İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԱՀԱՒՈՐ ԵՐԿՐԱՇԱՐԺԸ ԱՒԵՐ ԳՈՐԾԵՑ

6 Փետրուար 2023, Երկուշաբթի առաւօտ, ժամը 04.00-ի շուրջ Քահրաման Մարաշ կեդրոնով պատահած երկրաշարժը մեծ աւերներ գործեց Թուրքիոյ հարաւ-արեւելեան շրջանի նահանգներէն ներս։ Մանաւանդ պատահած է մարդկային կեանքի կորուստներ կարեւոր թիւով։

Երկրաշարժի պատճառած աւերները բնականաբանր ցաւ յառաջացուցած է Թուրքիոյ տարածքին եւ պետութեան համակարգը անմիջական միջամտութիւններու ձեռնարկած է աւերուած շրջաններէն ներս։

Այս առաւօտ կանուխ ժամերուն Պատրիարքական Աթոռը Պատրիարքական Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւագ Քահանայի եւ Լուսարարապետ Արժ. Տ. Տրդատ Աւագ Քահանայի միջոցաւ կապ հաստատած է այն շրջաններուն հետ, ուր կը գտնուին եկեղեցիներ ու համայնք եւ իրենց փոխանցուած է Նորին Ամենապատուութեան օրհնութիւններն ու ցաւակցութիւնները։

Առաջին առթիւ ստացուած տեղեկութիւնները կը տրուին ստորեւ։ Յառաջիկային ստացուած լուրերը պիտի հաղորդուին։

ՄԱԼԱԹԻԱ.- Համայնքի ընտանիքներէն միոյն բնակարանը փլած ըլլալով մահ պատահած է։

ԷԼԱԶԸՂ.- Քաղաքի մէջ աւերուած են շէնքեր։ Համայնքի անդամները թէեւ վրդոված են, սակայն անձի կորուստ չկայ։

ՏԻՅԱՐՊԱՔԸՐ.- Յովհաննէս Կաֆֆուրէ ստացուած տեղեկութեանց համաձայն Եկեղեցին վնաս չէ կրած։ Քաղաքի մէջ աւերուած են շէնքեր։

ԻՍԿԵՆՏԵՐՈՒՆ.- Արժ. Տ. Աւետիս Քահանայէ ստացուած տեղեկութեանց համաձայն քաղաքի կեդրոնը աւերներ յառաջացած են։ Լատին Կաթոլիկ եկեղեցին հիմնայատակ կործանած է։ Սրբոց Քառասուն Մանկունք Եկեղեցին եւս աւեր կրած է։ Անձի կորուստի մասին որեւէ տեղեկութիւն չկայ։

ՎԱՔԸՖԳԻՒՂ .- Մտահոգիչ պարագայ չկայ։

ՍԸՎԱԶ.- Երկրաշարժը թէեւ զգալի դարձած է, սակայն համայնքի անդամները վրդոված են։ Անձի եւ ինչքի կորուստ չկայ։

ԿԵՍԱՐԻԱ.- Երկրաշարժը զգալի ըլլալով հանդերձ, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցին որեւէ վնաս չէ կրած։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın