İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԻՏԱԼԻՈՅ ՆՈՐ ԱՒԱԳ ՀԻՒՊԱՏՈՍԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 8 Մարտ 2023, Չորեքշաբթի, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Իտալիոյ Ստանպուլի նորանշանակ Աւագ Հիւպատոս Էլէնա Քլեմէնթը։

Յարգելի հիւրը իր նոր պաշտօնի այս օրերուն եկած էր Պատրիարքարան, Հայոց Պատրիարքական Աթոռոյ եւ անոր Սրբազան գահակալին, Հայ համայնքին ու համայնքային կառոյցին ծանօթանալու համար։ Տեսակցութեան ընթացքին Նորին Ամենապատուութենէն ստացաւ Աթոռոյ պատմութեան եւ առաքելութեան մասին ընդհանուր գիտելիքներ։

Պատրիարք Հայրը յատկապէս յիշեցուց թէ՝ Հայ Եկեղեցւոյ կարեւոր կեդրոններէն մին է Պոլսոյ Աթոռը եւ իր սահմաններէն ներս կը ջանայ պատասխանել համայնքի զաւակներուն կրօնական, բարոյական եւ մշակութային պահանջքներուն։ Պատրիարք Հայրը, շնորհակալութիւն յայտնեց յարգելի հիւրին անդրանիկ այս այցելութեան առիթով եւ յաջողութիւն մաղթեց դիւանագիտական իր նոր պաշտօնին մէջ։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın