջ։

Համահայկական 8րդ խաղերը պիտի կայանան 5-19 Օգոստոսին եւ նախապատրաստական աշխատանքներու շրջագծով, ՀԽՀԿի նախագահ Իշխան Զաքարեան պատուիրակութեամբ մը Իսթանպուլ եկածԵ է։ Այցելութիւնը աշխատանքային բնոյթ կը կրէ. հանդիպումներու շարք, Համահայկական 8րդ խաղերու նախապատրաստութիւններու առնչութեամբ լուսաբանութիւններ, համայնքը իրազեկելու համար մամլոյ ասուլիս, թուրք շրջանակներու հետ տեսակցութիւններ, եւլն։ Բաւական յագեցած օրակարգ մը, զոր պատուիրակութիւնը փորձած է »սեղմել« քանի մը օրուայ այցելութեան մէջ եւ առաւելագոյնս ծառայեցնել նպատակին։

Իշխան Զաքարեանին կþընկերանան Վրէժ Շառոյեան, որ Սուրիահայ է, հաստատուած՝ Հայաստանի մէջ եւ փորձառու լրագրողուհի Աննա Վարդանեան, որ երկար տարիներ լրագրողական իր ձիրքերը ներդրած է նաեւ պետական շրջանակներէն ներս, իսկ հիմա համահայկական խաղերու տեղեկատուական համակարգի պատասխանատուն է։

Պատուիրակութիւնը նախընթաց օր այցելեց Պատրիարքարան եւ հանդիպում մը ունեցաւ Պատրիարք Հօր հետ, ¤այս մասին գրուած էր մեր երէկուան թիւին մէջ_ պաշտօնապէս Նորին Ամենապատուութիւնը հրաւիրեց ներկայ գտնուելու համահայկական 8րդ խաղերու բացման հանդիսութեան։ Յարգարժան հիւրերը այցելեցին նաեւ Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցի եւ հայոց վարժարան եւ Ս. Փրկիչ Ազգ. Հիւանդանոց, ուր հանդիպում մը ունեցան Հոգաբարձութեան Ատենապետ, Համահայկական խաղերու հովանաւորներէն Պետրոս Շիրինօղլուի հետ։ Իշխան Զաքարեան շնորհակալութիւն յայտնեց Պր. Շիրինօղլուին, յոյս յայտնելով որ ան 8րդ խաղերու համար եւս ամէն ինչ պիտի ընէ, որպէսզի Իսթանպուլահայ պատուիրակութիւնը խաղերու մասնակցութեան խնդիր մը չունենան, յատկապէս որ արդէն ներկայացուած դիմումներու քանակութենէն յայտնի կը դառնայ որ Թուրքիայէն մեծաթիւ մարզիկներ պիտի մասնակցին խաղերուն։

Ատենապետը խոստացաւ այս անգամ ալ անմասն չմնալ ծախսերը հոգալու հարցին մէջ։ »Որպէս համայնք ամէն ինչ կþընենք եւ պիտի ընենք որ իսթանպուլահայ մարզիկներ ըստ պատշաճի մասնակցին Համահայկական խաղերուն եւ այս կերպով պահեն կապը՝ Հայաստանի հետ«, վստահեցուց Պետրոս Շիրինօղլու։

Երէկուայ այցելութիւններու ծիրէն ներս, յետմիջօրէի ժամերուն Իշխան Զաքարեան ու ընկերակիցները հիւրընկալուեցան Շիշլիի Մարզական ակումբի ընտանիքին կողմէ նաեւ մամլոյ ասուլիս սարքեցին Պոլսահայ մէտիայի ներկայացուցիչներուն։

Ակումբի կեդրոնատեղին շրջելէ ետք Ատենապետ Ալէն Թէքպըչաք եւ վարչութեան անդամները հիւրերուն բացատրութիւններ տուին հարուստ տարեգրութեան, շահուած մրցանակներու եւ անցեալի երախտաշատ պատասխանատուներու մասին։

Յետոյ մարզասրահին մէջ սարքուեցաւ մամլոյ ասուլիսը եւ պատուիրասիրութիւն։ Հարցումներ ուղղեցինք Պր. Իշխան Զաքարեանին եւ սպառիչ պատասխաններով բոլորս լուսաբանուեցանք 8րդ խաղերու մասին։

Նկատի ունենալով որ վերջին քանի մը խաղերուն արդէն 5-6 հազարի կը հասնի մասնակիցներուն թիւը, նաեւ 8րդ խաղերու համար ալ հարիւրաւոր քաղաքներէն դիմումներ ներկայացուած են արդէն, այս ամառ երկշաբաթեայ անմոռանալի օրեր կը սպասեն մասնակիցներուն եւ բոլոր անոնց որոնք Սփիւռքի գաղթօճախներէն պիտի մեկնին Հայաստան եւ պիտի վայելեն այս տօնը։

Կազմակերպիչները ոգի ի բռին կþաշխատին, այցելութիւններ կուտան, սկսած է բացման ու փակման հանդիսութիւններու բեմագրութեան ¤սենարիօ_ աշխատանքը, դիմումները կը քննուին եւ գործադրութեան կը դրուին, կը ճշդուին մարզաձեւերու թիւը, որոնցմէ 17ը հաստատուած են, բայց մեծ հաւանականութեամբ աղջիկներու ֆութպոլն ալ այս տարի պիտի ընդգրկուի մրցումներու ծրագրին մէջ։ Բոլորիս համար անհերքելի իրողութիւն է այն որ համահայկական խաղերը աշխարհի հայերը միաւորելու, նոր ծանօթութիւններ ստեղծելու, եղած կապերը ամրապնդելու լաւագոյն միջոցն են, ըսաւ Իշխան Զաքարեան, հաստատելով որ իրենց ջանքերը կեդրոնացած են այս հրամայականին վրայ։ Վարչապետի աշխատակազմի ղեկավար Արայիկ Յարութիւնեանի գլխաւորութեամբ հաստատուած է կառավարական յանձնախումբ մը, բոլոր Նախարարները տեղեակ են եւ գիտեն իրենց ընելիքները, բացման հանդիսութիւնը պիտի սարքուի երկրորդ մայրաքաղաքի՝ Կիւմրիի »Շիրակ« մազադաշտի վրայ, ջահը վառելու »մարաթոն«ը այս անգամ ալ անակնկալ մը պիտի ըլլայ։ 

Մեր ընթերցողները կը յիշեն որ 2015ին Աղթամարի, 2019ին ալ Անտիոքի մէջ վառուեցաւ ջահը ու տարուեցաւ Հայաստան, այդ կրակով բոցավառուեցաւ խաղերու բացումը խորհրդանշող ջահը։  Երէկուայ ասուլիսի ընթացքին Պր. Իշխան Զաքարեան աւետեց նաեւ որ »Մարալ« երգ ու պարի համոյթը պաշտօնապէս կը հրաւիրուի մասնակցելու բացման հանդիսութեան եւ պարային կատարումով մը փայլ տալու գեղարուեստական յայտագրին։ Միակ ելոյթ մը պիտի չըլլայ ասիկա, նախատեսուած է նաեւ Մարալցիներու համերգը սարքել Երեւանեան բեմի մը վրայ եւ անոր մասնակից դարձնել խաղերու համար Հայաստան ժամանած պատուիրակութիւններու անդամները։

Պր. Իշխան Զաքարեան ուրախութեամբ շեշտեց որ իրենց աշխատանքը լաւագոյնս կը ծառայէ Սփիւռքի հետ կապերը զօրացնելու կարեւոր առաքելութեան, իրենց կողմէ կատարուած վիճակագրութիւնը ցոյց կուտայ որ  մասնակիցներու 85 տոկոսը այս խաղերու շնորհիւ է որ առաջին անգամ հայրենիք այցելած է, Համահայկական խաղերը կը խթանեն զբօսաշրջութեան, տնտեսութեան, Հայաստանը անփոխարինելի ժամադրավայր կը դարձնեն համայն հայութեան համար։

Մասնակիցներու տարիքի սահմանափակում չկայ, առողջ հոգի՝ առողջ մարմնին մէջ կարգախօսի համաձայն, բոլոր փափաքողները կրնան մասնակցիլ խաղերուն։

Իշխան Զաքարեան ու ընկերակիցները երէկ հանդիպում մը ունեցած էին նաեւ Իսթանպուլի նահանգային մարզական տնօրէնին հետ եւ զինքը հրաւիրած էին համահայկական 8րդ խաղերու բացման։ Քաղաքականութիւնը տեղ չունի այս խաղերուն ոգիին մէջ, ընդհակառակը այս խաղերը միաւորող օղակ պիտի դառնան նաեւ Թուրքիոյ համար։ Հայրենակցական միութիւններուն նոյնպէս հրաւէրներ եղած են եւ կազմակերպիչներ կþակնկալեն որ 2015ի նման Թուրքիոյ մարզական պատուիրակութիւնը պիտի ներկայանայ նաեւ այդ կազմով։

Եւ ուրեմն նախապատրաստութիւնները ընթացքի մէջ են, 8 Յունիսին ՀԽՀԿն նիստ մը պիտի գումարէ Երեւանի մէջ վերջնական որոշումները ընդունելու եւ մարզական այս կարեւոր միջոցառումը արժանաւորապէս կազմակերպելու համար։

Յաջողութիւն կը մաղթենք։ Դիտել տանք նաեւ որ ՀԽՀԿն իր պաշտօնական էջերը ունի համացանցի եւ ընկերային մէտիայի Դիմատետր- ցանցի մէջ։ Հարուստ բովանդակութեամբ եւ ամէն ինչի մասին ընդարձակ ու սպառիչ տեղեկութիւններով էջեր են ասոնք, որոնց միջոցաւ կարելի է ծանօթանալ խաղերու տարեգրութեան, կազմակերպչական նորութիւններուն եւ ինչ ինչ տեղեկութիւններու։

Ն. Ս.

https://www.normarmara.com/arsiv2023-1/070423lu.html

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın