İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՊԷՅՕՂԼՈՒԻԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ՃԵՐՄԱԿ ՑԱՆԿԻ ԹԵԿՆԱԾՈՒՆԵՐՈՒ ԱՅՑԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 8 Մարտ 2023, Չորեքշաբթի, ընդունեց Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց Թաղային Խորհուրդի ընտրութեան ճերմակ ցանկի թեկնածուները, գլխաւորութեամմբ Աքսէլ Թօփալեանի։ Ընդունելութեան ներկայ էր նաեւ Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։

Նորին Ամենապատուութիւնը ողջունեց այցելուներու ներկայութիւնը եւ գոհունակութիւն յայտնեց, որ ընտրութեան սեմին այցելած էին իրենց հոգեւոր կեդրոնը, ինչ որ առիթ ընծայած էր թեկնածուները ճանչնալու։

Այցելուներ շնորհակալութիւն յայտնեցին ընդունելութեան համար եւ ծանօթացուցին իրենք զիրենք եւ փափաքեցան հաղորդ դառնալ Նորին Ամենապատուութեան թելադրանքներուն։

Մեր Հոգեւոր Պետը իր հայրական օրհնութիւնը տուաւ թեկնածուներուն, յաջողութիւն մաղթեց ընտրական շրջանի իրենց գործունէութեանց մէջ։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın